Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/438

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փոքր պետութեան մը գոյութիւնը, իսկ իրենց համար կառաջարկեն մեծ պետութեան մը քոնթրոլը:

Պ. Չօպանեան զարմանալի չգտնար անգլիական կառավարութեան բռնած դիրքը, քանի որ բոլոր պետութիւնք բոլորն ալ շահադիտական նկատումներով կ՚առաջնորդոփն: Բայց Պ. Չօպանեան կ՚աւելցնէ, թէ պէտք չէ յոաահատիլ ինչպէս ամէն նոր ազատագրուած ազգ, նախ պէտք է մեր յոյսը մեր ոյժերուն վրայ դնենք, օգտագործենք մեր ոյժերը եւ յետոյ պէտք է այս կառավարութիւններուն դէմ հանել ուժգին հանրային կարծիքը զօրեղ բրոբականտի մը միջոցով կառավարութեան դէմ, որովհետեւ բոլոր մեծ ազգերուն մէջ կան իսկական ազնոտւթիւն եւ մարդասիրական զգացում:

Տոքթ. Նեւրուզ կը կարդայ իրեն եկած նամակները Ատանայէն, կանդրադառնայ Լեգէոնին վերաբերեալ կարեւոր եւ կնճռոտ խնդիրներուն: Բուռն խօսքերով վերստին կ՚առաջարկէ, որ ժողովն անմիջապէս զբաղի այդ խնդրով եւ իր որոշումները տայ, քանի որ, կ՚ըսէ, Պատոփրակութիւն գոյութիւն չունի, միայն Պատոփրակութեան Նախագահը կայ եւ Պատուիրակութիւնը 2 ամիսէն աւելի է, որ նիստ չէ գումարած:

Պ. Հանըմեան դիտել կու տայ, որ եթէ հարկ ըլլար Պատոփրակութեան ժողովները շարունակել իր զօրացեալ կազմով այս Համագումարի անդամներում մեծագոյն մասը հոն պիտի զբադուեր: Ինքն ալ շատ կարեւոր կը գտնայ Տոքթ. Նեւրուզի յարուցած հարցը եւ կ՚առաջարկէ, որ այս Համագումարը զբաղի անով:

Պ. Չօպանեան կընդդիմախօսէ այս կարծիքին եւ կըսէ, որ Պատուիրակութիւնը կրնար իր անդամներէն կազմել փոքրիկ գործադիր մարմին մը, միշտ գումարել իր նիստերը եւ գործերը վարել, մինչեւ որ Համագումարը ընտրէր նոր Պատուիրակութիւնը: Ինչո՞ւ այդ նպատակով եկած անձինք Պատուիրակութեան իրենց աջակցութիւնը չտային:

Պ. Տամատեան կը յայտնէ, որ ահաւոր վայրկեան մը կ՚ապրինք, թերեւս աւելի գէշ անակնկալներով յղի, քան այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այս պատերազմի ընթացքին: Այդ անակնկալները կրնան պայթիլ Կիլիկիոյ մէջ, ուր Հայկական Լեգէոն մը ունինք եւ որուն կազմութեան համար շատ մարմիններ աշխատած են, այնպէս որ անոր պատասխանատու անդամներէն զատ,- որոնցմէ մէկն ալ ես եմ,- ամբողջ ազգը պատասխանատու է: Հետեւաբար, պէտք է քննենք անմիջապէս այս խնդիրը եւ մեր տուած որոշումիս գործադրութիւնը պարտադրիչ դարձնենք Պատոփրակութեան, հոգ չէ թէ մէկ անձէ բաղկացած ըլլայ ան:

Պ. Հինդլեան համամիտ չէ, որ այս խնդիրը այս ձեւով քննէ ժողովը, որովհետեւ անոր կազմութեան պատասխանատուն ինք չէ, եւ կ՚առաջարկէ նախ քննել երկրի գրաւման հարցը, որմէ կախուած է սա եւ որոշելէ յետոյ երկրի գրաւումը զբաղիլ այս հարցով, որուն այս կամ այն կերպ լուծումը մեծապէս կը դիւրանայ, երբ ժողովը ճշդէ իր դիրքը առաջին հարցի մասին:

Բայց ժողովը Պ. Միքայէլեանի առաջարկին վրայ, խնդիրը օրակարգի անցուց անմիջապէս անով զբաղելու համար առաջիկայ նիստին մէջ:

Տոքթ. Նեւրուզ պարզաբանեց, թէ ուր կը կայանար Հայկական Լեգէոնի խնդիրը: Նախ կայ անոնց ներկայ դրութիւնը: Անոնք լքուած թշուառ վիճակ մը ունին: Յետոյ կայ իրենց դէմ եղած զրպարտութիւնը, թէ հայերը էնտիսիբլին էին, եւայլն, ինչ որ բացարձակ սուտ մըն է ֆրանսական զինուորականներու իսկ վկայութեամբ: Յետոյ կայ նաեւ այն, որ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ կ՛ուզեն մտնալ Հայկական Լեգէոնը եւ չեն ընդունոփր, եւ վերջապէս, ամէնէն կարեւորը ռըանկաժըմանի խնդիրն է: Ֆրանսացիք առաջարկած են ռըանկաժըման մը ստորագրել: Հայ կամաւորները այղ մասին Ազգային Պատոփրակութենէն հրահանգի կը սպասեն եւ կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, թէ արդեօք ասկէ յետոյ իրենք ռըանկաժէ ըլլալով հայկական շահերո՞ւն պիտի ծառայեն, թէ ֆրանսականին: Առաջի պարագային, պատրաստ են ամէն կարգի զոհողութեան եւ վերստին արձանագրուելու, բայց ոչ երկրորդ պարագային: