Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/422

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Թէրզիպաշեան կ՚ուզէ վնասուց հատուցման խնդրոյն մասին իր մէկ պատրաստած ծրագրի յաւելուածական մասը ժողովի կարծիքին ենթարկել: ժողովը կը մերժէ լսել, առաջարկելով, որ նման աշխատանքներ Յանձնաժողովին կողմէն գան:

Ելեւմտից Յանձնաժողովին կողմէ Պ. Տէրպէտէրեան կը կարդայ իրենց աշխատանքին արդիւնքը, եւ կը յայտնէ միանգամայն, թէ Պատուիրակութեան բռնած 4 տարուան տոմարները կատարեալ վիճակի մէջ գտնուած են եւ կարդաց Յանձնախումբին բերած ելեւմտացոյցի քննութեան տեղեկագիրը:

Պ. Տէրվիշեան կը գտնայ, որ նշանակուած գումարները բոլորովին անբաւական են այդ հսկայական պահանջներում գոհացում տալու համար եւ կառաջարկէ, որ Վսեմ. Պօղոս Փաշաին եւ միւս նախագահներուն կողմէ հեռագիրներ տրուին ամէն կողմ դրամ ժողուելու համար, եւ կը յայտնէ, որ ինք բոլորովին վստահ է, որ շատ աւելի մեծ գումարներ կարելի պիտի ըլլայ ձեռք ձգել: Կառաջարկէ նաեւ, զինուորական եւ վերականգման ծախսերը բաժնելով դիմում մը ըլլայ Ուիլսոնին միայն վերաշինութեան համար օգնութիւն խնդրելու: Պ. Տէրվիշեան վստահ է նոյնպէս, որ Ուիլսոն երբ Պելճիքայի վերաշինութեան համար 10 միլիոն տոլար տուած է, նոյնքան մըն ալ մեզի պիտի տայ:

Պ. Ահարոնեան կը գտնայ, որ ներքին կամ արտաքին վտխառութիւնները երբեւէ պիտի ըլլան, բայց այժմ աշխատանքի կարօտ են եւ դժոււսր: Հայը դեռ շատ դրամ ունի իր ծոցը եւ այս գերագոյն րոպէին իւրաքանչիւր մարդ բռնադատուած է իր գերագոյն չավտվը օգնելու: Եւ այդ օգնութիւնը հանելը այս ժողովին գործն է, որ շատ բան կրնայ կատարել: Պ. Ահարոնեան ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս հարուստները թերացած են իրենց պարտականութեան մէջ եւ ինչպէ՞ս հասարակ ժողովուրդն իր կարողութենէն շատ աւելիովը կատարած է իր պարտքը, ցոյց կու տայ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս Կովկասի մէջ բարոյական եւ նոյնիսկ բռնի հարկադրութիւններով, ահագին գումար հանած են հարուստներէն: Արդ, կառաջարկէ փոխառութիւններէ առաջ, օտարներէն ուզելէ առաջ, որպէսզի անոնց քով երես ունենանք, այս ժողովը կոչեր ընելով, մարդիկ ղրկելով գաղութները, բարոյական բռնադատութիւններով սկսիլ մեծ հանգանականութիւն մը: Պ. Ահարոնեան վստահ է, որ այս ժողովը հսկայական գումար պիտի կարողանայ ձեռք ձգել որոշելով, որ իւրաքանչիւր համայնք այսքան գումար պիտի վճարէ իբր ազգային տուրք, ո չ թէ փոխառութիւն եւ թէ այդ համայնքին կը մնայ բարոյական միջոցներով կամ ինչպէս որ կ՛ուզեն իրականացնել ժողովին կողմէ նշանակուած գումարը:

Պ. Ֆնտգլեան համակիր է Պ. Ահարոնեանին եւ կը մերժէ տոկոսով դրամ փոխ ուզելու սիսթէմը եւ թէ ինքը այս մտքով տարակարծիք եղած է Յանձնաժողովին մեծամասնութեան հետ, ցոյց տալով, որ հարուստները կարծուածին չափ անտարբեր չեն, թէ անոնցմէ կարելի է ահագին գումարներ առնել եթէ հանգանակութիւնը մրցակցութեան եւ պատուոյ խնդիր դարձուի: Իւրաքանչիւր հայ գաղութի պէտք է առ այս պատգամաւորներ ղրկել, որ պէտք եղած եռանդն արծածեն:

Պ. Միքայէլեան նոյն միտքը կը յայտնէ, որ Ամերիկա ալ միշտ բանուորութիւնն է որ իր պարտքը կատարած է, թէ այնտեղի հարուստները չեն ուզած ազգային մարմիններուն տալ իրենց օգնութիւնը: Պ. Միքայէլեան ցոյց տալով, որ ինչ մեծ հարստութիւն կայ Ամերիկայի հայութեան մէջ, ինքն ալ կ՚առաջարկէ մեծ կոչեր ուղղել, այս Համագումարին, Ազգային Պատուիրակութեան եւ Կովկասի Հանրապետութեան կողմէ եւ ամէն բարոյական միջոցներու դիմել հարուստներուն իրենց պարտքը կատարել տալու համար: Այսպէս կարելի է անոնց սպառնալ, որ Հայաստանի մտնելու ժամանակ սահմանագլուխին վրայ իրենց պարտքը չվճարած թոյլ չպիտի տրուի ներս մտնալ եւ Հայաստանի քաղաքացիական իրաւունք վայելել:

Պ. Օհանջանեան. Այս ժողովը ինք պիտի սկսի զոհաբերութեան օրինակ տալ: Այն ցոյց կու տայ, թէ Յանձնաժողովին կազմած պիւտճէն շատ խղճուկ պիւտճէ մըն է, բարեգործական ընկերութեան յատուկ: Մինչդեռ մենք կը գտնուինք փոխանցման