Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/417

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Մաթիկեան իր խորին ուրախութիւն կը յայտնէ, որ Պատոփրակութեան Նախագահը իր տեղեկատոտւթեան մէջ դրուատեց մեր կամատրները, որոնք այնքան անձնոփրաբար կռուի մէջ նետուեցան եւ որոնց շատ բան կը պարտինք Հայկական Դատի յաջող լուծման մէջ: Այս պատճառով, կ՚առաջարկէ, որ ժողովը յոտնկայս յարգէ այն բոլոր կամատրներուն յիշատակը, որոնք ինկած են կռուին մէջ:

ժողովականները ոտքի կը կանգնին, Դուրեան Սրբազան աղօթք կ՚ընէ անոնց յիշատակին համար եւ ապա կըսէ.

Ամեն. Դուրեան Սրբազան. Հայ երիտասարդները, որ կռուեցան, ինկան մեգ բարձրացնելու համար՜ այնքան մօտիկ են մեր սրտին, որ ոչ մէկ հռետորական ճառի պէտք կայ անոնց սէրը արծարծելու համար մեր սրտին մէջ: /Յետոյ անդրադառնալով Թորոսեան Հօր զեկուցման կ՚ըսէ/ Ես ալ պարտք կը համարեմ ըսել, որ մեծ չափով կրած եմ Վենետիկի Միաբանութեան սքանչելի հանճարներուն ազդեցութիւնը: Անոնք մեզի բոլորիս լեզուն հայերէնը կը սորվեցնէին, որ մեր մէջ պահեց ազգային զգացումը եւ որ գմեզ դարձուց հայրենասէրներ:

Փառաւոր ըլլան Մխիթարը եւ իր մեծ յաջորդները: Մաղթենք նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ամէն տեղ հիմնուին Վենետիկեան Միաբանութեան դպրոցները: Ապա խօսք կառնէ Պ. Տէրվիշեան, որուն ճառը Պատոփրակութեան գործունէութիւնը քննադատելու միտելուն համար շարունակաբար կընդմիջուի:

Պ. Տէրվիշեան կը յայտարարէ, թէ Հայկական Դատը վտանգի տակ է, եւ զանազան դէպքերով կը ջանայ իր այս տպատրութիւնը բաժնել տալ ժողովին, հրաւիրելով Պատուիրակութիւնը աչալուրջ ըլլալ թիւրքերու էնթրիկներուն դէմ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

ՀԱԱ, ֆ. Պ-430, ց. 1, գ. 26, թթ. 1-4: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 19-րդ

17 Մարտ 1919.

ժողովը բացուեցաւ ժամը 4½-ին, Վսեմ. Գ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ 26 ժողովականներու ներկայությամբ:

Օրակարգ.
Ա.- Զեկոյց Բրօֆ. Խաչատուրեանի
Բ.- Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովի առաջարկը

Բրօֆ. Խաչատուրեան խօսք առնելով նկարագրեց վերջին կոտորածներու, Միջագետք եւ այլուր ցրուած հայ փախստականներու եւ տեղահանեալներու կացութիւնը, իբր ականատես շատ մը շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ ժողովին:

Պ. Չօպանեան. Բրօֆ. Խաչատուրեանի տուած տեղեկութիւններէն կը հետեւի, որ վեց նահանգներու մէջ գրեթէ ժողովուրդ չկայ հիմա, ուրեմն դիմում ընենք գրաւելու համար:

Պ. Տամատեան. Պ. Չօպանեանի յայտնած միտքերուն հակառակ չեմ, կացութիւնը օրէ օր կը փոխուի, շատ ալ լաւատես չ՛ըլլանք: Զինադադարէն ասդին կացութիւնը փոխուած է, թիւրքերը գաղթականներով կը լեցընեն այժմ մեր երկիրը, կը կրկնեմ Պ. Չօպանեանին առաջարկը:

Բրօֆ. Խաչատուրեան. Քիւրտերը պատերազմի միջոցին փոխադրուեցան երկաթուդիներու գիծերուն վրայ: Թիւրք կառավարութիւնը աշխատցուց զանոնք: ժողովուրդ մը տեղէ մը ուրիշ տեղ փոխադրելու ատեն ընդհանրապէս կորուստներ կ ունենայ: Մանաւանդ, որ քիւրտերը կոտորակուած են փոփոխութեանց, հիւանդոլթեանց, համաճարակի եւ կլիմայական պատճառաւ: