Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/418

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Հինդլեան. Կուզէի գիտնալ, թէ գրաւման հարցի մասին Տիրէքթիւներու Յանծնաժողովը պիտի բերէ՞ հոս իր աշխատանքը, թէ՞ ոչ, մենք պէտք է գիտնանք, թէ ի՜նչ թիւ ունին թշնամի տարրերը Հայաստանի մէջ: Հակառակ պարագային, ստիպուած եմ հարցնել Պ. Վ. Փափազեանին, թէ գրաւման հարցի մասին Յանծնաժողովը որոշ աշխատանք մը կատարա՞ծ է արդեօք:

Պ. Չօպանեան. Յանձնաժողովի կողմէ ըսեմ, որ տիրէքթիւներու մէջ գրաւման հարցը գոյութիւն ունի արդէն:

Պ. Գ. Յակոբեան. Գրաւման հարցը կարեւոր է եւ արդէն այդ ուղղութեամբ դիմում եղած է պետութեանց մօտ Վսեմ. Պօղոս Փաշայի եւ Պ. Ահարոնեանի կողմէ:

Պ. Խաչատուրեան. Շատ հարցեր կը փնտրենք, որոնց մասին որոշ տեղեկութիւններ չունինք: Պատուիրակութեան եւ մեր մէջ կապ չիկայ, կատարուած դիմումներում պէտք է տեղեկանանք: Կ՚առաջարկեմ, որ Պատուիրակութիւնը երբեմն տեղեկութիւններ տար մեզի:

Պ. Հինդլեան. Նախ Յանծնաժողովը իր տեղեկագիրը թող բերէ մեզի, որպէսզի կարենանք արտայայտուիլ: Գրաւման հարցին մասին վիճաբանիլը աւելորդ կը նկատեմ: Կուզէի որ Համագումարի դիրքը ճշդուի եւ ժամավաճառ չըլլանք:

Պ. Տամատեան. Թիւրիմացութեան մէջ կը գտնուի Պ. Հինդլեան, Կիլիկիայէն եկած անապահովութեան վրդովիչ լուրերէն վերջ, ուրախ եմ վերջապէս, որ թէեւ ուշ այդ դիմումը եղած է:

Պ. Մաթիկեան. Յոյսերնիս օտարներու վրայ դնելու չենք, մեր սեփական ոյժերու վրայ ապափնինք, ամէնէն առաջ մենք պէտք է ճանչնանք մեր կառավարութիւնը:

Պ. Վարանդեան. Այդ դիմումը թէեւ պիտի կատարուէր, բայց կատարուած չէ տակաւին:

Պ. Տամատեան. Ցաւ կը յայտնեմ դիմումը կատարուած չըլլալուն համար:

Պ. Խաչատուրեան. Միջագետք եւ Եգիպտոս ոյժեր ունինք եւ կրնանք մենք իսկ գրաւել մեր երկիրը առանց օտարներէն օգնութիւն սպասելու, պայմանով, որ անոնց տրոփն զէնք եւ պաշար:

(Պ. Ֆնտգլեան հեռագիր մը կարդաց այս միջոցին թարգմանութիւնը Բրօֆ. Խաչատուրեանի տեղեկագրութեան մաս կազմող ծրագրի մը Սիրաքուզայի հայ կամաւորներուն խնդրին վերաբերեալ):

Պ. Նախագահ, ժողովը կը յիշէ, որ վերջերս Սիւրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ պատահած դէպքերուն առթիւ որոշուած էր, որ դիմում ըլլայ տէրութեանց մօտ յիշատակելով մեր զգացած ցաւը պատահած դէպքերուն համար, եւ խնդրելով, որ միջոցներ ծեռք առնուին: Տեղեկագիրը պատրաստուեր եւ ժամադրութիւն ուզուեր է: Բայց ամերիկացիք նախագահ Ուիլսընի վերադարծին առթիւ խնդիրը փութացնելով խորհուրդ տոլին, որ այս մասին պաշտօնական դիմումներ չըլլան, նկատել տալով Պատուիրակութեան, որ այդպիսի դիմում մը դիւանագիտական պիտի չըլլար այս միջոցին: Այս մասին Վսեմ. Պօղոս Փաշան եւ Պ. Ահարոնեան համակարծիք են, որ այդ դիմումը չկատարուի:

Պ. Չօպանեան. Հակառակ դիմումը պաշտօնապէս կատարուած չըլլալուն, կը կարծեմ, որ մեր կողմէն այդպիսի դիմում մը ընելու առաջարկն արդէն իր ազդեցութիւնը ունեցած է:

Պ. Տամատեան. Արդեօք կրնա՞նք այդպէս հասկնալ, որ հակառակ պաշտօնական դիմում չըլլալուն, նորէն միջոցներ ձեռք պիտի առնուին ապահովութեան տեսակէտով:

Պ. Բարսեղեան. (Դիւանին հարցնելով) Գրաւման մասին խօսք կա՞ր այդ դիմումին մէջ:

Պ. Նախագահը կը պատասխանէ այո՛: