Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/423

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շրջանի մը մէջ ազգութենէ դէպի պետութխնը, հետեւաբար մեր կատարած գործն ալ պէտք է այս փոխանցման շրջանին համապատասխան ըլլայ եւ մեր պիւտճէն ձգտի դէպի պետական պիւտճէի համեմատութիւնները: Ցոյց կու տայ իբր օրինակ առողջապահական խնդրոյն մասին եղած ծրագրին վերին աստիճանի անբաւարար եւ խեղճ ըլլալը եւ կառաջարկէ որոշել վճարել իւրաքանչիւր հայու իր ունեցած կարողութեան որոշ սակը: Իսկ իբրեւ միջոց կառաջարկէ նոյն բարոյական պարտականութիւնները եւ հակառակ է Պ. Միքայէլեանի առաջարկին յանձնել սահմանին վրայ հարուստներուն պարտքը, որովհետեւ ասիկա կրնայ պատճառ մը ըլլալ ներգաղթը նուազեցնելու Եւ ատոր տեղ կ՚առաջարկէ գրաւել Հայաստանի մէջ հարուստներուն ունեցած կալուածքը:

Պ. Չօպանեան կառաջարկէ ուրեմն ճոխացնել Յանձնաժողովը եւ քանի մը օր եւս տալ անոր, որ այս հողին վրայ կատարէ իր աշխատանքները, եւ վստահ, որ այս ժողովին, Կովկասի պատուիրակներու եւ Վսեմ. Պօղոս Նուպարի կողմէ կատարուած հանդիսաւոր կոչ մը հայութենէն ահագին գումար պիտի հանէ:

Պ. Մաթիկեան կը կարծէ, որ հեռագիրները եւ կոչերը միայն բաւական չեն եւ կ՚առաջարկէ երկու բան նախ ճանչնալ հայկական միացեալ կառավարութիւնը եւ հռչակէլ ու անոր անունով՝ ազատութեան փոխառութեան տոմսեր հանել եւ, յետոյ սիրուած ազգային դէմքեր ղրկել, որ իրենք իսկ գլուխը կենան հանգանակութեան: Այսպիսով Պ. Մաթիկեան վստահ է, որ 25 միլիոնը միայն Ամերիկայէն կ՚ելլէ:

Պ. Թէրզիպաշեան կը գտնայ, որ Յանձնաժողովը լաւ կատարած է իր պարտքը, որովհետեւ այդ միայն յանձնարարուած էր իրեն, իսկ ինք հակառակ է այժմէն իսկ բարոյական ճնշումի միջոցներու գործադրութեան, որովհետեւ դիտել կու տայ մենք դեռ մեր պարտքը բաւական չենք կատարած սովորական միջոցներով հարուստներէն դրամ առնելու համար: Կառաջարկէ նախ ուշադրութիւն դարձնել հարուստներէն դրամ առնելու համար բրոբականտի, անոնց փառասիրութիւնը շոյելու միջոցներուն:

Պ. Փաստրմաճեան ծախսերը քանի մը մասի կը բաժնէ. այն, որ Պատուիրակութիւնը պիտի ընէ անոր համար 25 միլիոնը բաւական է, իսկ մնացեալ մեծ գործերը պէտք է միացեալ կառավարութեան հռչակումէն յետոյ ընել, եւ, այդ պարագային, վստահ որ Ուիլսոն շատ սիրով վերաշինութեան համար մեծ գումար նուէր կու տայ, նկատի առնելով անտէրութիւնը, որ ես տեսայ Կովկասի հայ կամաւորներուն զէնք ղրկելու համար դրամ հայթայթել ուզած ատենս: Ներքին փոխառութիւններն ալ պէտք է կատարել միացեալ կառավարութենէն յետոյ, եւ գգացմանց խնդիրներու անունով, օրինակ որբերու եւ այլնի, եւ շատ չնչին տոկոսով:

Տոքթ. Սայեան ալ այն կարծիքին է, որ ներքին փոխառութիւնը պէտք է Հայկական միացեալ կառավարութեան հռչակումէն յետոյ ընել, իսկ անմիջական ծախսերու համար պէտք է Պատուիրակութիւնը դիմէ ժողովուրդին եւ անիկա միշտ իր պարտքը կատարած է, պիտի կատարէ մեծ վստահութիւն ունենալով Պատուիրակութեան վրայ: Հարուստներուն համար նոյն բարոյական միջոցները կառաջարկէ, իսկ արտաքին փոխառութիւնը պէտք է ընել, կըսէ, Կովկասի Հանրապետության անունով եւ ամերիկեան կառավարութենէն: Ատիկա պատճառ մը կըլլայ միեւնոյն ատեն, որ ասիսթանսի խնդրոյն մօտենանք: Պ. Չօպանեան, որ 10 րոպէէ ի վեր Պ. Նորատունկեանի գործով մեկնած ըլլալուն ինք կը կառավարէր նիստը, կ ամփոփէ բոլորը, ըսելով որ ժողովականները բոլորն ալ համաձայն են ընդհանուր սկզբունքին վրայ: Արդ, կորոշէ հին Յանձնաժողովին վրայ աւելցնել նաեւ Պ. Պ. Փաստրմաճեան, Մաթիկեան որպէսզի Պ. Պ. Ահարոնեանի եւ Օհանջանեանի հետ խորհրդակցաբար խնդիրը այս հողին վրայ մշակեն եւ բերեն ժողովին:

Նիստը ժամը 8 ½-ին վերջացաւ:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 27, թթ. 7-12: Ձեռագիր: Բնագիր: