Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/443

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

2. Ամէն կերպ ջանալ արդէն մարզուած բանակը չցրուել եւ օգտագործել գանոնք հայկական նահանգներու գրաւման եւ ապահովութեան համար, մեծցնելով Միջագետքի հայ կամաւորական խումբերով եւ կամ դնելով Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրութեան տակ:

Տոքթ. Նեւրուգ
Մ. Տամատեան
Ա. Միքայէլեան

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 28, թթ. 1-9: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 28-րդ

28 Մարտ 1919.

ժողովը բացուեցաւ ժամը 5 1/2-ին, Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ, 30 անդամներա ներկայութեան:


ՕՐԱԿԱՐԳ

ա. Ելեւմտից Յանձնաժողովին բերած ծրագրին քննութիւնն ու վաւերացումը

Օրակարգին անցնելէ առաջ կը կարդացուի Ամերիկայի Ազգ. Միութեան նախագահ Պ. Սվազլըի կողմէ տրուած հեռագիր մը, որով կը յայտնէ, թէ ընտրութեանց արդիւնքին վերջին քննութեանց համաձայն, ըստ օրինի ընտրուած են Պ. Պ. Համբարձումեան, Մաթիկեան, Մասեհեան Խան, Տամատեան, իսկ անոնցմէ վերջ առաւելագոյն քուէ ստացած են Պ. Աղաթօն եւ Միքայէլեան: Այս մասին կարծիքներու փոխանակութենէ մը յետոյ, ժողովը կորոշէ պահել նախորդ որոշումը Ամերիկայի պատգամաւորներան մասին եւ բացատրութիւն պահանջել Սըվազլըէն եթէ տեղեկագիրը ուշանայ:

Ելեւմտից Յանձնաժողովին կողմէ Պ. Տէրպէտէրեան կը կարղայ իրենց պատրաստած ծրագիրը եւ կը յայտարարէ, թէ Յանձնախումբին նախկին ծրագիրը կը պարունակէր 25 միլիոնի պիւտճէ մը եւ իբր աղբիւր ցոյց տրուած էր ազգ. փոխառութիւնը: Համաժողովը ընղհանուր տրամաղրոլթեամբ հակառակ արտայայտուելով փոխառութեան գաղափարին, Յանձնաժողովը փոխելով իր առաջարկը, այսօր կառաջարկէ նոփրատոտւթեամբ գոցել իր պիւտճէն:

Թէեւ Յանձնաժողովոյ անդամ՝ բայց Ես միշտ կը մնամ փոխառութեան գաղափարին կուսակից, անշուշտ տգեղ են փոխառութեան տոկոս եւ այլն բառերը, որոնք կապուած են շահախնդրական եւ սեղանաւորական գաղափարներու հետ, շատ աւելի գեղեցիկ եւ վսեմ են մանաւանղ ընղհանուր զոհաբերութեանց այս շրջաններուն նուիրատուութիւն, անձնոլիրութիւն, ազգասիրութիւն եւ այլն, որոնց վրայ կարելի է զգացումը տարբեր է, իրականութիւնը տարբեր: Այժմ ժամանակը չէ դատապարտելու հայ հարուստը եւ ժամավաճառ ըլլալու՜ փնտրելու համար, թէ արդեօք ինչո՞ւ ան նուազ կը զոհաբերէ, քան օտար հարուստը: Մեր առջեւ ունինք անմիջապէս դրամ գտնելու կենսական հարցը:

Պէտք է նկատի ունենանք, որ այսօր միայն արտասահմանի հայութխնը, եւ Պոլիսն ու Իզմիրն է, որ կրնան նուիրատուութեան մասնակցիլ, ըսել է միայն 300.000-է բաղկացած հայութիւն մը, որուն ալ կէսէն աւելին թէեւ համեմատաբար աւելի բարեկեցիկ, բայց նմանապէս զերծ մնացած չէ պատերազմի աւերներէն:

Այդ բուռ մը հայութիւնը արդէն տուած է ոչ նուազ քան 10 միլիոն այս 3-4 տարուոյ շրջանին եւ անոնցմէ գրեթէ իւրաքանչիւրը ցայժմ ալ կը շարունակէ օգնել իր մէկ կարօտ ազգականին, որբին, կամաւորին եւ այլն, սխալ է այժմ 30 միլիոնի նոր