Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/429

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այդպիսի պետութիւն ես չեմ ճանչնար: Կառաջարկէ հիմնապէս փոխել այդ յօդուածը արտայայտելով պարզ եւ որոշ կերպով, ինչպէս իր առաջարկած հետեւեալ բանաձեւին մէջ.

«Յօդուած 14-րդ. Հայ Ազգ. Պատուիրակութիւնը չպիտի կրնայ ոչ մէկ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ ուրիշ հայ ազգը եւ Հայաստանը պարտաւորող յանձնարարութիւն ստանձնել հանդէպ ասիսթան մանտաթէր պետութեան այս իրատւնքը պատկանելով միայն ազգ. սահմանադիր ժողովին»:

Բրօֆ. Թումայեան կ՚առաջարկէ կարգ մը բաոերոլ քով, աւելի որոշ ըլլալու համար, ֆրանսերէն դնելը, եւ ասիսթան պետութեան ու միւս կառավարութեանց հետ յարաբերութիւն պահելու խնդրին մասին կը հարցնէ. «Եթէ Պատուիրակութիւնը իրաւունք չունենայ ասիսթան պետութեան հետ յարաբերոլթեան մտնելու, հապա ո՞վ պիտի կատարէ այդ դերը»:

Պ. Փափազեան Յանձնաժողովին կողմէ աս միտքը կը յայտնէ, որ մէմորանտումին մէջ մեր պահանջները առաւելագոյն չափով ներկայացնելու մէթոտին հետեւած ենք, բայց սկիզբէն արդէն խնամակալ պետութեան մեր կողմէ իրաւունքներ տրուիլը արդէն զմեզ շղթայել ըսել է, քանի որ մենք մեր քաղաքական պահանջները առաւելագոյն չափով արտսյյայտած ենք: Հոս ալ հետեւողական ըլլալու համար մեր պահանջները առաւելագոյն չափով դրած ենք, որուն իրականացմանը պիտի ձգտի Պատուիրակութիւնը եւ որոշ պիտի կարողանանք ապահովել մեր քաղաքական անկախութիւնը:

Տոքթ. Տէր-Ստեփանեան թէեւ համոզուած է, որ «Ligue des Nationsw-ը միայնականօրէն պիտի կարենայ գոյութիւն ունենալ, հետեւաբար եւ ասիսթանսը պիտի ըլլայ սիսթէմ մը, լուծ մը, որ մեր վրայ պիտի դրուի, բայց եւ այնպէս կը քուէարկէ այս յօդուածը, որպէսզի մեր բացարձակ անկախութեան ձգտումը հաստատուի:

Պ. Տամատեան դիտել տալէ յետոյ, որ մեր երկիրը բազմացեղ ժողովուրդ մը ունի, ուր հայերը չափազանց նուազած են, ըսաւ, թէ խառնացեղ վարչութիւն մը ստեղծել Հայաստանի մէջ վտանգաւոր է մեզի համար, որ կը փափաքինք բացարձակ անկախութեան հասնիլ մեր երկրին մէջ: Երկիրը Հայաստան պիտի ըլլայ եւ միւսները հայկական քաղաքացի ըլլալու արժանանալէ յետոյ պիտի վայելեն քաղաքական այդ իրատւնքները:

Պ. Ֆնտգլեան կուզէ, որ հոս որոշակի յայտարարուի, թէ հայ ազգը մաժէօր ազգ է ու չէ այն ժողովուրդներու կարգին մէջ, որոնք անկարող են ինքզինքնին կառավարելու ինչ որ ֆրանսական մամուլը կը կրկնէ: Եւ այնպէս ընել, որ Ligue des Nations-ը պարտք դնէ մանտաթէր պետութեան վրայ ամէն կերպով հայկական զօրեղ պետութիւն մը շուտով իրականացնելու նպաստել:

Պ. Փաստրմաճեան համաձայն է Պ. Տամատեանին, բայց այս ձեւը կառաջարկէ. «Հայաստանը վերակազմել իրապէս հայկական պետութեամբ»: Կառաջարկէ նաեւ, որ ժողովը որոշէ աւելի ճիշտ բանաձեւ մը, թէ որն է ժողովին փափաքած մանտաթէր պետութիւնը:

Պ. Թէրզիպաշեան. «Հայկական բացարձակ անկախութիւն» եթէ ըսենք մեր ամբողջ բաղձանքները կը բովանդակէ, որով կը զոհացուին մեր իրատւնքները: Կ՚առաջարկէ հիմնական կարեւորութիւն տալ հայերէնը պաշտօնական լեզու ընդունիլ տալու հարցին:

Պ. Չօպանեան կառաջարկէ, որ եղածին պէս քուէարկուի յօդուածը, որովհետեւ ասով Յանձնաժողովը նպատակ չէ ունեցեր ասիսթանսի մասին եղածը փոխելու, այլ մեր հասկացողութիւնը թելադրելու Պատոփրակութեան այս խնդիրներու մասին, եւ պահանջմանց առաւելագոյն չափով: Միլս կողմէ անփափկանկատ եւ ոչ օգտակար կը գտնայ մանտաթէր պետութեան ճշդումը: