Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/424

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 22-րդ

20 Մարտ 1919.

Օրակարգ. Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին բերած ծրագրին վիճաբանութիւնը

Նիստը բացուեցաւ Բրօֆ. Ա. Տէր-Յակոբեանի նախագահութեամբ եւ 20 անդամներու ներկայութեամբ: Ամենապատիւ Դուրեան Սրբազան տեղեկութիւն տուաւ իր, Վսեմ. Նորատունկեանի եւ Պօղոս Փաշայի նոյն օրն իսկ Լորտ Հարտինկի հետ ունեցած տեսակցոլթեան մասին: Մեր պատուիրակներն անգլիական կառավարութեան ներկայացուցիչին պարզած են Ստանայի եւ Տիարպէքիրի մէջ կաաարուած դէպքերը, Կովկասի սովաբեկ վիճակը եւ պարէնի պահանջներ ներկայացուցած են: Լորտ Հարտինկ պատասխանած է, որ ամէն ինչ պիտի կարգադրոփ, միայն թէ ժամանակի կարօտ է: Կարծիք կը յայտնոփ, որ Պ. Բիշոնի տրուելիք նօթերը տրոփն նաեւ անգլիական եւ ամերիկեան կառավարութեանց: Բրօֆ. Խաչատուրեան կ՚առաջարկէ այդ գիրին մէջ աւելցնել նաեւ հայ երիտասարդներու կամաւոր դառնալու համար դիւրութիւն տալու եւ արդէն իսկ անգլիացւոց ձեռքին տակ մարզուած հայ զօրքերու ընկերակցութեամբ ժողովուրդին տէր դառնալու խնդիրները: Պ. Օհանջանեան կառաջարկէ նաեւ աւելցնել թրքական կառավարութեան Հայաստանէ հեռացման, իսկ Տոքթ. Սայեան քանի մը գլխաւոր դաշտերու մէջ ցանքսի դիւրութեան խնդիրները: Պ. Ֆնտգլեան կը տեղեկացնէ ժողովին Միս Ռապինսոնէն հասած նամակի մը պարունակութիւնը, որմէ կը հասկցուի, թէ անգլիական կառավարութեան կողմէ ուղղակի արգելք դրուած է Կովկաս դրամ ղրկելու դէմ, իբրեւ թշնամիէն գրաւուած երկիր, եւ կ՚առաջարկէ դիմումներով վերջ տալ այս կացութեան եւ կամ գոնէ կարգադրել, որ անգլիական կառավարութիւնը ինքը ղրկէ դրամը, քանի որ զանազան տեղերէ այնքան մարդիկ կան, որ դրամ ղրկել կ՛ուզեն: Պ. Չօպանեան շատ մեծ կարետրութիւն կու տայ այս խնդրին եւ կը պահանջէ որ նօթիսի մէջ անպատճառ յիշուի նաեւ այս խնդիրը, զայն նկատելով թէ քաղաքական եւ թէ տնտեսական տեսակէտներով անմիջական անհրաժեշտութիւն ունեցող գործ մը:

Պ. Տամատեան ժողովին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն կէտին վրայ, որ Պատուիրակութիւնը պատասխան ստացած է իր այն գիրին, որով տեսակցութիւն մը խնդրուած էր անգլիական եւ ամերիկեան կառավարութիւններէն, մինչդեռ ասկէ շաբաթ մը առաջ մեզի կ՚ըսուէր, որ այդ կառավարութիւնները անպաշտօնօրէն տեղեկանալով տեսակցոլթեան պատճառներում բարեկամաբար խորհուրդ տուած էին չտալ մեր տալիք նօթը եւ հիմա իրենք է, որ կուզեն այդ նօթը: Ասիկա, կըսէ, հակասութիւն մըն է, զոր չեմ հասկնար, կերեւի բաներ մը կան, որոնք յարմար չնկատուիր մեզի ըսել: Ես ուրիշ կէտի մը շուրջ իմ խորին ցաւս պիտի յայտնեմ որ Հայկական Դատի այսօրուայ վարիչները նոյն հին ստրկական լեզուն կը գործածեն օտար կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, մեր այնքան զոհերէն եւ զոհողութիւններէն վերջ: Կառաջարկէ, որ գոնէ այս նօթիսը աւելի արի եւ ուժեղ լեզուով գրուի:

Դրամ ղրկելու արգելքի մասին ուրիշներ ալ կը խօսին եւ յոյս կը յայտնեն, որ մաննատր դիմումով մը կարելի պիտի ըլլայ այդ խնդիրը կարգադրել:

Պ. Փափազեան կառաջարկէ երկու նօթիս պատրաստել, որոնցմէ մէկուն մէջ միայն գործնական միջոցներ առաջարկոփն պարենաւորման եւ այլն խնդիրներու մասին, իսկ միւսը աւելի խնամքով պատրաստուած, մեր պահանջները պարունակէ: Պ. Չօպանեան եւս այն կարծիքին է, որ Կովկասի մէջ տիրող սովի խնդիրը պէտք է առանձին հարց մընել, որու համար ինք առաջարկած է Պատ. Նախագահին անմիջապէս տեսակցիլ Պ. Ուիլսոնին հետ: Պ. Չօպանեան այդ մասին իր պատրաստած մէկ փոքրիկ էքսբոզէն ուր բացատրուած են Կովկասի վիճակը, վրացոց պոյքոթը հայերուն դէմ, դրամ ղրկելու արգելքն ու դարմանները կը կարդայ ժողովին,