Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/427

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայաստանի մէջ, եւ որպէսզի հայերը ծովի վրայ ելք ունենան, առաջարկած են Տրապիզոնը ազատ նավահանգիստ դարձնել եւ Ռիզէ ու Աթենա նաւահանգիստներն ալ հայերուն:[1] Երթեք չեն ուզած թաւականանալ ներքին ինքնավարութեամբ եւ այդ պարագային սպառնացած են ըսելով «Les fusils partiront tout seuls»: Կըսուի, որ այդ մարդիկը աչքերնին ամէն ինչ առած են, եւ, հակառակ պարագային, պիտի սկսին հայերուն գործել զանոնք էմբերիալիսթ եւայլն հռչակելով:

ժողովը, յետ խորհրդակցութեան, կորոշէ, որ հինգ անդամներ Պ. Պ. Չօպանեան, Խաչատուրեան, Փաստրմաճեան, Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան եւ Թէրզիպաշեան, լոկ բարեկամական տեսակցութիւն մը ունենան նշանակեալ պոնտացիներու հետ առանց սակայն պաշտօնական հանգամանք մը տալու այդ հանդիպումիս:

Պ. Խաչատուրեան կըսէ, թէ Ասորական խնդիրն ալ կը նմանի Պոնտականին, ինք տեսնուած է զարգացած ասորիի մը Տոքթ. Եուսուֆի հետ, որ կ՚ուգէ Ասորական Դատը պաշտպանել միանալով հայերուն ապահովելու համար ներքին ազգային ինքնավարութիւն մը ասուրիներուն համար:

Ապա Պ. Հանըմեան կը կարդայ Ազգային Պատուիրակութեան Եգիպտոսի Ազգային Միութենէն ստաված կարգ մը տեղեկագրերն Իսկենտերունի եւ Հալէպի մէջ պատահած դէպքերուն մասին:

Պ. Չօպանեան նորէն կը պնդէ, որ անմիջապէս մարդ ղրկուի հոն եւ կամ առնուագն Պոլիս գրուի խորհուրդ տալու համար, որ գէթ այնտեղէն ներկայացուցիչ մը ղրկեն որոշ հրահանգներով: Յետոյ ամէն կողմ մեծ աղմուկ բարձրացնելու է այս խնդիրներուն շուրջ, ֆրանսերէնի թարգմանելու է գլխաւոր մասերը այդ տեղեկագիրներուն եւ ֆրանսական մամուլին մէջ հրատարակել տալու է: Ի վերջոյ Պ. Չօպանեան կ՚առաջարկէ փութացնել Համագումարին աշխատանքները, որպէսզի ունենանք վերջապէս մեր իսկական Պատուիրակութիւնը, որ գլուխ կանգնի գործերուն:

Պ. Աղաթօն Պէյ կը տեղեկացնէ էմիր Ֆէյսալի այս առթիւ տուած հեռագիրներու մասին եւ ինքն ալ կառաջարկէ նախ մարդ ղրկել Հալէպ, ապա որոշ հատուածներ առնել այս տեղեկատուութիւններէն եւ ղրկել Դաշնակից կառավարութեանց:

Պ. Ֆնտգլեան կը զգուշացնէ ժողովը էմիր Ֆէյսալի կեղծ ազատամտութենէն, կը յայտնէ Ֆէյսալի մեծամիտ արտայայտութիւնները եւ որեւէ եւրոպական լուծ օգնական կամ պաշտպան պետութիւն իբր տէր չհանդուրժելու հասարակ մտայնութիւնը, եւ ասկէ յետոյ, կըսէ, արաբ եւ թիւրք մահմեդական տարրերը մեր դէմը պիտի միանան:

Պ. Դաւիթ-Բէկ հարց կու տայ, թէ ի՞նչ միջոց պէտք է ձեռք առնել «Մահմետական Եղբայրակցութիւն» անունով միութեան. դէմ. Իթթիհատէն կը հրահանգուի ամէն տեղ եւ որը բուն իսկ կազմակերպողն է այս շարժումներուն:

Տոքթ. Սայեան կառաջարկէ բողոքի ձայն հանել այստեղէն ել խնդիրը արմատէն լուծելու համար աշխատիլ երկրի գրաւման:

Պ. Նախագահը կը յայտնէ, որ Պ. Պ. Բիշոն, Ալլենպի, Լորտ Հարտինկ եւ ուրիշներ մեզ վստահեցուցած են, որ ասկէ յետոյ նման դէպքեր ալ չպիտի պատահին:

ժողովը կանցնի օրակարգին, քննութեան ենթարկելով Տիրէքթիւներու 3-րդ հաւոուածը:

Պ. Թէրզիպաշեան աւելորդ կը համարէ զայն ըսելով, որ արդէն անիկա Յիշատակագրին մէջ յիշուած է, բայց Պ. Չօպանեան կը պատասխանէ, որ հոն միայն բաղձանքի ձեւին տակ է, իսկ հոս իբր տիրէքթիւ է, որ կը տրուի Պատուիրակութեան:

Պ. Հինդլեան կ՚ըսէ, թէ այս բաղձանքը անգործադրելի դարձուցած է Համագումարը, քանի որ օգնական պետութեան մը սկզբունքը քուէարկած է:

  1. Տեքստում այդպես է: Օանոթ.կազմ.: