Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/421

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Փափազեան կառաջարկէ, որ նոյն այդ կազմով դիմում կատարուի անգլիական եւ ամերիկեան կառավարութեանց ներկայացուցիչներուն մօտ:

Պ. Ահարոնեան կը յայտնէ, որ արդէն իրենք մտադիր են այդ դիմումն ընելու: Վսեմ. Մեծապատիւ Նուպար Փաշա կը տեղեկացնէ, որ վաղն ինք ժամադրութիւն մը ունի գեներալ Ալլէնպիի հետ, որ պիտի կարոդանայ, կը յուսայ, բաւական գործերը դիւրացնել, այնպէս որ կառաջարկէ ինք, այդ դիմումներուն մասին մտածել, իր ունենալիք տեսակցութենէն յետոյ, կը յայտնէ նաեւ որ իրենք ունկնդրութիւն խնդրած են արդէն յիշեալ կառավարութիւններէն, սակայն դեռ պատասխան չեն ստացած, դարծեալ կարելի է նոր դիմում մը ընել,- կաւելցնէ:

Պ. Տէր-Ստեփանեանի տեսակցութիւնը Լէօն Պուրժուային հետ

Այսօր Ligue des Nations-ի Յանձնախումբին մէջ Ֆրանսան ներկայացնող Պ. Leon Bourgeois-ի հետ տեսակցութիւն մը ունեցայ, որուն մասին օգտակար կը նկատեմ ժողովին տեղեկութիւն տալ, թէեւ ըսեմ այս որպէսզի թիւրիմացութիւն չ՚ըլլայ անոր ներկայացած էի իբր պարզ անհատ. Luzzatti-ի յայտարարութեամբ եւ նամակով: Իմ հարցումիս, թէ ինչպէ՞ս պէտք է մեկնել Ligue des Nations|i statut եւ mandat etc- սիսթէմիՕ վերաբերող 19-խԴ յօդուածը, պատասխանեց, որ այդ յօդուածը Conseil des Dix ինքն իսկ պատրաստած եւ յանձնած է Յանձնախումբին, որ հագիւ կարողացեր է տեսքի բարեփոխում մը ներմուծել: Հայաստանը բնաւ չի կրնար շվտթուիլ Ափրիկէի ցեղերուն հետ, ան nation majeure մ՚է, ունենալով ինչպէս սուրիացիները, մերինին բարձրութեան հասնող քաղաքակրթոլթիւն մը:

Աս բացատրութենէն իմ տպաւորութիւնս եղաւ, որ Յանծախումբին ներմուծած բարեփոխումը կը վերաբերի mandat-ի ենթակայ ագգերու երեք դասակարգի բաժանումին: Յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ նոր բարեփոխում մը ընել: Ըստ իրեն mandataire պետութեան դերը նուազացում պէտք չէ նշանակէ: Հայաստանի ներքին անկախութեան տպաւորութիւն ունեցայ, ուրեմն, որ իր մաղթած բարեփոխումներն այդ նկարագիրն ունէին: Խօսեցայ Հայաստանի ցեղային խնդրին մասին, բացատրելով, թէ ինչպէս Հայաստանի ցեղային խառնուրդն արդիւնքն իսկ է Հայաստանի գլխաւորապէս այս վերջին յիսուն տարիներում կրած ճնշումիս եւ թէ ինչպէս այդ արդիւնքին վրայ կարելի չէ հիմնել պատճառին դարմանումը: Հարցուցի յետոյ, թէ ինչպէ՞ս պիտի նկատէր ինք վաղուան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հայ եւ թիւրք բնակչութեան փոխանակութիւնը, ըսելով, որ այդ երկու ցեղերուն միասին ապրելուն դէմ կայ ֆիզիկական եւ բարոյական անկարելիութիւն մը, մէկը միւսին դահիճը ըլլալով: Պ. Bourgeois պատասխանեց, որ թէեւ անմիջապէս վերջնական պատասխան մը, բնականաբար, իրեն կարելի չէր տալ, սակայն փոխանակութիւնն իրեն կը թուէր, առաջին քննութեամբ, ամէնէն տրամաբանական եւ գործնական միջոցը: Ըսաւ, որ ինք կուգէ զբաղիլ այդ խնդրով ու խնդրեց ինձմէ, որ իրեն note մը ներկայացնեմ ցեղային հարցին այդօրինակ լուծումիս մասին, փափաք յայտնելով, որ կրկին տեսնուինք այդ խնդրին մասին խորհրդակցելու համար:

Համագումարին կը մնայ որոշել, թէ այս աշխատութիւնը ինչպէ՞ս յառաջ տարուի. իմ կողմէ անհատապէս լւսւագոյն է, որ ան Պատուիրակութեան յանձնուի:

Պ. Վարանդեան դիտել կու տայ, թէ 3 այլ մարդիկ դիմում ըրած են տեսնուելու համար Leon Bourgeois-ի հետ. ասիկա կրնայ ձանձրացնել այդ զբաղուած մարդերը. կառաջարկէ խորհրդակցաբար ընել այդ տեսակցութիւնները:

Տոքթ. Օհանջանեանը ոչ մէկ անպաւոեհութիւն կը տեսնայ շատ մը հայերու մէկ բարձր անձնաւորութեան մը հետ տեսակցելուն մէջ: Միայն թէ մեր հարցի շուրջ հակասական մտքեր չյայտնելու համար լաւ է, որ իրենց խօսելիքին վրայ նախ իրենք խորհրդակցին: