Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/435

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատուիրակութիւն եւ այլն ցոյց չտալու շահը կը յայտնէ եւ կըսէ որ արդէն մինչեւ հիմա այր միութիւնը եւ համաձայնութիւնը տիրած են թէ այս ժողովին եւ թէ երկու Պատուիրակութեանց միջեւ, որոնք ահա ամիսէ մը ի վեր արդէն միասին կ՚աշխատին: Ինք վստահ է, որ այս համաձայնութիւնը ասկէ յետոյ ալ պիտի տիրէ, որով կարելի պիտի ըլլայ արդիւնաւոր կերպով աշխատիլ: Բայց Պատուիրակութեան Նախագահը դիտել տալով, որ ինք մինչեւ հիմա օտար կառավարութեանց կողմէ իբրեւ Հայ Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ ճանչցուած է, եւ փափաքած է պահել իր հին տիտղոսը, պատճառաբանելով, որ իսկապէս ինք ամբողջ հայ ազգի Պատուիրակութեան նախագահն է եւ ոչ միայն թիւրքահայոց: Իսկ Պ. Ահարոնեան դիտել տալով, որ ինքը պատասխանատու է Կովկասի Հանրապետութեան առջեւ, կառաջարկէ, որ Վսեմ. Պօղոս Փաշան ստորագրէ Նախագահ Թրքահայ Ազգային Պատուիրակութեան, իսկ այս արդէն առաջ կը բերէ շատ անցանկալի երկուութիւնը:

Պ Ահարոնեան շատ կը խնդրէ ժողովին, որ այն տպաւորութեան տակ չմնայ, որ նախագահութեան եւ այլնի կռիւ կայ մեր մէջ, ինչ որ շատ ցաւ պիտի պատճառեր իրեն եւ ցոյց կու տայ, որ, դժբախտաբար, հակառակ մեր բոլոր ջանքերուն, միշտ միացած ըլլալու եւ երեւնալու, փաստը դեռ կը մնայ փաստ, որ դեռ չունինք հայկական միացեւպ կառավարութիւն եւ, անխուսափելիօրէն, այժմ գոյութիւն ունի երկու Պատուիրակութիւն: Կը մնայ միջոց մը խորհիլ, որ այս չարիքը նուազագոյնին վերածուի: Պ. Ահարոնեան կը յայտնէ, որ ինք պատրաստ է ամէն զոհողութեան, միայն թէ գտնէր հնարը, գտնուի օրինաւոր եւ բանաւոր եղանակ մը վերացնելու այս երկոտւթիւնը: Ինք կը կարծէր, որ Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշա հւսմաձայնած է այնօրուան իրենց տեսակցութեան միջոցին ընդունիլ միայն Թրքահայոց Պատուիրակութեան նախագահի տիտղոսը, բայց ինչպէս կերեւի թիւրիմացութիւն կայ: Պ. Ահարոնեան կանխատեսել կու տայ նաեւ այն պարագան, թէ ի՞նչ պիտի ընէ Վսեմ. Պօղոս Փաշա, եթէ իր Պատուիրակութեանը Քոնֆերանսը յանկարծ ընդունի եւ ճանչնայ պաշտօնապէս եւ կոչէ իր ներկայութեան Կովկասի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւն:

Պ. Վարանդեան ցոյց կու տայ, որ Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշայի առաջարկած տիտղոսներու կարգադրման ձեւին մէջ, մեծ հակասութիւն մը կայ: Երբ մէկը կը ստորագրէ «Նախագահ Հայ Ազգային Պատուիրակութեան». ալ աւելորդ եւ անիմաստ կը դառնայ իր քուէ ունենալը իբրեւ «Նախագահ Կովկասի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան» մը: Պ. Վարանդեան կըսէ նաեւ, որ այն անիրաւ պիտի ըլլար, քանի որ Պատուիրակութեան Նախագահը չէ ուզած Կովկասի Հանրապետութեան համար գործել, ունենալով պաղ եւ կրաւորական ընթացք մը Կովկասի Հանրապետութեան հանդէպ. իսկ այժմ որ կայ Կովկասի Հանրապետութեան իսկական ներկայացուցիչը, ինչո՞ւ Վսեմ. Պօղոս Փաշան խօսի ամբողջին անունովը: Պ. Վարանդեան կը յայտարարէ նաեւ, որ թերեւս մենք ընդունուած կ՛ըլլայինք Քոնֆերանսին մէջ. եթէ Վսեմ. Պօղոս Փաշան այդ կրաւորական եւ պաղ վերաբերումը ցոյց տուած չըլլար Կովկասի Հանրապետութեան հանդէպ եւ սկիգբէն ուժեղ բրոբականտ մղուեր ի նպաստ անոր: Անձնատրութիւնը, ի հարկէ, խիստ թանկ բան է, կըսէ Պ. Վարանդեան, իւրաքանչիւրի համար, բայց կայ մի բարձրագոյն անձնաւորութիւն, որ աւելի թանկ է բոլորիս համար եւ որի անունն է առաջին Հայկական Հանրապետութիւն: Պ. Վարանդեան կ՚առաջարկէ վերջ տալ այսպիսի ճղճիմ վէճերու:

Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշա կը ճշդէ այն կէտը, թէ ինք սկիզբները չէ ուզած Կովկասի անունով խօսիլ, որովհետեւ հաղորդակցութեան անկանոնութեան պատճառով ինք անգիտացած է բոլորովին, թէ այնտեղ ի՞նչ ծրագրով կը գործեն: Իսկ երբ կը պնդէ, որ այն օրը իրեն ունեցած Պ. Պ. Ահարոնեանի, Վարանդեանի եւ Մասեհեան Խանի տեսակցութեան մէջ ըսած է, որ կը համաձայնի ստորագրել այնպէս, ինչպէս ստորագրած են Յիշատակագրին մէջ: