Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/433

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Իսկ Պ. Թէրզիպաշեան, ոգւոյն համաձայն ըլլալով հանդերձ, քաղաքական նկատումներով նոյն յօդուածին ջնջումը կառաջարկէ:

Նիստը վերջացաւ ժամը 8-ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 27, թթ. 24-31: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 25-րդ

24 Մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ ժամը 5-ին նախագահութեամբ Վսեմ. Գ. Նորատունկեանի եւ ի ներկայութեան 32 անդամներու:

Օրակարգ. Քննութիւն եւ վաւերացում Պատուիրակութեան տրուելիք տիրէքթիւներու

Պ. Նախագահը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ Ազգ. Պատուիրակութեան անդամ եւ Յունաստանի հայ գաղութի ներկայացուցիչ Պ. 3. Մոստիչեանի, որ Լոնտոնէն 4տր եկած էր, կանցնի ընդհանուր քաղաքական կացութեան շփոթ վիճակին վրայ եւ ժողովին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Հայկական Դատին ներկայիս ստացած սուր հանգամանքին վրայ: Մէկ կողմէն Աւագաժողովը կորոշէ, ըստ լրագրաց, որ քոմիսիոն մը երթայ Հայաստան իրաց կտցութիւնը մօտէն քննելու համար, որով ըսել է Հայկական Հարցին վերջնական լուծումը բաւական ժամանակի համար պիտի յետածգուի, այդ քոմիսիոնը ի՜նչ օգուտ կրնայ արտադրել տեսնելով պատերազմի, սովի, հիւանդութեանց եւ փախուստի երեսէն երկրին ամայի ու լքեալ վիճակը, շրջապատուելով հոն մնացած մահմետական այլասեռ տարրերէ: Անշուշտ, աննպաստ Եգրակացութեանց պիտի յանգի:

Պոլսոյ լրագրաց մէջ հրատարակուած է արդէն յիշատակագիր մը, զոր թիւրքերը տոլեր են եւրոպական պետութեանց եւ ուր հայկական նահանգներու մէջ ամէնամեծագոյն տարրը ցոյց կու տան եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն անգլիական բրոթէքթորաթը ընդունելու: Միլս կողմէն, մեր բարեկամներէն ոմանք, ինչպէս Լորտ Սէսիլ եւ Լորտ Հարթինկ եւ այլք, թիւրքերուն հանդէպ լաւագոյն տրամադրութիւններ սկսած են ունենալ եւ չափաւորել կը յորդորեն հայոց խնդրանքը: Այս բոլորը շատ ծանր հետեւանքներ կրնան ունենալ եւ եթէ այսպէսով այս գարունն ալ կորսնցնենք առանց օգնոլթեան եւ վերջնական կարգադրութիւններու, յուսահատական կըլլայ գործող կերպարանքը: Ուրեմն, կ՚առաջարկեմ անմիջապէս լրացնել Համագումարի աշխատանքները, ժամ առաջ ընդունիլ նոր Պատուիրակութիւնը, համերաշխ ոգիով աշխատիլ օրակարգի խնդիրներու լուծմանը եւ մինչեւ այդ տեղեկութիւն ուզել Պատուիրակութիւնէն, թէ ի՞նչ եղած է, կամ ի՜նչ պիտի ըլլայ մեր մասին:

Նախագահին այս խօսքերէն յետոյ

Տոքթ. Նեւրուզ շատ յուզուած կերպով կը շեշտէ, որ այս բոլորը միայն կը լսուին եւ գործնական ոչինչ տեղի կունենայ, Պատուիրակութիւն չէ մնացած, որ գործէ. ան բաղկացած է միայն մէկ հոգիէ, անոր վրայ չենք կրնար յոյսերնիս դնել: Կառաջարկէ անմիջապէս հրաւիրել Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշան, տեղեկանալ, թէ ի՞նչ եղած է մինչեւ հիմա այդ մասին, եւ յետոյ անմիջական դիմումներ ընել ամբողջ ժողովին կողմէ եւ այլեւս խիստ ոճով պահանջել, որ Հայկական Լեգէոնի խնդիրները քննուին, որ սովին դէմ շուտափոյթ օգնութիւն հասցնեն, ամերիկեան, անգլիական, ֆրանսական կառավարութիւնները գրաւման խնդիրը կարգադրեն, թիւրք ժանտարմըրին վերցնեն եւ այլն: Այլապէս, կաւելցնէ, իր խղճին առջեւ հանգիստ ըլլալու համար պիտի ստիպուի ձգել հեռանալ ասկէ: