Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/442

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բարձրաստիճան հրամանաւոարներէ. գ. Վարչական բաժնին աստիճանական բարձրացումը, դ. Հայ սպաներու դասընթացքներու հաստատումը, ե. Հեծելազօրի եւ ժէնիի գունդերու կազմութեան ծրագրին գործադրութիւնը:

5. Բանակի հրամանատարութեան եւ Պատուիրակութեան միջեւ մշտական կապ հաստատող ներկայացուցչի մը ընդունուիլը:

6. Հայկական Լեգէոնի գունդերը բացառապէս գործածել Կիլիկիոյ եւ կամ հայկական նահանգներու շրջանին մէջ:

7. Ազգային Պատուիրակութեան կողմէ Հայկական Լեգէոնին ուղղուած կոչի մը պաշտօնական ընթերցումը:

8. Եթէ վերոյիշեալ, բարելաւումի վերաբերեալ առաջարկներում մասամբ եւ կամ ամբողջովին գոհացում չտրուի, Ազգ. Պատուիրակութիւնը ջանադիր պիտի ըլլայ պահպանել Հայկական Լեգէոնը, գոնէ մինչեւ ռէանկաժըմանի հարցին լուծումը, իր ներկայ դրութեան մէջ, պարբերական կոչերով, ներկայացուցիչ ուղարկելով եւ նպաստի գումարներով անոնց անմիջական կարիքներում համար:

9. Մինչեւ այղ խնդրել ֆրանս. կառավարութենէն, որ հեռագրական հրահանգով յետաձգէ ռէանկաժըմանի գործադրութիւնը Հայկական Լեգէոնի վերաբերմամբ:


Ռէանկաժըման

Նկատելով Հայկական Լեգէոնի ցրւումի հաւանականութիւնը եւ անկէ առաջ գալիք ծանր հետեւանքները եւ վտանգները, ռէանկաժըմանի առաջարկը սկզբունքով ընդունիլ: Ել այդ հետեւեալ պայմաններով.

1. Ռէանկաժըմանի վերաբերեալ բոլոր բանակցութիւններն ու համաձայնութիւնները պիտի ըլլան Ազգ. Պատուիրակութեան հետ եւ անկէ վերջ միայն պիտի գործադրուին:

2. Իբրեւ հիմունք պիտի ընդունիլ հայկական գունդի ինքնավար կազմակերպութիւնը, կազմելով ատոր համար յատուկ կանոնագիր մը:

3. Ռէանկաժըմանի համար Ազգ. Պատուիրակութիւնն է, որ կոչ կուղղէ հայ զինուորներուն, նախապէս համաձայնելով ֆրանս. կառավարութեան հետ:

4. Բանակցութիւններու ատեն Ազգ. Պատուիրակութիւնն ի նկատի պիտի ունենայ զինուորներու վիրոյիշեալ պահանջներն ու անոնց գոհացում ստանալը:

5. Կիլիկիոյ եւ Սիւրիոյ, ինչպէս նաեւ ուրիշ վայրերու հայերէն զինուոր ըլլալու փափաք ունիցողները անմիջապէս արձանագրել եւ ընդունիլ Հայկական Լեգէոնը ստուարացնելու համար:

6. Հայկական Լեգէոնը սահմանուած պիտի ըլլայ բացառաբար գործածելու Կիլիկիոյ եւ հայկական նահանգներու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համար:

7. Խաղաղ. Վեհաժողովին կողմէն Հայկական Հարցին լուծման եւ կամ Հայկական Լեգէոնի ցրւումի ատեն բոլոր խնդիրները պիտի կարգադրուին ֆրանսական կառավարութեան եւ Ազգ. Պատուիրակութեան փոխադարձ հաւանութեամբ:


Վերջնական կարգադրութիւն

Հակառակ պարագային, եթէ Հայկական Լեգէոնի պահպանման եւ վերարծանագրութեան խնդիրներու վերաբերմամբ համաձայնութիւն չկայանայ եւ եթէ ֆրանս. կառավարութիւնը վճռէ ցրել, Ազգ. Պատուիրակութիւնը կը գիմէ հետեւեալ միջոցներուն.

1. Անմիջապէս քուէարկելու եւ կամ կազմելու է մէկ միլիոն ֆրանքի ֆոնտ մը այդ պարագային ձեռք առնուելիք միջոցներուն յատկացնելու համար: