Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/440

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ուրիշներ, գլխաւորաբար Պ. Թէքէեան, Չօպանեան, Ֆնտգլեան, կառաջարկէին փոխանակ պահանջի խնդիրք ներկայացնել, որովհետեւ Ֆրանսա այժմ Կիլիկիոյ վրայ նոյն շահադիտական յոյսերը չունենալով, անկարելի կը դառնայ պահանջներուն բաւարարումը: Կը յայտնուի նաեւ, որ շատ դժուար է իրականացնել այդ պահանջները, որովհետեւ նախ՜ պատերազմին սկիզբը մենք անկախութեան խօսք չենք ըրած եւ շատ սիրով ընդունած ենք Ֆրանսայի բրոթէքթորայի տակ ինքնավարութիւն մը, բայց յետոյ երբ ցարիզմը ինկաւ, երբ մեր զոհողութիւններով ամէն իրաւունք կը ստանայինք ամբողջական անկախ Հայաստան մը պահանջել, բնական բերումով մեր քաղաքակւսնութիւնը ֆրանսական շահերու հակառակ կ՛ընթանար: Իսկ շատերը, գլխաւորաբար Պ. Հինդլեան բոլորովին անհնարին կը գտնան, որ այդ ամբողջ բանակը պահուի ֆրանսական միջոցներով եւ Ֆրանսան ոչ մէկ օգուտ չակնկալէ: Գովելի է Յանձնաժողովին դիտաւորութիւնը՜ հայևսցնել բոլորովին Արեւելեան Լեգէոնը, բայց անիրագործելի: Ուստի, եթէ կ՛ուզենք, որ բանակը բոլորովին հայանայ, այն ժամանակ մենք պիտի պահենք զայն, եւ կամ միջոցներ գտնալ Կովկասեան Հանրապետութեան յանձնելու եւ կամ կարելիութիւն պիտի ստեղծենք, որ հոն մնան այդ զօրքերը գաղթականներուն օգնելու համար: Կառաջարկուի նաեւ Պ. Օհանջանեանին կողմէ, որուն Մասեհեան Խանն ալ համաձայն կըլլայ, ձգձգել այս դրութիւնը, մինչեւ որ ստեղծուի հայկ. միացեալ կառավարութիւնը, երբ կ՚որոշուի իրենց վերջնական ճակատագիրը եւ կամ անմիջապէս որ ճշդուի, նոյնիսկ ոչ- պաշտօնապէս, ասիսթւսն պետութիւնը անոթ կը յանծնուի, որ մեր երկրի պաշտպանութեան համար գործադրէ զանոնք:

Յանձնախումբին կողմէ հետզհետէ կը խօսին Տոքթ. Նեւրուզ եւ Պ. Տամատեան, որոնք հետեւեալ միտքերը կը յայտնեն. թէ, այս ծրագրին պատրաստոլթեան ատեն Յանձնաժողովը խնդիրը իր հիմքին մէջ չէ նկատի առած, այլ իբր հարց մը, որ անմիջական լուծումի կարօտ է եւ կառաջարկէ ցուցմունքներ, որոնցմով Պատուիրակութիւնը պիտի առաջնորդուեր իր բանակցութիւններուն մէջ ել միանգամայն ասիկա է պատասխանը ֆրանսական կառավարութեան հայ կամաւորներուն դէմ ըրած զրպարտութեանց: Ոմանք ցոյց կու տան նաեւ, թէ ոչ մէկ հակասութիւն կայ մեր պահանջներուն եւ Լեգէոնին մեր փափաքած կատարելիք դերին միջեւ, որովհետեւ ա. անկւսժըմանի ժամանակ ֆրանսական կառավարութիւնը ինքն իսկ ըրած է այս բոլոր խոստումները եւ այժմ իր խոստումներն է, որ կը պահանջենք, քանի որ դեռ ա. անկաժըմանի շրջանին մէջ կը գտնուի Հայկ. Լեգէոնը:

Պ. Հանըմեանը մօտաւորապէս նոյն միտքը կը շեշտէ, ըսելով, որ իրենք մեզմէ զօրք խնդրած են, մենք տուած ենք. իրենք մեզի խոստումներ ըրած են, եւ նոյնիսկ այնքան հայկ. շահերն ու դիտաւորութիւնները նկատի առնելով, որ ընդունած էին հայեր իսկ կարգել իբրեւ բարձրաստիճան զինուորականներ Հայկ. Լեգէոնի մէջ: Մենք այժմ միայն կը խնդրենք, որ իրենց խոստումները յարգեն: Նոյնիսկ Reangagement^i խնդրոյն մէջ, մենք մօտաւորապէս նոյն պարագայիս մէջ կը մնանք, որովհետեւ դարձեալ իրենք է, որ ռէանկաժէ ընել կ՛ուզեն, հետեւաբար, մենք ալ կրնանք մեր պահանջները ներկայացնել: Ուրիշներու կողմէ կառաջարկուի նաեւ, որ յանձնարարուի Պատուիրակութեան դիմումներ ընել կառավարութեան, արգիլելու համար բանակին անմիջական ցրումը, մինչեւ պատերազմիս վերջանալը եւ մինչեւ Հայկ. Հարցին վերջնական լուծումը, եւ տեղեկանալ ռէանկաժըմանի պայմանները:

Պ. Թէրզիպաշեան կառաջարկէ հետեւեալ բանաձեւը, որ կընդունուի ժողովին կողմէ սա յաւելուածով, որ Պատուիրակութիւնը հետզհետէ տեղեկացնէ ժողովին իր կատարած դիմումներուն մասին:

Պ. Թէրզիպաշեանի բանաձեւը.

«Համագումարը նկատելով Հայկ. Լեգէոնի Կիլիկիոյ մէջ գոյութեան եւ պահպանման քաղաքական ամէնամեծ նշանակութիւնը, կիւրացնէ Յանձնաժողովին առաջարկները, կը յանձնարարէ Պատուիրակութեան ընդունիլ Յանձնաժողովին