Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/426

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այն է փութացնել եւ իրագործել երկրին գրաւումը, որով միայն կարելի է ամէն ինչ ընել:

Ապա ժորլովը կ՛անցնի օրակարգի եւ կը սկսի մէկիկ-մէկիկ կարդացուիլ տիրէքթիւները մշակող Յանձնախումբին բերած ծրագրին յօդուածները, որոնք, քուէւսրկուելէ յետոյ, ժողովէն ընտրուած Պատուիրակութեան համար պարտատրիչ պիտի նկատուին: Մեծամասնութեամբ կ՚ընդունուի Ա. յօդուածի Ա. հատուածը (միացեալ Հայաստանի կառավարութեան ստեղծումը): Բ. հատուածը շատ կարեւոր խնդիր մը շօշափելուն ժողովը երկար ատեն կանգ կ՚առնէ վրան եւ անոր շուրջ հետեւեալ երեք գլխաւոր միտքերը կը յայտնուին եւ առաջարկները կ՛ըլլան. Ա. նկատելով, որ չափազանց կարեւոր է այդտեղ շօշափուած խնդիրը պէտք է ժողովը ինքն իսկ որոշէ անոր գործադրութեան եղանակները եւ այդ պատճառով պէտք է բոլորովին հանել տիրէքթիւներու միջէն նոյն հատուածը եւ յատուկ նիստ մը յատկացնել այդ խնդիրը քննելու համար: Բ. կառաջարկուի, որ ո՛չ միայն ժողովը գործադրութեան եղանակները ինքը որոշէ, այլեւ սկսի ինքն իսկ գործադրել զանոնք շարունակութիւնը յանձնելով Պատուիրակութեան: Գ.-րդ խնդիրը յանձնել Յանձնաժողովի մը, որ Կովկասի պատգամաւորներու կարծիքն ու համաձայնութիւնը առնելէ յետոյ բերէ ժողովին վերջնական ծրագիր մը: Պ. Չօպանեան, իբրեւ Յանձնաժողովի տեղեկաբեր, կը յայտնէ, թէ այս խնդիրը արդարեւ չափազանց կարեւոր ըլլալով, ինքն ալ համաձայն է, որ միեւնոյն Յանձնաժողովը մշակէ խնդիրը եւ իր եզրակացութիւնը բերէ ժողովին: Այս առիթով հինգ բանաձեւեր կ՚առաջարկուին, որոնցմէ Պ. Փափազեանի բերած հետեւեալ բանաձեւը կընդունուի մեծամասնութիւնով.

«Համագումարը լսելով Ա. յօդուածի Բ. հատուածը, այդ առթիւ Հայաստանի միակ կառավարութեան անմիջական կազմակերպութիւնը համարելով իր գլխաւոր նպատակներէն մէկը, կը յանձնարարէ յատուկ յանձնաժողովի մը պատրաստել հրահանգներ ժամ առաջ անոր իրականացումը առաջ բերելու համար, որով երկրորդ հատուածին քննութիւնը կը վերապահէ յանձնախումբին տեղեկատուութենէն վերջ»:

Կորոշուի նաեւ, որ այդ աշխատանքը կատարէ նոյն Յանձնաժողովը, որուն տրուի իր վրայ մէկ քանի նոր անդամներ աւելցնելու իրաւունքը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 ½-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 27, թթ. 13-18: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 23-րդ

21 Մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Գ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ եւ 32 անդամներու ներկայութեամբ:

Օրակարգ. Տիրէքթիւներու վաւերացման շարունակութիւնը

Օրակարգի անցնելէ առաջ Նախագահը ժողովին կը տեղեկացնէ, որ Պոնտոսի յոյն ազգաբնակչութեան ներկայացուցիչները ուզած են բանակցութեան մտնալ հայերուն հետ Տրապիզոնի նահանգի մասին եւ Պատուիրակութեան Նախագահը կը փափաքի ժողովին կարծիքը ու որոշումն ունենալ այս մասին: Այդ, Պոնտոսի ներկայացուցիչները արդէն 5 հոգի ընտրած են բանակցելու համար:

Տոքթ. Օհանջանեան իբրեւ բացատրութիւն, կըսէ, որ այդ մարդոցմէ երկուքը տեսակցութիւն մը ունեցած են Հայ Հանրապետության պատուիրակներուն հետ եւ չափազանց խիստ ու պահանջկոտ ոճով խօսած են անոնց հետ: Վէնիզէլոսին ոչ մէկ իրաւունք կը ճանչնան իրենց մասին խօսելու եւ բացարձակ անկախութիւն կ՛ուզեն ըսելով, որ Տրապիզոնի նահանգին մէջ աւելի շատ յոյն կայ, քան թէ հայ ամբողջ