Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/441

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պատրաստած ծրագիրը եւ անմիջապէս ընել հարկատր դիմումները ապահովելու համար ԼեգԷոնին գոյութիւնը, նոյն ատեն աչքի առջեւ ունենալով այն հանգամանքը, որ Լեգէոնի անկաժըմանը կը մնայ միայն խաղաղութեան կնքումիս օրը»:

Պ. Տամատեան կը յայտարարէ. որ իր ստորագրութիւնը Յանձնաժողովին բերած ծրագրի տակէն ետ կ՚առնէ, քանի որ ժողովը չիւրացուց այդ ծրագիրը:

ժողովը փակուեցաւ ժամը 8 1/4-ին:

Հայկական Լեգէոնի հարցը

Վերջերս ստացուած տեղեկութիւններն ու նամակները, ուղղուած Ազգ. Պատուիրակութեան եւ կամ անոր միջոցով Ազգ. Համագումարին, Կիլիկեան կամատրական խումբերու եւ կամ Հայկական Լեգէոնի դրութիւնը կը ներկայացնեն բաւականաչափ ծանրակշիռ եւ անմիջական կարգադրութեան սպասող:

Յանձնախումբս ծանօթանալով բոլոր գրութիւններուն, Հայկական Լեգէոնի պահանջներուն, եկաւ հետեէեալ եգրակացութեանց.

Նկատելով

1. որ Կիլիկեան կամատրական շարժումով մենք դեռեւս կապուած ենք ֆրանսական կառավարութեան հետ.

2. որ առանց ֆրանս. կառավարութեան դիմելու, ներկայ քաղաքական պայմաններուն մէջ աննպատակայարմար է ոեւէ կարգադրութիւն ընելու.

3. որ հայ կամատրներու ներկայութիւնը պէտք է նաեւ մեր ժողովուրդի եւ մեր երկրի ապահովութեան տեսակէտէն.

4. որ կամատրական շարժման սկզբնական օրերուն իսկ հասկացողութիւն ունէինք ֆրանս. կառավարութեան հետ եւ թէ այդ խումբերը կորիզը պիտի հանդիսանան ապագայ հայկական բանակին.

5. որ մենք արդէն համաձայնութիւն ունինք, թէ կամաւորները պիտի մնան մինչեւ պատերազմի վերջաւորութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը:

Կառաջարկէ Հայ Ազգ. Պատուիրակութեան միջոցով դիմել ֆրանս. կառավարութեան.

ա. որ Հայկական Լեգէոնի կարգապահութիւնը մինչեւ այսօր գոհացուցիչ է համաձայն իրենց հրամանատարներու եւ այլոց իսկ տուած վկայութեան, եւ, այդ հիմամբ, անոնց հասցէին ուղղուած անկարգապահութեան մեղադրանքները համարել անարդար:

բ. որ Հայկական Լեգէոնը պահուի մինչեւ հաշտութեան վերջնական կնքումը, առանց նոր յանծնառագրի /ռէանկաժըման/.

գ. որ Հայկական Լեգէոնի գինուորներու այն պահանջներուն, որոնց արդարացի ըլլալն արդէն իսկ ընդունուած է ֆրանս. զինուորական պետերու կողմէ, բաւարարութիւն տրոփ:

Այդ պահանջներն են.

1. Բարելաւել Լեգէոնի նիւթական պայմանները, տալով լաւագոյն սնունդ մը եւ ֆրանսական գինուորներու հավասար սօլէր:

2. Կամաւորներու ընտանիքներու նպաստներու եւ թոշակներու յաւելումը համաձայն արդի պայմաններուն:

3. Ծառայութեան ընթացքին տեղի ունեցած արկածներու հետեւանքով ազատ արձակուածներու կենսաթոշակի յատկացումը:

4. Հայկական Լեգէոնի հայ քատրի փոփոխութիւն ա. Հայկական Լեգէոնի հայ քատրի աստիճանական բարձրացումը համաձայն իւրաքանչիւրի ընդունակութիւններուն. բ. Հայկական Լեգէոնի քատրիծհայացումը թացի