Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/425

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

աւելցնելով, որ յետոյ expose-ն Պատ. Նախագահին պիտի յանձնոփ, որպէսզի անկէ օգտուի իր տալիք նօթին մէջ:

Աղաթօն Պէյ կառաջարկէ գործնական միջոցներում մէջ աոաջարկել նաեւ, որ Քուպանի ցորենները Կովկաս փոխադրելու մասին միջոցներ գործադրուին:

Տոքթ. Սայեան կը յիշէ, որ կաոավարութիւններու անպաշտօնօրէն տրուած նօթը ժողովը չէ տեսած եւ կառաջակէ շատ բաներ չուզել, որովհետեւ մեզի չպիտի լսեն, իսկ եթէ պիտի լսեն, դրամի փոխադրութեան միջոցներու նման ճղճիմ բաներ չէ, որ պիտի պահանջենք, այլ դրամը, հացն է, որ պիտի ուզենք երկիրը սովէ փրկելու համար, երկիրն է, հողն է, որ կուզենք ժողովուրդը բնակեցնելու եւ գալ տարուայ համար ցանք սկսելու համար: Իսկ այժմ, կըսէ Տոքթ. Սայեան, աւելի լաւ է անցնինք օրակարգին լսելով Պատոփրակութեան, որ մեր վարած կռիւը իրաւունք կու տայ մեգի աւելի լաւ պայքար մղելու քաղաքական հողի վրայ:

Պ. Ահարոնեան սխալ կը գտնայ Պ. Տամատեանի այն ըսածը, որ ժողովէն կարգ մը բաներ կը պահուին: Ընդհակառակը, կաւելցնէ, շատ բաներ կան, որ դուք գիտէք եւ ես չեմ գիտեր: Կը յայտնէ նաեւ, որ Պ. Բիշոնի հետ իրենց ունեցած տեսակցութենէն յետոյ, արդէն ինք նօթիս մը պատրաստած է, որ շուտով կը տրուի եւ պէտք եղած հետապնդումն ալ կը կատաոոփ, այնպէս, որ ժողովը ասով զբաղուելու պէտք չունի եւ աւելի լաւ է օրակարգի անցնիլ:

Տոքթ. Տէր-Ստեփանեան. Այս բոլոր պէտքերը այնքան աչք ծակող են, որ Պատոփրակութիւնը եթէ կրնայ բան մը ընել, առանց մեր թելադրութիւններուն ալ կրնայ կատարել: Բայց ես մէկ բան կ՚ուզէի ըսել, սա որ մեր շարունակուող մարտիրոսագրութիւնը վերջերս երբեք արձագանգ չի գտներ մամուլին մէջ, այնպէս որ թերթերու մէջ եթէ ազդու կոչ մը հրատարակել տանք, թերեա Պատոփրակութիւնը հանրային կարծիքին վրայ հիմնուելով աւելի լաւ կարողանայ ընել իր պահանջները:

Պ. Նախագահը կը փակէ այս խնդիրը օգտակար նկատելով խօսուածները, որոնք պիտի յայտնուին Պատոփրակութեան:

Պ. Տամատեան իրեն լալ ծանօթ հայ կամաւորի մը կողմէ Կիլիկիայէն գրուած նամակ մը կը կարդայ, որ կը յայտնէ Դաշնակից պետութեան մը կողմէ բռնուած թշնամական վերաբերումը հայերում հանդէպ, եւ կը յուզէ սա գլխաւոր խնդիրը, թէ կ՚ուգոփ Հայկական Լեգէոնը ցրուել եւ նոր պայմաններով նոր արձանագրութիւններ կատարել: Նամակագիրը կառաջարկէ, որ այդ արձանագրութիւններու պայմանները կա՛մ Պատոփրակութեան կողմէ ընդունուած ըլլան եւ կա՛մ չփոփոխուի Հայկական Լեգէոնը: Այս նամակը Երեւան կը բերէ հին որոշում մը, որու համեմատ Պատոփրակութեան կողմէ Կիլիկիա ներկայացուցիչ մը ղրկելու անհրաժեշտութիւնը ընդունուած էր:

Մասեհեան Խան իբր բացատրութիւն կ՚ըսէ, որ Տոքթ. Նեւրուզ հիւանդացած է եւ չի կրնար երթալ եւ ուրիշ յարմար անձնաւորութիւն մը կը փնտրուի: Այդ պաշտօնին համար կ՚առաջարկոփ Համագումարի անդամներէն դուրսն ալ մարդ փնտրել: Միւս կողմէ կը շեշտուի այն միտքը, թէ այնտեղ կաոավարութիւններու ներկայացուցիչներու բռնած դիրքը բացարձակապէս կախուած է պետութեանց մեզի հանդէպ տրամադրոլթիւններէն, այնպէս որ ով որ ալ ղրկուի մեծ բան չպիտի կրնայ ընել, ինչպէս որ արդէն հոն մէկ քանի գործիչներ եղած են եւ ստիպուած են հեռանալ տեղեկացնելով այդ մասին Պատոփրակութեան: Արդ, Դաշնակից պետութեանց տրամադրութիւնները փոխել անհնարին է, քանի որ շահերն են, որ հակամարտ են հիմա,- կը շեշտէ գլխատրաբար Պ. Վարանդեան: Կը «մնայ յոյսերնիս դնել Խաղաղութեան Վեհաժողովին վրայ եւ մինչեւ այդ (անընթեռնելի) անցնիլ եւ ղրկել անմիջապէս կարեւոր ոյժեր որոնք տեղեկացնեն անցած դարձածը եւ ժողովուրդին տէր դառնան: Կը յայտնոփ նաեւ այն միտքը,- գլխատրաբար Պ. Հինդլեանն է,- որ ւսսոնք բոլորն ալ երկրորդական միջոցներ են եւ բոլորն ալ կախուած են մէկ խնդիրէ,