Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/446

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 29-րդ

29 մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ ժամը 6-ին Վսեմ. Գ. Նորատունիկեանի նախագահութեամբ եւ 32 անդամներու ներկայութեամբ:


Օրակարգ

Ա. Նոր Պատոփրակութեան պիւտճէի քուէարկութիւնը

Բ. Տիրէքթիւներու վերջի մասին քննութիւնը

Վսեմ. Նախագահը պիւտճէի խնդրոյն վրայ այն կարծիքը կը յայտնէ, թէ այդ մեծ գումարները որ 30 երեսուն միլիոնի ֆրանքի կը յանգին՝ միայն նուիրատուութեամբ մեր ազգայիններէ չի կարելի ձեռք բերել եւ պէտք է մտածել ուրիշ միջոցներու վրայ: Օրինակ, կառաջարկէ պօն տը թրէզորներ շրջաբերութեան հանելու եղանակ որոնել սեղանատանց հետ համաձայնութեամբ որոնցմէ կարելի է նաեւ, որ օտարներ ալ գնեն, քանի որ տոկոսաբեր պիտի ըլլան եւ իբր երաշխիք կարելի է մեր ստանալիք էնտամնիթէն ցոյց տալ գլխաւորաբար ու նոյնիսկ Կովկասեան Հանրապետութեան առաջարկ ընել: Ասիկա այն առաւելութիւնը կունենայ նաեւ, որ օտարներում տրուելով չծանրանար հայկական դրամագլուխներում վրայ, եւ չարգիլէր միեւնոյն ժամանակ նուիրահաւաքութիւնն ալ կատարել: Նախագահը կը յաւելէ, թէ կարելի է նաեւ Կարմիր Խաչի վիճակահանութեան տոմսեր ալ հանել: Բայց ասոնք զուտ մասնագիտական խնդիրներ են եւ առաւելապէս Պատուիրակութեան կը պատկանի զբաղիլ անոնցմով: Լաւագոյն միջոցն է հոս միայն ընդհանուր առմամբ պիւտճէին սկզբունքները որոշել եւ խնդիրը ղրկել Պատուիրակութեան, որ, իր, կարգին պէտք եղած ձեռնհաս անձանց հետ բանակցելով, յարմարագոյն ձեւ մը գտնայ այն մեծ գումարները հայթայթելու համար: Պ. Նախագահը կանդրադառնայ նաեւ հայ ունեւոր դասին ցուցած ժլատութեան նկատմամբ եղած մեղադրանքներում եւ կը գտնայ, որ բացասական երեւոյթն է հայու մէկ դրական յատկութեան, այն է խնայասիրութիւն: Շատեր իսկ տուած են յօժարութեամբ վարժարաններու, եկեղեցիներու եւ այլն:

Պ. Համբարձումեան ցոյց տալով, որ նուիրատուութեան ժողովուրդին մէկ մասն է, որ կը մասնակցի, որ նոր նուիրատուութեան մը համար դարձեալ նոյն մասն է, որ կը մասնակցի /աշխատաւոր եւ միջակ դասակարգը/ եւ որ ան չկրնար լեցընել այս մեծ պահանջները, միւս կողմէ ցոյց տալով դարձեալ, որ ւիոխառութիւնները, չունենալով իրենց ետեւը վստահութիւն ներշնչող երաշխիքներ եւ այլն, ազգային տուրքի սիսթէմը լաւագոյն կը գտնայ:

Պ. Համբարձումեան իւրաքանչիւր հայու վրայ միջին հաշուով գումար մը որոշելով ցոյց կու տայ, որ ակնկալուած գումարը շատ դիւրաւ կը գոյանայ: Անսաստներուն համար կառաջարկէ բարոյական պատիժներ, սեւ եւ ճերմակ գիրքերու մէջ պւսրտաճանաչներու եւ անպարտաճանաչներու անուններ հրատարակել, ընկերային յարաբերութիւններէ զրկում, պոյքոթ եւ այլն, հասկցնել նաեւ, թէ հիմա չվճարողները վաղը հայկական կառավարութեան պիտի վճարեն յաւելեալ տուգանք:

Պ. Թէրզիպւսշեան. Այստեղ պէտք է պարզուի տուրքի իրաւաբանական հանգամանքը: Տուրք իւրաքանչիւր քաղաքացին կը վճարէ պետութեան ւիոխարէն այն պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան՝ որ ան կը գտնայ պետութեան կողմէ եւ որուն ծախքերում մասնակցելու կը պարտաւորուի: Քանի որ հայ պետութիւն կազմուած չէ դեռ, արդար չէ տուրք գանձելու ձեռնարկել: Փոխառութեան միջոցն ալ գործնական չեմ գտներ, ըստ որուն կապուած է ֆինանսական եւ մասնագիտական շարք մը բարդութիւններու հետ: Այդ բանը դիւրին կ՚ըլլայ մեր քաղաքական դրութեան ճշդուելէն վերջ, որ եթէ ուշանայ, թերեւս Պատուիրակութիւնը ձեռնարկէ հիմնել հայ ազգային պանքա մը, որ աւելի դիւրին է անշուշտ, քան ւիոխառութիւնը: Բայց սա եւս