Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/419

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Բարսեղեան շարունակելով. Պատուիրակութիւնը պատրաստ էր նախապէս տրուած որոշումը գործադրել, եւ եթէ չէ գործադրած պէտք էր ժողովին բացատրութիւն տար այդ մասին:

Պ. Հինդլեան. Այս ժողովը վեհապետական իրաւունքներ ունի: Միանգամ ընգ միշտ պէտք է հասկցուի, որ Պատուիրակութիւնը պարտաւոր է գալ այստեղ եւ բացատրութիւններ տալ, հակառակ պարագային աւելորդ է Համագումարին գոյութիւնը:

Պ. Միքայէլեան. Աւելորդ է եւ ժամավաճառութիւն է իրաւասութեան եւ փոխյարաբերութեան հարց ստեղծել այստեղ:

Պ. Հինդլեան. Կը պնդեմ իմ առաջարկիս վրայ:

Պ. Գ. Յակոբեան. Կ՚առաջարկեմ քուէի դնել Պ. Հինդլեանին առաջարկը: Մեր ագգ. շահերը չեն ներեր, որ ամէն խնդիր այստեղ բերենք:

ժամը 8½-ը ըլլալով, ժողովը վերջացնելու որոշում տրուեցաւ:

ՀԱՄ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 27, թթ. 1-4: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 20-րդ

18 Մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Գ. Նորատունկեանի նախագահութեամբ եւ 28 ժողովականներհւ ներկայութեամբ:

Նախքան օրակարգի անցնիլը Պ. Նախագահը տեղեկութիւն կու տայ Պոնտոսի խնդրին առթիւ: Այս առտու յունաց լօքում թէնէնս Պատրիարքը այցելութիւն տուած ըլլալով Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշայի, ի մէջ այլոց ըսած է, թէ յոյները չեն ուզեր հայերուն դրօշակին տակ մտնել, յոյները կակնկալեն, որ Իզմիրի, Պոլիսի եւ այլնի հայերը հանդէպ յոյներուն նպաստաւոր դիրք մը բռնեն: Ասոր համար մեր մեմորանտումին մէջ Տրապիգոնի նահանգին կէսէն աւելին ուզած ենք, ուր 3-4 հարիւր հագար յոյները չեն ուզեր հայերուն դրօշակին տակ ըլլալ եւ առանձին ինքնավար կագմակերպութիւն մը կուզեն ունենալ, որուն համար նոյնիսկ իրենց կարգ մը հրոսախումբերն ասդին-անդին սկսած են գործել: Միւս կողմէ Պոնտոսէն ներկայացուցիչներ եկած են եւ կ՛ուզեն բանակցիլ մեզի հետ: Ուղղակի ինծի ալ դիմած են իրենց խնդրոյն միջնորդը ըլլալու իբր յունաց վաղեմի բարեկամ: Ես ցոյց տուի իրենց ծրագրին դժուարութիւնները եւ անկարելիութիւնը, առարկելով, որ Տրապիգոնի նահանգին ¾ բնակչութիւնը իսլամ է եւ իրենք հազիւ ¼-ը կը կազմեն, որով ըստ ուիլսոնեան սկզբանց այդ երկիրը չը կրնար տրուիլ յունաց: Աւելի լաւ է յարմարութեան գալ հայոց հետ ու չխառնել խնդիրը: Իրենք առաջարկեցին փոխադարձաբար 5-ական հոգի ընտրել ու բանակցութեան մտնալ:

Պ. Թէրզիպաշեան իբրեւ տեղեկութիւն կըսէ, որ Տրապիգոնի նահանգին մէջ մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար բնակչութիւն կայ, եւ հարց կու տայ, թէ յոյները ի՞նչ գետնի վրայ կ՛ուզեն տանիլ բանակցութիւնները: Նախագահ. Դեռ իրենք ալ որոշ չեն արտայայտուիր. յանձնարարեցի, որ թուղթի վրայ գրեն իրենց մտածումը:

Պ. Չօպանեան իր յոյն խմբագիր Լամպետեսի հետ ունեցած տեսակցութիւնը կը պարզէ, ուրկէ կիմացուի, որ անոնք մեզի դէմ ցոյցեր իսկ ընելու տրամադրութիւններ ունին մեզ էմբեռիալիսթ եւայլն հռչակելով: Պ. Լամպետես այն կարծիքէն եղած է, որ պէտք է անուշութեամբ համոզել եւ հասկցնել այդ մարգոց, որ հայերն իրենց բոլոր իրաւունքները պիտի յարգեն իբրեւ ինքնավար ցեղ եւ այլն:


Լօքում թէնէնս - բառացիորեն նշանակում է տեղապահ: Ծանոթ.կազմ.: