Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/434

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նոյն նիւթին շուրջ, նոյն միտքերը շեշտելով, Պ. Չօպանեան եւս խօսք կառնէ ել ինքն ալ կառաջարկէ, որ այսպիսի բացառիկ պարագաներու մէջ ժողովը իր ձայնը բարձրացնէ ամբողջ հայ ազգին անձկութիւնը յայտնելու համար: Կառաջարկէ ընտրել Պատոփրակութիւնը եւ պարտք դնել անոր վրայ, որ խնդրէ ամերիկացի ազգին անմիջապէս օգնութեան հասնիլ, առպնց սպասելու մեր դատին վերջնական լուծումիս, ել յետոյ, ինչպէս բազմաթիւ անգամներ, առաջարկած է ղրկել հայկական քոմիսիոն մը Պոլիս Պատուիրակութեան կողմէ:

Պ. Հինդլեանի առաջարկին վրայ Հայկական Լեգէոնի վերաբերեալ խնդիրը օրակարգի յաջորդ նիստի նիւթ կը դառնայ:

Ապա ժողովը կ՛անցնի օրակարգի եւ կընդունոփ 15-րորդ յօդուածին 3-րդ մասը: 4-րդ մասին համար թեր ու դէմ կարծիքներ.կը յայտնոփն, թէ հայկական շահերուն համար ասորական պետութեան մը ստեղծումը արդեօք օգտակա՞ր է, թէ՞ ոչ: Ոմանք, ինչպէս Պ. Պ. Հինդլեան, Բրօֆ. Թումաեան, Թէրզիպաշեան եւ Դաւիթ-Բէկ, վնասակար կը գտնան, առաջարկելով, որ մեր երկրին մէջ մահմետականներուն դիմաց քրիստոնեայ տարրի շատ պէտք պիտի ունենանք, թէ դեռ մերը չյաջողցուցած ուրիշի դատին համար կարելի չէ աշխատիլ, թէ ասորիք ընդամէնը 50 000 հոգի են եւ չեն կրնար նոր պետութիւն մէ կազմել, եւ թէ մեզի համար նպաստաւոր չէ ունենալ երկիր մը շրջապատուած օտար մեծ պետութեանց կողմէ հովանաւորուած երկիրներով եւայլն: Գլխատրաբար Պ. Պ. Փափազեան, Բրօֆ. Խաչատուրեան, Փաստրմաճեան եւ այլք օգտակար կը գտնեն նպաստել ասորական օթոնոմիի մը կազմութեանը, պատճառաբանելով, որ արդէն ասորական ազգային գիտակցութիւնը ուժեղ թափով սկսած է գործել եւ շատ պաշտպաններ ունին, թէ ընդհակառակը, շատ օգտակար է մեր երկրին համար շրջապատուած ըլլալ մեծ պետութիւններէ հովանաւորուած ազգութիւններով բազմամիլիոն մահմետականներու ազգային զարթնումի վտանգին դէմ, թէ այդ պետութիւնը մեզի պիտի զատէ մահմետականներէ եւայլն:

Մէկ քանի փոքրիկ փոփոխութեամբ կընդունուի նաեւ 15-րդ յօդուածին Դ. մասը:

Յանձնախումբերու կագմութեան վերաբերեալ յօդուածները կ՚ընդունուին փոքրիկ փոփոխութիւններով, բացի Ե. էն, որուն մասին թեր եւ դէմ կարծիքներ կը յայտնոփն: Թէ այդ յօդուածը եւ թէ անոր տեղ առաջարկուած մէկ երկու ուրիշ բանաձեւեր քուէարկելէ յետոյ, մեծամասնութիւն չշահելով, յօդուածը դուրս կը ձգուի:

ժողովը կ՛անցնի Պատուիրակութեան ներքին կազմակերպման խնդրոյն: Պ. Տամատեան այս մասին հետեւեալ բանաձեւը կառաջարկէ.

«Խաղաղութեան Համաժողովին ներկայացուած Յիշատակագրով սահմանագծուած Միացեալ Հայաստանի ոեւէ նահանգը եւ ի մասնւսւոր Կիլիկիան ամբողջովին կամ մասամբ Հայաստանէն բաժնելու եւ առհասարակ մեր պատմական հայրենիքին հողային ամբողջութիւնը եւ մեր ազգին անբաժանելի միութիւնը վտանգելու ոեւէ փորձի հանդէպ Ազգային Պատոփրակութիւնը պարտի Համագումարը անմիջապէս ի նիստ հրաւիրել իր բռնելիք դիրքը որոշելու համար:

Մ. Տամատեան»

Ասիկա փոքրիկ վիճաբանութեան տեղի կու տայ եւ նկատուելով, որ իր գլխատր գիծերուն մէջ արդէն որոշուած է, թէ Պատոփրակութեանը այդ պարագային պիտի վերստին ժողովը նիստի հրաւիրէ քուէարկութեան չի դրուիր: Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշա խօսք կ՚առնէ եւ կը յայտնէ, որ Յանձնաժողովին պատրաստած յօդուածները բաւական յստակ կերպով չեն որոշեր երկու Պատուիրակութեանց փոխյարաբերութիւնները: Այս մասին ինք տեսնուած է Պ. Ահարոնեանի հետ եւ կառաջարկէ ընդունիլ բերած իր մէկ քանի գրատրյօդուածները: Պատուիրակութեան նախագահը երկարօրէն կը ծանրանայ միութեան եւ համաձայնութեան օգուտներուն վրայ, օտարներու առջեւ թրքահայ եւ ռուսահայ հարցը, Թրքահայերու Պատոփրակութիւն եւ Կովկասի Հանրապետութեան