Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/445

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գնելն ալ, փոխադրելն ալ գրեթէ անկարելի են: Նշանակուած գումարը հաւաքելու համար Տոքթ. Բարսեդեան կառաջարկէ ազգ. տուրքի ձեւը, որ, իր կարծիքով, շատ աւելի մեծ արդիւնքներ կրնայ տալ: Անպարտաճանաչներում պէտք է բարոյական ամէն ճնշում գործադրել:

Պ. Հինդլեան հակառակ է ազգ. պարտադիր տուրքին, որովհետեւ նախ անկարելի է գործադրել չունենալով հարկադրիչ միջոցները, յետոյ մարդոց նիւթական կարողութիւնը ճշդելը բարդ խնդիր մըն է, որով կը մնայ միայն նոփրատոտւթեան ձեւը: Պ. Հինդլեան հակառակ է նաեւ Տոքթ. Բարսեղեանի առաջարկած սանքսիոններուն, որոնք վտանգաւոր կրնան ըլլալ յաճախ հակառակ արդիւնքը տալով: Պր. Հինդլեան կը գտնայ նաեւ, որ Յանձնաժոդովը նկատի չէ առած, դրամի բաշխման մէջ, բոլոր պայմանները, ինչպէս նաեւ կը յայտնէ, որ պատուիրակի մը համար նշանակուած 2000 ֆր. ամսականը բաւարար չէ:

Պ. Թէքէեան կառաջարկէ, որ նկատի ունենալով մեր մեծ պահանջները եւ ժողովուրդին բեռը ծանրացնելու դժուարութիւնները, առայժմ ներգաղթի պիւտճէն չքուէարկուի ինչպէս եւ Կովկասի վերաբերեալ պիւտճէն, որովհետեւ Կովկասի մէջ դրամը չէ, որ կը պակսի, այլ սնունդի նիւթը: Պահանջուած գումարը հայթայթելու համար, Պ. Թէքէեան կատաջարկէ փոխառութեան ձեւը, երաշխիք ցոյց տալով մեր էնտամնիթէն, որովհետեւ ժողովուրդը, նուիրատուութիւննիրով արդէն յոգնած է եւ ազգ. տուրքը ոչ մեծ արդիւնք կու տայ հարկադրելու միջոցներ չունենալնուս համար, ինչպէս Եգիպտոսի օրինակը շատ պարզօրէն ցոյց տուած է:

Պ. Չօպանեան մէկ քանի խօսքով դարձեալ կը նկարագրէ Կովկասի, Ստանայի եւ ամէն տեղ գտնուած հայերու ահաւոր վիճակը եւ կ՚ըսէ, որ յուրաքանչիւր ոք իր գերագոյն գոհողութիւնն է, որ պիտի բերէ եւ պէտք է հասկցնել հարոատներուն, որ այս ազգային հանգանակութեան մասնակցին բոլոր գումարներով: Պէտք է երթալ անձնապէս, հասկցնել, ցնցել, բացատրել ամէն միջոցներով, հարկ եղած գումարները ստանալ, եւ ատոր համար օրինակը նախ Փարիզէն պիտի տրոփ եւ նոյնիսկ այս Համաժողովէն եւ եթէ հարուստներէն մէկը մեծ գումարով մը մասնակցի միաներն ալ կը հետեւին անոր:

Նուիրատուութիւնը չարգիլէր, կըսէ Պ. Չօպանեան, որ քիչ յետոյ ներքին փոխառութիւն ալ կատարենք:

Պ. Միքայէլեան Յանձնաժողովին կատարած բաշխումը արդար չի գտնար. գլխաւոր ծանրությունը աշխատատր դասակարգին վրայ ձգուած է դարձեալ, մինչդեռ մինչեւ հիմա այդ դասակարգն է, որ տարած է զոհողութեան մեծագոյն մասը, հարուստները գրեթէ ոչինչ ըրած են, եւ ինչ որ տուած են ոչ թէ ազգ. իշխանութիւններուն, այլ օտար ընկերութիւններու վստահած են: Արդ, Պ. Սիքայէլեան կառաջարկէ գլխաւոր 3 պարագայ նկատի ունենալ հանգանակութիւններու ատեն բանուոր դասակարգ, հարուստ դասակարգ եւ երկրի ուսրտասահմանի հայութիւն: Միքայէլեան համաձայն չէ նաեւ, որ ներգաղթի պիւտճէն դուրս ձգուի, որովհետեւ 6 ամսուան մէջ ներգաղթը կրնայ սկսիլ, միւս կողմէ հակառակ է ներքին փոխառութեան, որով հազիւ կազմուած միացեալ կառավարութեան վրայ մեծ ծանրութիւն մը դրուած պիտի ըլլար: Կ՚առաջարկէ, որ հանգանակութիւնը կատարուի նախ հարուստներէն սկսելով, մեծ թափով եւ համերաշխաբար: Պ. Միքայէլեան նուիրահաւաքութեան սիսթէմը կրկին կը շեշտէ, յայտնելով, որ դեռ չազատագրուած ազգերը իրենց պարտականութիւնները պիտի կատարեն զուտ գաղափարական հողի վրայ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8-ին, շարունակութիւնը յաջորդին ձգուելով:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 28, թթ. 10-14: Ձեռագիր: Բնագիր: