Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/436

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Մասեհեան Խան իբր ներկայ այդ տեսւսկցութեան, կը յայտնէ, որ հոն ըսուած է, թէ երբ թուղթ մը միայն Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշան ստորագրէ, պիտի գրէ «Նախագահ Հայ Ազգային Պատոփրակութեան», իսկ եթէ երկուքը մէկ ստորագրեն, որպէսզի հակասութիւն առաջ չգայ միայն «թիւրքահայոց»:

Պ. Հինդլեան չարիքը արմատէն վերցնելու համար միջոց մը կ՚առաջարկէ, որն է մտնալ Կովկասի Հանրապետութեան հետ յարաբերութեան մէջ եւ որոշել մէկ Պատուիրակութիւն ունենալու խնդիրը: Իսկ եթէ սա կարելի չըլլար ընել կ՚առաջարկէ շարունակել Յիշատակագրին մէջ ստորագրուած եղանակովը: Պ. Հինդլեան հարստութիւն մը կը նկատէ արդէն, որ Թրքական Հայաստանը դեռ կառավարութիւն մը չունեցած ունեցած ենք Պատուիրակութիւն մը, որ ճանչցուած է պետութիւններէն եւ այժմ ասիկա ոչնչացնելու աշխատիլը այս ժողովին կողմէ դեռ բան մը չտուած եղածը քանդել ըսել է, մանաւանդ որ Պ. Ահարոնեան շատ մը հանդիսատր պարագաներու մէջ, որպիսին է մէմուարի ստորագրումը, Քոնֆերանսին ներկայանալը, շատ մը այցելութիւնները կառավարական ներկայացուցիչներու եւայլն հետ, ընդունած է եւ տարած Պատոփրակութեան այժմեան առաջարկած փոխյարաբերութեան եղանակը: Պ. Հինդլեան կը յուսայ, որ վստահ ըլլալով հայրենասէր Պ. Ահարոնեանին վրայ. ան պիտի կարողանայ, յարաբերութեան մէջ մտնալով Կովկասի բառլըմանին հետ, ընել բան մը, զոր մինչեւ հիմա առանց հարցնելու ըրաւ, այսինքն ստեղծել միակ Պատուիրակութիւն մը:

Պ. Ահարոնեան կը յայտնէ, որ այդ եղած է պարզ փափկանկատութեան արարք մը, թէ Փարիզ հասած-չհասած չէին կրնար Վսեմ. Պօղոս Փաշային օձիքէն բռնել, թէ փոխէ քու տիտղոսդ: Միտ կողմէ դիտել կու տայ, թէ եթէ Ազգային Պատուիրակութիւնն արդէն որոշ պատուանդան մըն է օտար պետութիւններուն առջեւ, Հանրապետութեան անունը աւելի բարձր եւ նուիրական պատուանդան մըն է, որուն անունը ջնջելով, կը վախնայ թէ սխալ գործ կատարած կ՛ըլլանք:

Պ. Չօպանեան նախ կը ճշդէ այն կէտը, որ Պատուիրակութիւնը միայն Վեհ. Կաթողիկոսէն նշանակուած մարմին մը չէ, այլ, նախ եւ առաջ Պոլսոյ Պատրիարքարանը եւ Ազգային ժողովը վճռած են կազմել Ազգային Պատուիրակութիւնը եւ յանձնած են Վեհ. Կաթողիկոսին, որ գործադրէ այդ որոշումը, իսկ յետոյ ամբողջ հայութիւնը ճանչցած է զայն իբր ազգին պաշտօնական ներկայացուցիչ: Իսկ միւս կողմէ, մեր բոլորիս փափաքն է, որ Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը դառնայ ամբողջական Հայաստանի կառավարութիւն եւ իր ներկայացուցիչն ըլլայ հոս գտնուած միակ Պատուիրակութիւն մը: Ես այս չարիքին առաջքն առնելու համար, ինչպէս շատ անգամ ըսած եմ այս ժողովին մէջ, կառաջարկեմ Կովկասի Հանրապետութեան կառավարութեան մէջ աւելցնել նաեւ թրքահայ անդամներ, զայն ընդունիլ եւ հռչակել համահայկական միացեալ կառավարութիւն: Պ. Չօպանեան կ՚առաջարկէ անմիջապէս յանձնաժողով մը ընտրել, որ առտու-իրիկուն այս խնդրով զբաղի եւ որոշ եզրակացութիւններ բերէ ժողովին:

Պ. Փաստրմաճեան բոլորովին համաձայն է Պ. Չօպանեանին եւ կ՚երկրորդէ անոր առաջարկը, բայց հետեւեալ մանրամասնութիւնը կ՚առաջարկէ: Մինչեւ որ միացման գործը կատարոփ 1-2 ամիս պիտի անցնի, որու ընթացքին պէտք է գործել, այդ պարագային, Պ. Փաստրմաճեան անջատումը նոյնիսկ նպաստաւոր կը գտնէ օգտուելու համար, քաղաքական կացութեան համաձայն, մէկէն կամ միւսէն, եւ կ՚ուզէ որ Կովկասի վերաբերեալ խնդիրներու մէջ Կովկ. ներկայացուցիչները ազատ ըլլան գործելու: Իսկ տիտղոսի խնդրին առթխ կ՚առաջարկէ, որ «փափկանկատութիւնը» շարունակոփ նորէն մինչեւ միացեալ կառավարութեան հռչակումը:

Պ. Թէրզիպաշեան կը յայտնէ, որ մեր հարցը մէկ է եւ դէպքերն են, որ երկու ձեւ են տուեր. արդ, հարկաւոր է քննել, թէ ո՞ր ծեփն մէջն է մեր հարցին գլխատր ոյժը յենոփլ այդ ոյժին վրայ: Օրինակի համար, եթէ կզանանք, որ թիւրքահայ դատը աւելի