Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/444

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

զոհաբերութիւն մը պահանջել անկէ, եւ կը վախնամ, թէ բացասական արդիւնքի մը յանգելով կրնանք աղիտաբեր ըլլալ ազգին՝ ճակատագրական այս ժամուն:

Տուրք բառն անհասկնալի է ինծի, երբ չյենուր sanction-ի մը վրայ: Կովկաս կարելի եղաւ հարուստներուն վրայ որոշ սակով տուրք դնել եւ մասամբ գանձել, բայց այնտեղ կառավարութեան գործօն աջակցութիւնը կար եւ մինչեւ իսկ բանտարկութեան իրաւունք տրուած էր: Ամերիկայի կամ Եւրոպայի մէջ հանգանակութեան չմասնակցողի մը անունն իսկ կարելի չէ լրագրի մէջ գրել: Բարոյական միջոցներու մասին չեմ խօսիր, որովհետեւ առաջարկուած միջոցներէն ոչ մէկը գործադրելի է իրականապէս եւ շատերն ալ վնասակար են եւ անիրաւ:

Երբ ոեւէ ճնշում չունի իր ետեւը օրինական յենարան կը մնայ անօգուտ, աւելորղ է մենք մեզ խաբելը: Նոփրատոտւթիւնը կամաւոր միայն կրնայ ըլլալ եւ որովհետեւ արդիւնքը ապահով չէ, պէտք չէ իսկ փորձելու համարձակութիւնն ունենալ, եւ վերջապէս պէտք չէ մոռնալ, թէ հայերու քով գտնուած դրամները յառաջիկային պիտի կազմեն ազգ. հարստութեան կորիզը:

Օրինակ մը աւելորղ չըլլար թերեւս. 1916-ին Ռումանիան ներքին փոխառութիւն մը հրապարակ հանեց 6% տոկոսով եւ բրոբականտի բոլոր ձեւերն ալ օգտագործելով հանդերձ 7 միլիոն ժողովուրդէն հազիւ 300 միլիոն կարելի եղաւ հաւաքել. ինչպէ՞ս կարելի է 350 000 հայերէ, որ 20 անգամ նուազ են, 30 միլիոնի նոփրատոտւթիւն պահանջել: Ըստ իս եթէ 30 միլիոնի փոխառութիւնն ալ յաջոդինք, շնորհաւորելի կըլլայ հայութեան մեծ զոհաբերութիւնը, որովհետեւ 5 կամ 6% տոկոսը ոչինչ շահ մըն է ներկայ պարագաներուն:

Ես կառաջարկեմ ուրեմն վերադառնալ փոխառութեան ձեւին. ով որ նուիրել կուզէ ագատ է, բնականաբար, իր պարտատոմսերը մասամբ կամ ամբողջովին ջնջել, պատռել:

Պ. Փափազեան, ընդհակառակը, կը շեշտէ, որ այդ գումարը նուիրատուութեամբ պէտք է ձեռք բերել, ոչ թէ փոխառութեամբ, կեդրոնը կորոշէ իւրաքանչիւր քաղաքի կամ գաղութի վրայ ինկած բաժինը եւ մարդիկ ղրկելով եւ տեղական մարմիններու միջոցով կը գանձէ զանոնք: Ցոյց կու տայ նաեւ, թէ դեղերու հսկայական պէտք կայ, թէ երթալով ամէն տեղ դեղերը կը նուազին եւ կառաջարկէ դեղերու պահեստներ ունենալ զանազան կեդրոններու մէջ:

Երկրագործական գործիքներու եւ որբերուն յատկացուած գումարն ալ շատ քիչ կը գտնայ:

Պ. Մաթիկեան նուիրահաւաքութեան նոյն ձեւին կողմնակից է, առարկելով, որ փոխառութիւնը կառավարութիւն մը կ՚ենթադրէ եւ վստահ է, թէ լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգուի եթէ միջոցներ ձեռք առնուին, ունեւոր դասին ալ իրենց պարտականութիւնը կատարել տալու:

Պր. Թէրզիպաշեան կառաջարկէ քննել խնդիրը այն հիման վրայ, թէ որքա՞ն գումար կարելի պիտի ըլլայ հաւաքել:

Տոքթ. Սայեան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Կովկասի կարօտութեան զարհուրելի վիճակին վրայ, մատնանիշ կընէ, որ այս հանգանակութիւնը նաեւ Կովկասի Հանրապետութեան անունովը պիտի կատարոփ. ուրեմն, կառաջարկէ նոյնքան պիւտճէ մըն ալ յատկացնել Կովկասի մեր եղբայրներուն համար, որոնք 5 տարիէ ի վեր իրենց պարտքը լիուլի կատարած են: Սակայն, միւս կողմէ կառաջարկէ դուրս ձգել հողագործական գործիքներու եւ ներգաղթի վերաբերեալ մասը, որոնք սերտօրէն կապուած են գրաւման, հետեւաբար միացեալ կառավարութեան հետ եւ որոնք Պատուիրակութեան գործունէութեան սահմանէն դուրս կ՛ելլեն:

Տոքթ. Բարսեղեան կը հակառակի ներգաղթի պիւտճէին դուրս ձգուելուն, որովհետեւ գրատւմը ամէն րոպէ կրնայ տեղի ունենալ, գոնէ մասնակիօրէն, եւ գաղթականներուն մեծ մասը կրնայ շուտով վերադառնալ: Իսկ երկրագործական գործիքները բնական բերումով կը յետաձգոփն, որովհետեւ այժմ զանոնք գտնելն ալ,