Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/420

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Օրակարգ. Տիրէքթիւներ

Տիրէքթիւները մշակող Յանձնախումբին տեղեկաբեր Պ. Չօպանեան կը կարդայ իրենց աշխատութխնը: Կորոշոփ մէկիկ-մէկիկ կարդալ յօդուածները եւ անցընել մեծամասնութեամբ: Բայց քննութիւնը կը յետաձգուի որպէսզի տպուի եւ ամէն ժողովական իր ձեռք ունենայ հատ մը:

Պ. Յակոբեան եւ Քէլէկեան առողջական պատճառներով մեկներ են, ու ստիպուած ըլլալով ժողովը կ՛ընդունի, որ անոնք իրենց քուէները յանձնեն Ամեն. Դուրեան Սրբազանին, նոր Պատուիրակութիւն ընտրելու համար որոշուած յատուկ եղանակով մը պահարաններու մէջ ձգելով իրենց ձայները:

Պ. Տամատեան կառաջարկէ, որ Համագումարն իր նիստերէն մէկուն մէջ նկատի առնէ ընդհանուր ազգային համերաշխութխնը անխախտ պահելու խնդիրը եւ այդ մասին կարգադրութիւն մը ընէ:

Պ. Քէլէկեան Խան կ՚առաջարկէ, որ հողեր գնուին Հայաստանի մէջ եւ ձրի բաժնուին ժողովուրդին, որպէսզի տարագիրները հրապուրուին եւ Երկիր դառնան:

Պ. Նախագահը կըսէ, որ ժողովոյ օրակարգը տիրէքթիւներոլ խնդիրն է միայն:

ժողովը վերջացաւ ժամը 8-ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 27, թթ. 5-6: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 21-րդ

19 Մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Գ. Նորատունկեանի նախագահութեամբ եւ 30 ժողովականներու ներկայութեամբ:

Օրակարգ. Ելեւմտից Յանձնաժողովին բերած աշխատութեան ընթերցումը

Օրակարգին անցնելէ առաջ, Նախագահը տեղեկութխններ կու տայ իրենց ըրած մէկ դիմումին առթխ: Այս առաւօտ ժողովին Նախագահը, Հայկական Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Նախագահը, Ամենապատիւ Դուրեան Սրբազան եւ Ազգային Պատուիրակութեան Նախագահը այցելութիւն մը տոփն ֆրանսական արտաքին գործոց նախարար Պ. Բիշոնին, որ իրենց ներկայացուցած խնդիրներուն հանդէպ համակրութեամբ կը վերաբերի: Դիմումին գլխաւոր շարժառիթը, որ Ստանայի մէջ տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերն էին, ինքնին փակուած կը նկատուի այն երկու նամակներով, որ Պատուիրակութեան Նախագահը ստացած է ֆրանսական կառավարութեան կողմէ եւ որոնք կը յայտնեն, թէ ալ խռովութիւնները վերջ գտած են եւ կարգ-կանոն հաստատուած ըլլալով, կարելի է ապահով ըլլալ, որ ուրիշ անգամ այսպիսի բաներ ալ չպիտի պատահին: Բաւարար բացատրութիւն կը տրոփ նաեւ այն խնդրոյն մասին, թէ ինչո՞ւ Ալճերիոյ մէջ գտնուած զինուորները աւելի շատ դրամ կը ստանան, քան թէ Ստանայի ֆրանսական հայ կամաւորները: Իբր երրորդ խնդիր, Բիշոնի այցելուները շատ կը ծանրանան Կովկասի այժմեան ճգնաժամային վիճակին վրայ, պարտաւորման հնարաւորութիւն մը ստեղծելու համար: Բիշոն կը պատասխանէ, որ այն կողմերը այդ խնդիրներով գլխաւորաբար անգլիացիք է, որ կը զբաղին, հետեւաբար անոնց է, որ աւելի պիտի դիմոփ, իսկ ինք իր ձեռքէն եկածը պիտի ընէ, որուն համար նօթ մը կը խնդրէ, յայտնող այս խնդրին առթիւ մեր պահանջները: Նախագահը կը յայտնէ նաեւ, որ անգփական ինչպէս ամերիկեան կառավարութեանց կողմէ այս մասին միջոցներ ձեռք առնուած են, որոնց ղրկած պարէնը դեռ տեղը չէ հասած: Նախագահը կը խնդրէ Պատոփրակութենէն, որ այս խնդիրը միշտ իր զբաղման առարկայ ընէ եւ ո՛չ մէկ րոպէ անտեսոփ այդ խնդիրը: