Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/432

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Փափազեան. Քիւրտիստանի ախորժակը շատ մեծ է. անոնք իրենցը կը համարեն Վանը, մինչեւ Բաբերդի նահանգը: Այդ բրէթանսիոնները անշուշտ ոչ այդ սահմաններում մէջ կրնան յաջողութիւն գտնել: Մենք ջանալու ենք սակայն, որ անոնք եթէ պիտի ունենան անկախութխն, մեզի սահմանակից չըլլան, այսպէս, աջակցիլ ստեղծելու անկախ ասորիներու երկիր Հէքեարի-Զապ գետ մինչեւ Աղերդ սահմաններում մէջ, իսկ միլս կողմէ սիւրիացիներու ձգտումը մինչեւ Տիգրանակերտի սահմանները քաջալերել, որով եթէ ոչ բոլորովին, մեր բոլոր ճիգերը պիտի ուղղուին ազատուելու այն երկաթէ օղակէն, որ կը կազմեն մեր շուրջը մահմետական պետութիւններ: Այս եղած է մեր պատմական դժբախտութիւնը եւ այդ օղակէն ազատիլ կամ թուլցնել զայն, պիտի ունենայ փրկարար հետեւանքներ մեր ազգային եւ պետական զարգացման համար:

Բրօֆ. Ա. Խաչատուրեան. Անկարելի է Պ. Փափազեանին ըսածը. Քիւրտիստանի պաշտպանները շատ ընդարձակած են զայն: Անգլիական զինուորականներու տրուած գրքերու քարտէսներուն մէջ, նոյնիսկ Վանը, Պիթլիսը եւ այլն նշանակուած են իբրեւ մաս Քիւրտիստանի: Մէս Պէլի գրուածին մէջ Վանի թագատրութիւնը համարուած է Քիւրտիստանի մէջ նշանակուած թագաւորութիւն: Այս պարագաներում մէջ Քիւրտիստանը մեզի սահմանակից չընել անհնարին է:

Պ. Փափազեան. Մենք պարտատր ենք դնել այդ կէտը, Պատուիրակութեան քաղաքական ուղեգիծ մը տուած ըլլալու համար, ինչ որ հնարաւոր է գործադրել քիչ առաջ յիշուած ձեւով:

Պ. Թէրզիպաշեան կ՚առաջարկէ քիւրտերուն մասին եղածը ամբողջովին դուրս ձգել, որպէսզի թիւրքերը հեռացնելու հարցին մէջ աւելի յաջողութեան կարելիութիւն ստեղծենք, ինչ որ աւելի կարեւոր է, որովհետեւ թիւրքերը իրենց որոշ կուլտուրայով կրնան աւելի վնասել մեզի, քան թէ անգրագէտ քիւրտերը:

Պ. Տամատեան. Ես կ՚առաջարկէի դուրս ձգել այդ մասը, որովհետեւ քիւրտերուն միշտ սահմանակից պիտի ըլլանք: Յետոյ ինչո՞ւ նկատի ունենանք քիւրտ պետութեան մը կազմուելու հաւանականութիւնը:

Պ. Հանըմեան մեծ հակասութիւն մը կը գտնայ, որ թուրքերու մասին եղած յօդուածը քուէարկելէ յետոյ, ժողովը ուրիշ բան կ՚անցընէ քիւրտերու նկատմամբ, որոնք հաւասարապէս մեղսակից եւ պատասխանատու են կատարուած եղեռնին: Համաձայն է նաեւ, որ ոչ-յանցաւոր թիւրքերը Հայաստանի մէջ կարենան մնալ: Կառաջարկէ այդ մասը նոյն կերպով խմբագրել տրամաբանական ըլլալու համար:

Պ. Չօպանեան համաձայն չէ Պ. Հանըմեանին, չուզէր, որ քիւրտ տարրը ամբողջովին հեռացոլի, որ գործիք եղած է թխրքերուն ձեռքը, որուն մահմետականութիւնն ալ շատ հարեւանցի է եւ որոնցմէ կրնանք օգտուիլ: Համաձայն է նաեւ, որ քիւրտ պետութիւն մը ստեղծելու գաղափարը մենք չշեշտենք: Կառաջարկէ ջնջել վերջին մասը:

Պ. Փաստրմաճեան կառաջարկէ ղզըլպաշները եւ եէզիտները հայ քաղաքացի ընդունիլ, իսկ վերջիններուն մասնաւորապէս օգնել:

Բրօֆ. Ա. Խաչատուրեան քիւրտերու դրացի ըլլալէն վախնալու պէտք չկայ, կըսէ, բայց շեշտելու չէ քիւրտ պետութեան մո գաղափարը:

3-րդ յօդուածին վերջին մասը կը ջնջոփ եւ քանի մը փոփոխութիւններով ամբողջ յօդուածը կ՚ընդունուի: Պ. Հինդլեան եւս այս խնդրին մասին հետեւեալ բանաձեւը կառաջարկէ, որ քուէի դրուելով 2 ձայն կը շահի միայն.

Յօդուածին 15-րդի Բ մասը ջնջել, այս Համագումարը իրաւասութիւն չունենալով ճշդելու Հայաստանի քադաքացիներու քաղաքական, քաղաքացիական եւ այլ իրաւունքները, ինչ որ ամբողջութեամբ կը պատկանի Հայ Սահմանադիր ժողովի իրաւասութեան եւ ձեռնահասութեան: