Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/430

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Թէքէեան կը կարդայ իր մէկ բանաձեւը, որ կրնայ գոհացում տալ բոլոր փափաքներուն:

Պ. Համբարձումեան կառաջարկէ եղածը քուէարկել, որովհետեւ Թէքէեանին բանաձեւը ընդհանրացումներով տկարացուցած է բուն միտքը, իսկ «Հայաստանը հայերուն»ի սկզբունքը ամէն տեղ արտայայտուած է: Պատճառ մը չի տեսներ նմանապէս, այս ներքին մէկ տօքիւմանին մէջ մանտաթէր պետութեան անունը չճշդելու:

Պ. Փափազեան անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ ասիկա «դիւանագիտական արարք» չէ եւ պէւոք չէ աղօտացնել, սքօղել Պատուիրակութեան տրուած հրահանգները, որոնք պարզ եւ որոշ կերպով պէտք է ըսուած ըլլան:

Պ. Բարսեղեան կը գտնայ, որ հրահանգը որքան մանրամասն տրուի այնքան լաւ է: Սխալ է նաեւ Պ. Թէրզիպաշեանի օրինակը անչափահաս տղու եւ չափահաս մարդու յարաբերութիւնը նմանցնել խնամակալ պետութեան եւ մեր յարաբերութեանը: Ընդհակառակը, ասիկա կարելի է նմանցնել կարող հարուստ մարդու մը, որուն սակայն խելքը տեղն է եւ շատ լաւ գիտէ ինքզինքը կառավարել: Կառաջարկէ եղածին պէս քուէարկել:

14-րդ յօդուածը 21 ձայնով կընդունուի:

Կը ներկայացուին նաեւ հետեւեալ բանաձեւերը.

Պ. Թէրզիպաշեանինը, որ մէկ ձայն կը ստանայ.

«Պատուիրակութիւնը ջանալու է թէ՛ Խաղաղութեան Քոնֆէրանսին եւ թէ՛ ասիսթան պետութեան ընդունիլ տալ հայկական բացարձակ անկախութեան գաղափարը եւ սկզբունքը: Ասիսթան պետութիւնը կ՚ունենայ մէմուարին մէջ յիշատակուած պայմանաժամի շրջանի ժամանակաւորուած իրաւունքներ եւ պարտականութիւններ, որոնք նախատեսուած են մէմուարին մէջ: Փոփոխութիւններու համար Պատուիրակութիւնը պարտաւոր է առնել Համագումարին կարծիքը»:

Պ. Ֆնտգլեանի հետեւեալ ամանտըմանը, որ միայն 5 ձայն կը շահի.

«Օժանդակող պետութիւնը պէտք է յանձնառու ըլլայ իրական հայկական պետութեան մը շուտափոյթ հաստատումը նկատի առնել միշտ եւ նպաստել անոր: Այս մասին դիմումներ ընել նաեւ Ligue des Nations-ի անդամներուն մօտ, որպէսզի օգնական պետութեան տրուելիք մանտայի յօդուածներուն մէջ կատարելապէս պաշտպանուի Հայաստանը հայուն պահելու սկզբունքը»:

Կը ներկայացուի նաեւ Պ. Տամատեանի հետեւեալ բանաձեւը, որուն միացաւ Պ. Թէքէեան եւ որ 4 ձայն շահեցաւ.

«Պատուիրակութիւնը պարտաւոր է ընդունիլ օգնականի դերը միայն այն պետութեան, որու մասին Համագումարը իր հաւանութիւնը կու տայ:

Պատուիրակութիւնը պարտ է Վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ օգնականի դեր ստանձնող պետութեան հետ իր բանակցութեանց մէջ պնդել այն հիմնական պահանջին վրայ, թէ Հայաստանի բացարձակ անկախութիւնը, իբրեւ իրապէս հայկական պետութիւն կանխաւ սկզբունքով ընդունուի եւ նուիրագործուի: Օգնական պետութեան աջակցութիւնը երբեք թեւարկութեան ծել պէտք չէ առնէ. ան պիտի ունենայ ժամանակաւոր հանգամանք:

Մ. Տամատեան»

Կը կարդացուի 15-րդ յօդուածը:

Պ. Օհանջանեան կառաջարկէ վերցնել ա. նախադասութիւնը, որովհետեւ ատիկա առաջուց ըսել պիտի ըլլար, թէ Հայաստանի մէջ երկու տեսակ քաղաքացի գոյութիւն պիտի ունենայ հայերը իշխողներ, եւ միւս ցեղերը ճնշուածներ, իսկ երբ պայմանները բոլորին համար ալ միեւնոյնն ըլլան, հայերը իրենց ընդունակութիւններով, իրենց մշակոյթով բնականօրէն առաջ պիտի անցնին:

Պ. Հինդլեան բոլորովին հակառակ է այս յօդուածի ա. մասին եւ կը պահանջէր ամբողջական ջնջումը հետեւեալ պատճառներով, նախ որ ատիկա կրնայ մեր