Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/439

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Փափազեանի եւ այլոց կողմէ հարցում կըլլայ, թէ ի՜նչ է Զինուորական Քոմիսիոնին տեսակէտը այս խնդիրներուն շուրջ:

Տոքթ. Նեւրուզ կը յայտնէ. որ իրենց տեսակէտը այն է, որ պէտք չէ ցրուել այդ բանակը, որովհետեւ այն նպատակով կազմուած է ան, որ պիտի մնայ մինչեւ Հայկական Դատի վերջնական լուծումը եւ պիտի կազմէ ապագայ Հայաստանի բանակին կորիզը:

Բրօֆ. Խաչատրեան եւս կը հաստատէ, թէ ֆրանսացիք այդ խոստացած են եւ ֆրանսական Պատերազմական Նախարարութեան կողմէ տրուած հեռագրի մը մէջ ալ ըսուած է, որ Միջագետք, անգլիացիներու կողմէ մարզուող հայ զօրքերն ալ կորիզը պիտի կազմեն ապագայ հայկական բանակին:

Տոքթ. Սայեան դիտել կու տայ, որ Համագումարը այսքան ատենէ ի վեր հոս է եւ դեռ ոչ մէկ կարեւոր խնդրի համար իր լուծումը չէ տուած եւ եթէ այս սկզբունքով շարունակուի մենք ոչ մէկ գործնական արդիւնքի պիտի հասնինք, եւայլն:

Տոքթ. Սայեանի դիտել կը տրուի, որ նիւթէն դուրս են իր ըսածները:

Պ. Չօպանեան դարծեալ ցոյց կու տայ, որ բացատրելի է ֆրանսացւոց բռնած դիրքը, սկիզբները երբ անոնք հայկական այդ բանակին համար այդպիսի խոստումներ ըրած են, անոնց դիտաւորութիւնը այն եղած է, որ պիտի ստեղծուի հայկական ինքնավարութիւն մը ֆրանսական բրոթէքթորայի տակ, հետեւաբար, այն ատենուան կազմուած Լեգէոնն ալ այդպիսի Հայաստանի մը բանակին կորիզը կրնար կազմել: Հիմա պայմանները բոլորովին փոխուած են, փոխոււսծ է նաեւ անոնց դիրքը: Հետեւաբար, պէսք է ժամ առաջ վերջացնել մեր գործերը, նոր Պատուիրակութիւն ընտրել, որ գլուխ կանգնի այս բոլոր գործերուն:

Պ. Մաթիկեան կը յայտնէ, թէ ռուսերը ինչ որ ըրին Կովկասի կամաւորական խումբերուն համար, հիմա ֆրանսացիք կ՛ընեն Կիլիկիոյ Հայկական Լեգէոնին համար, այսինքն կ՛օգտագործեն օտար խումբերը այնքան ատեն, որքան իրենց շահերը կը պաշտպանուին, յետոյ կը լքեն զանոնք:

Ապա կընտրուի յանձնախումբ մը հետեւեալ անձերէն. Տոքթ. Նեւրուզ, Պ. Տամատեան, Պ. Աիքայէլեան, Պ. Փաստրմաճեան, որ խնդիրը մշակեն եւ ժողովին գործնական առաջարկներ բերեն այս մասին:

ժողովը փակուեցաւ ժամը 8-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 27, թթ. 41-46: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 27-րդ

27 մարտ 1919.

Նիստը ժամը 6-ին սկսաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ ի ներկայութեան 28 անդամներու եւ ժամը 7-էն յետոյ շարունակեց Բրօֆ. Ա. Տէր-Յակոբեանի նախագահութեամբ:


ՕՐԱԿԱՐԳ

Ա. Զինուորական Յանծնաժողովին Հայկ. Լեգէոնի խնդրոյն մասին կազմած աշխատանքին քննոլթիւնը

Յանծնաժողովին կողմէ Պ. Աիքայէլեան կը կարդայ պատրաստուած ծրագիրը: Ապա վիճաբանութիւն տեղի կունենայ ամբողջական խնդրին շուրջ ընդհանրապէս, որ կարելի է հետեւեալ գլխաւոր միտքերուն եւ առաջարկներուն մէջ պարփակել:

Պ. Փափազեանի կողմէ կառաջարկուի չխճողել առաջարկները, մէկդի ձգել երկրորդական եւ երրորդական խնդիրները եւ արկիւմանները գօրացնելով աշխատիլ ընդունիլ տալ գլխաւոր սկզբունքը չցրուել բանակը: