Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/431

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թշնամիներուն ձեռքը հրաշալի զէնք մը ըլլալ եւ Հայկական Դատին մեծապէս վնասել, բ.- ընդհակառակը թիւրքերը իբրեւ պատանդ պէտք է պահենք, գ.- մենք, որ շատ մը պարագաներու մէջ ընդհանուր ռամկավարութեան կարծիքին եւ օգնութեանը դիմած ենք, հիմա մենք այդ կարծիքը մեր դէմ կ՛ունենանք, դ.- ատիկա Պատուիրակութեան պատկանող գործ չէ, այլ երկրին մէջ միացեալ կառավարութեան ընելիք գործը: Մէկ խօսքով ատիկա մտայնութիւն մըն է, որ չի կրնար մեր հրապարակային ազգային քաղաքականութիւնն ըլլալ:

15-րդ յօդուածին ա. մասը քուէարկութեան կը դրուի եւ կընդունոփ: Բ. մասը քննութեան կենթարկուի: Նախագահը, ի գիտութիւն ժողովին, միայն կը յայտնէ, որ յոյներն ալ նմանօրինակ պահանջ մը ըրած են:

Պ. Չօպանեան կը կարդայ Լորտ Պրայսի գրած մէկ նամակը, որ այս նիւթը կը շօշափէ եւ կը հաստատէ Յանձնաժողովին կազմած յօդուածը:

Պ. Տամատեան եա հակառակ է, որ Պատուիրակութեան տրուած հրահանգին մէջ «Հայաստան թիւրք մը չպիտի մնայ»-ի պէս բաներ ըլլան, քանի որ արդէն մուհաճիրները ինչպէս եւ յանցաւոր թիլրքերը դուրս պիտի հանենք:

Այս մասին կը ներկայացնէ իր հետեւեալ բանաձեւը.

«Թուրքեր Ա.- Թէ հայ՛ոց եւ թէ՛ նոյնիսկ թրքաց շահուն համար, ինչպէս նաեւ Արեւելքի մէջ տեւական խադաղութեան տեսակէտով, պէտք է ջանալ ընդունիլ տալ այն սկզբունքը, թէ բացի գաղթական թիւրքերէն, որոնց մասին կը խօսի այս յօդուածի 3-րդ հատուածը, Հայաստանի մէջ գտնուող թիւրքերուն դիւրութիւն եւ միջոց հայթաթել փոխադրուելու Փոքր Ասիոյ թիւրքական հողամասերուն մէջ, անոնց կալուածքները փոխանակելով ինքնայօժար Հայաստան վերադարձող հայերու կալուածքներուն հետ, կամ վճարել անոնց արժէքը: Հակառակ տրուած այս դիւրութեան Հայաստան մնացող թիւրքերը պիտի համակերպուին Հայաստանի Հայկական կառավարութեան ռեժիմին եւ օրենքներուն»:

Պ. Օհանջանեան կը յայտնէ, որ ինք Յանձնաժողովին մէջ ընդհանրապէս առաջարկած է ներքին քաղաքականութեան պատկանող խնդիրներու մասին հրահանգ չտալ Պատուիրակութեան, քանի որ ան միայն արտաքին քաղաքականութիւնը վարելու կոչուած մարմին մըն է: Արդ, ինչ կը վերաբերի այս թիւրքերա մասին եղած խնդրոյն, զուտ ներքին հարց մըն է, որ միացեալ կառավարութեան բառլամէնթը պիտի լուծէ:

Պ. Փափազեան Յանձնախումբին կողմէ կը յայտնէ, որ Պատուիրակութեան տիրէքթիւները մշակելու ատեն Յանձնաժողովը գլխաւորաբար նկատի ունեցած է նաեւ աս կէտը պատրաստել Պատուիրակութեան համար ծրագիր մը, որ Պատուիրակութիւնը գտնայ ժողովին պատասխանները բոլոր այն հարցերու մասին, որոնք կրնան պետութեանց կողմէ արծարծուիլ: Կը բացատրէ նաեւ, թէ թիւրքերը քշելու խնդիր չկայ, այլ երկուստեք շահերը կը պահանջեն, որ փոխադարձ երկրափոխութեան սիսթէմով կատարուի այդ բնակութեանց խնդիրը եւ ասիկա գաղտնիք մը չէ, այլ ամէն տեղ բացայայտօրէն յայտնուած է ու կրնայ յայտնուիլ:

Այս մասին մէկ-երկու ժողովական եւս կ՚արտայայտուին, նոյն միտքը շեշտելով, այսինքն պահել յօդուածը:

Տոքթ. Տէր-Ստեփանեան աւելի ուժեղ կարտայայտուի առաջարկելով այդ մասը դնել իբրեւ բացարձակ մեր պահանջներէն մէկը, որովհետեւ կենսական նշանակութիւն ունի, քանի որ հայ ժողովուրդը այս իր յոգնած ու ուժասպառ վիճակին մէջ ալ ոյժ չունի մաքառելու, ներքին պայքարը շարունակելու: Կառաջարկէ, որ նոյնիսկ ասիկա հատուցումին հողին վրայ դրուի:

15-րդ յօդուածին Բ. մասը 22 ձայնով կընդունուի:

Բրօֆ. Ա. Խաչատուրեան քիւրտերու վերաբերող յօդուածի մասին հարց կու տայ, թէ ինչպէս կուզեն, որ քիւրտերուն սահմանակից չըլլանք: