Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/437

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հիմնաւոր է պէտք է ոյժ տանք, որ հարցի այդ ձեւը եւ տիտղոսը աւելի գերակշռող դերի մէջ ըլլան:

Կընդունոփ ապա Պ. Չօպանեանին առաջարկը, որուն համաձայն միացեալ կառավարութիւն եւ միացեալ Պատուիրակութիւն խնդիրն ուսումնասիրելու եւ որոշ առաջարկներ բերելու համար պաշտօն կը յանձնուի Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին, որան վրայ մէկ քանի անդամներ եւս կաւելնան եւ Յանձնաժողովը բաղկացած կըլլայ այսպէս հետեւեալներէ.

Պ. Պ. Չօպանեան, Տամատեան, Շանթ, Տոքթ. Նեւրուզ, Վ. Փափազեան, Գ. Փաստրմաճեան, Հ. Համբարձումեան, Թէքէեան, Տէր-Ստեփանեան, Թէրզիպաշեան:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 ½-ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 27, թթ. 32-40: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 26-րդ

26 Մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Գ. Նորատունկեանի նախագահութեան ներքոյ, 32 անդամներու ներկայութեամբ, ժամը 5½-ին:

Օրակարգ.

Մ. Խորհրդակցութիւն Հայկական Լեգէոնին վերաբերեալ խնդիրներու մասին:

Նախքան զայդ կը կարդացուի հեռագիր մը, Ամերիկայի Նպաստից Յանձնախումբին կողմէ գրուած, որ տեղեկութիւններ կու տայ իրենց հասցուցած եւ հասցնելիք օգնութեան մասին: Կը կարդացուի նաեւ Լորտ Ռոպէրթ Սէսիլի եւ Յակոբեանի միջել տեղի ունեցած տեսակցութեան տեղեկագիրը:

Պ. Մոստիչեանէն կը խնդրուի, Լոնտոնէն իբր նոր հասած մէկը, տեղեկութիւններ տալ Հայկական Հարցի վերաբերմամբ հոն տիրող կարծիքներու մասին:

Պ. Մոստիչեան նախ կըսէ, որ շատ բան մը չպիտի կրնայ ըսել, որովհետեւ այն բոլոր անձինք, որոնց դիմում եղած է, պատասխանած են Փարիզ գացէք, հոս ոչինչ կարելի է ընել, գործերու կեդրոնը Փարիզ է: Բայց անգլիական քաղաքական շրջանակի մեր դատին հանդէպ տրամադրութիւնները բացատրելու համար կը յայտնէ, թէ թիւրքերուն հետ զինադադարը կնքուելէ վերջ Մանչեսթրի եւ Լոնտոնի հայերը մեծ բողոք բարձրացոլցած են: Հայերուն դէմ եղած անիրաւութեան հանդէպ եւ մամուլի արտայայտութիւններէն զատ, ամէն տեղ դիմումներ կատարած են 24-րդ յօդուածի հիման վրայ երկիրը գրաւել տալու համար, բացատրելով, որ հոն անկարգութիւնը շարունակական բնոյթ ունի եւ ամէն օր հազարաւոր մարդիկ կը մեռնին: Այս դիմումներում վրայ է, որ Լորտ Պրայս Լորտերու ժողովին մէջ հարցապնդում կընէ, թէ ինչո՞ւ երկիրը չեն գրաւեր: Հոն է, որ Լորտ Գարզըն կը յայտարարէ, որ չեն կրնար այդ գրաւումները ընել: Անկե յետոյ մեծ աղմուկ կը հանուի Անկլօ-Հայկական Ընկերութեան ժողովներուն մէջ եւ իբր արդիւնք կը ստանան միայն խուսափողական պատասխաններ:

Այնպէս որ, կը յայտնէ Պ. Մոստիչեան, Լորտ Սէսիլի բռնած դիրքը արձագանգն է միայն այն տրամադրութեան, որ պաշտօնական կառավարութիւնն ունի այժմ մեր դէմ եւ այս այն Լորտ Ռոպէրթ Սէսիլն է, որ Դեկ. 2-ի նշանաւոր ժողովին մէջ «Հայաստանը հայերուն համար է» պոռացած է: Պարենաւորման, սնունդի եւ այլնի համար եւս դիմումներ կատարուած են, որոնց իբր արդիւնք հրահանգներ կը արուին ամէն կերպով հայերը սնուցանելու համար: Պ. Նախագահը դարձեալ կը յիշեցնէ ժողովին այն յիշատակագիրը, զոր թիւրքերը ներկայացուցած են մեծ պետութեանց եւ որով կընդունին Հայկական խիստ