Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/428

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մեծամասնութեամբ կը քուէւսրկոփ 3-րդ հատուածը: Կընդունուի նաեւ նպատակներու Ա. յօդուածը:

Բ.-ին մասին այն կարծիքները կը յայտնուին, որ այն կրնայ վնասել վար ու ցանքի, վերաշինութեան եւ այլն գործերու պակսեցնելով երիտասարդ աշխատող ձեռքերը, բայց միեւնոյն ժամանակ, ապագային համար ալ չափազանց անհրաժեշտ կը նկատուի Հայկական Բանակը եւ կընդունուի Բ. յօդուածը:

Իսկ Գ. յօդուածին շուրջ ոմանք այն կարծիքը կը յայտնեն, թէ 1895 եւ աւելի հին թուականներ եւ այլն յիշելու չէ, միայն պատերազմի ընթացքին իսլամացածներու խօսքը ընելու է: Բայց, ասոր կ՚առարկուի, որ Հայաստան ցեղեր կան, որոնք մահմետականներ դարձած հայեր են, շատ չնչին տարբերութիւն ունենալով հայկական բարքերէ եւ սովորութխններէ եւ որոնց համար գրուած է յօդուածին այդ մասը: Կառաջարկուի նաեւ, թէ այդպիսի ցեղերու քրիստոնէութեան վերադարձը հայկական պետութեան գործն է, ո՛չ թէ Պատուիրակութեան: Խմբագրական փոփոխութեամբ մը կընդունուի Գ. յօդուածը:

Յետոյ կընդունուին Դ. Ե. Զ. եւ է. յօդուածները որոնցմէ վերջինին Տոքթ. Սայեան ամբողջովին հակառակ կը յայւոարարէ ինքզինք:

Ը. յօդուածը բոլորովին աւելորդ կը գտնեն Պ. Պ. Մասեհեան Խան եւ Միքայէլեան, իսկ Պ. Տամատեան կըսէ, որ վնաս մը չկայ այդ յօդուածը մնալէն եւ դրուելուն պատճառը այն է, որ նկատուած է, թէ Պատուիրակութիւնը մինչեւ հիմա պէտք եղածին չափ սերտ յարաբերութիւն չէ մշակած, հետեւաբար ասկէ յետոյ պիտի աւելի սերտ յարաբերութեան մէջ ըլլայ: Պ. Փափազեան եւս կառաջարկէ, որ մնայ այդ յօդուածը, առարկելով, որ ընդհանրապէս այդ օտար յարաբերութիւնները հիմնուած են արտաքին համակրութեան եւ արտաքին պատճառներու վրայ: Կ՚ընդունուի Ը. յօդուածն ալ: Կ՚ընդունուի նաեւ Թ. յօդուածը աւելցնելով «ասուրի եւ այլ» մասը: Կընդունոփն նաեւ ժ., ԺԱ., ԺԲ., ԺԳ. յօդուածները:

Նիստը կը փակուի ժամը 7 ½- ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 27, թթ. 19-23: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 24-րդ

22 Մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ ժամը 5%-ին, Վսեմ. Գ. Նորատունկեանի նախագահութեւսմբ եւ 29 անդամներու ներկայութեամբ:

Օրակարգ.

Ա. Նոր Պատոփրակութեան տրուելիք տիրէքթիւներուն վաւերացումը

Կը կարդացուի 14-րդ յօդուածը: Պ. Թէրզիպաշեան կառաջարկէ փոխել այդ յօդուածը, որովհետեւ անգամ մը ասիսթանսը ընդունած ենք, ասիսթան պետութխնը իր որոշ դերը եւ իրաւունքներ ունի խնամակալուած տէրութեան վրայ: Պ. Թէրզիպաշեան իր միտքը լաւ բացատրելու համար երկու այդպիսի տէրութեանց յարաբերութիւններու մասին, անչափահաս տղու մը առաջնորդելու օրինակ կը բերէ չափահաս մարդու մը կողմէ: Մինչդեռ, կ՚աւելցնէ, Յանձնաժողովին մշակած յօդուածին մէջ անոր (ասիսթան պետութեան) պարզ ժանտարմերիի դերը տրուած է, որ առանց հայերու թոյլտոտւթեան ոչինչ ընելու իրաւունք պիտի ունենայ:

Պ. Հինդլեան գրեթէ նոյն միտքը կը շեշտէ, ըսելով, որ ասիսթանսը ընդունիլը արդէն որոշ կապանք է մեր բացարձակ անկախութեան, իսկ հիմա Տանձնաժողովը անոր իրաւունքները կը սահմանափակէ: Պ. Հինդլեան եւս ինքզինքը լաւ արտայայտելու համար, կըսէ որ Յանձնաժողովը ասիսթան պետութեան միայն նպաստողի դերը տուած է, որն ամէն ինչ պիտի տայ, առանց ոչինչ ստանալու: Հիմա