Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/447

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մասնագիտական հարց է եւ մենք, փոխանակ վիճելու, լալ կընենք, որ որոշ միջոցներ առաջարկենք Պատոփրակութեան: Բայց մէկ բան, որու մասին մենք այստեղ կտրականապէս կրնանք արտայայտուիլ, ան է, որ մենք պարտաւոր ենք ընթանալ այնպէս. որ ամէն հայ վստահաբար գիտնայ, որ ինք կազմուելիք հայկական պետութեան մէջ պիտի վայելէ այն ամէն ազատութիւնները իւր սեփականութեան մասին, որ տեսած է ուրիշ սահմանադրական ազատ երկիրներու մէջ: Եթէ այս վստահութիւնը չներշնչենք, եթէ թեկուզ փոքր չափով խախտենք այս հաւատքը Հայաստան կը մնայ այն անապատը, ինչ որ է այսօր: Կառաջարկեմ, ուրեմն, մերժել բարոյական ճնշումներու առաջարկը, որն օրէնքով արգիլուած է եւ պարտագրել Պատուիրակութեան, որ ամէնալայն հիմքերու վրայ կազմակերպէ հանգանակութեան դրութեան:[1]

Տ. Համբարձումեան այս կերպ դրամ գանձելու յաջողութեան առաջին պայման կը նկատէ կատարեալ համերաշխութիւնը եւ համաձայնութիւնը:

Պ. Մաթիկեան կը գտնայ, որ նուիրահաւաքութիւնը բաւական արդիւնք դեռ կրնայ տալ եւ կառաջարկէ, սակայն, ազգային տուրքին հետ միասին ընել, ինչ որ Ամերիկա եւ կարգ մը գաղութներ արդէն կ՛ընեն եւ որոնք իրարու արգելք չեն:

Պ. Տամատեան ցոյց տալով, որ մեր կառավարութիւն չունենալը, նիւթապէս վստահութիւն ներշնչող հաւաստիքներ ու հարկադրիչ միջոցներ չունենալը գլխաւորաբար՝ արգելքներ են ազգային տուրքի, ներքին կամ արտաքին փոխառութիւններու, պօն տը թրէգօրի յայտնի յաջողութեան, կեզրակացնէ. «Ընդունելով Յանձնաժողովին բերած նախահաշուի հասոյթներուն գումարը, կ՚առաջարկեմ յանձնարարել Ազգային Պատոփրակութեան, որ անմիջապէս ձեռնարկէ հայ ժողովուրդին մէջ ներքին նուիրահաւաքութեան մը ամէնալայն եւ ամէնաագդեցիկ եղանակներով ու միաժամանակ դիմում ընէ Դաշնակից պիտոլթեանց եւ Միացեալ Նահանգաց, որ նպաստի կարեւոր գումարներով օգնեն հայ ժողովուրդին»:

Ապա ժողովը կը զբաղի ներգաղթի մասին ներկայացուած պիւտճէովը: Պ. Թէքէեան, որուն կը ձայնակցին նաեւ Պ. Պ. Միքայէլեան, Տոքթ. Նեւրուզ եւ այլք, կառաջարկէ, որ 15 միլիոնի պիւաճէն Պատոփրակութեան թոյլ տրոփ նաեւ գործածել ներգաղթի խնդրոյն համար, երբ անմիջական եւ անակնկալ պահանջը ներկայանայ:

Պ. Տամատեան կը գտնայ, որ այդ պարագային Պատոփրակութեան շատ քիչ չափով պիտի կրնայ օգնութեան գալ եւ Եթէ կուզոփ, որ կարենայ գործ մը ընել այդ մասին պիւտճէն աւելցնելու է:

Տոքթ. Նեւրուզ նոյն միտքը կը յայտնէ եւ կ՚առաջարկէ նաեւ աշխատանոցներ եւ այլն բանալու համար դրամագլուխ յատկացնել գաղթականութեան գտնուած կեդրոններոլ մէջ՝ որպէսզի աշխատանք հայթայթուելով ժողովրղեան ապրելու հնարատրութիւն տրոփ: Ապա քուէարկութեամբ յաջորդաբար կընդունուին Տանձնաժողովի հանգանակութեան մասին պատրաստած ուղեգիծը, ապա Պ. Տամատեանի յաւելուածական բանածեւը, յետոյ ներգաղթի համար յատկացուած պիւտճէն, ինչպէս նաեւ Պ. Համբարձումեանի հետեւեալ բանածեւը.

«Ա. Նկատելով, որ նոփրատուութեամբ կարելի չէ վեց ամսուան միջոցին երեսուն /30/ միլիոն ֆրանքի խոշոր գումար մը ձեռք բերել ինչպէս անցեալ փորձերը ցոյց տուած են.

Բ. որ հասարակութեան խոշոր մեծամասնութիւնը, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ պիտի խուսափի իր պարտականութենէն, կառաջարկեմ կիրարկել ազատութեան տուրքի սիսթէմը, բարոյական կարելի ամէն ազդեցութիւն բանեցնելով անպարտաճանաչներուն դէմ»:

  1. Տեքստում այդպես է: Ծանոթ.կազմ.: