Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/448

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վսեմ. Նախագահ. Ուրեմն ժողովը սկզբունքով ընդունեցաւ Յանձնաժողովին բերած ուղեգիծը, ինչպէս եւ միւս առաջարկները, Պատուիրակութեան յանձնելու համար, որ կարենայ այս բանաձեւերու մէջ իւր աշխատանքները վարել:

Պ. Փափազեան խստիւ կը բողոքէ այս որոշմանց դէմ, որ առանց մանրամասն քննութեան ամբողջ պիւտճէ մը կը քուէարկոփ եւ հակասական բանաձեւեր միասին կընդունոփն:

Վսեմ. Նախագահը դիտել կու տայ, որ սկզբունքները միայն քուէարկուեցան եւ ոչ մանրամասնութիւնները:

ժողովը կ՛անցնի տիրէքթիւները պատրաստող Յանձնախումբին բերած նախագծին, որուն վերջին մասը Յանձնաժողովին կողմէ կը կարդայ Պ. Չօպանեան:

Պ. Ահարոնեան ժողովին կը հաղորղէ հետեւեպլ Ձեռագիրը, զոր ստացած է Հայկական Հանրապետութենէն:


Հեռագիր Երեւանի կառավարութենէն

/Փոխանցուած Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ/

25 Մարտ 1919.

Անղրկովկասեան հայ բնակչութիւնը կը գտնուի իսլամական լուրջ վտանգի առջեւ: Թաթար կարեւոր ոյժեր կազմակերպուած թիւրք պաշտօնեաներու կողմէ, Շարուրի, Նախիջեւանի, Սուրմալուի եւ Ղարաբաղի մէջ յայտարարած են Ատրպատականեան ընդհանուր կառավարութիւն զինաթափ ընելէ վերջ տեղական հայ ոյժերը: Կը սպասոփ յառաջիկայ ծանր դէպքերու: Անհրաժիշտ է, որ Դաշնակիցներ, խուսափելու համար նոր արիւն թափելէ, ուժեղ եւ կտրուկ միջոցներով կասեցնեն թաթարները, առաջքն առնելու համար հաւանական կնճռոտութիւններու, որ ճամբաները բանան Թուրքիայէ տեղահանուածներու եւ հաստատեն հայ կառավարութեան համար յարաբերութիւններ:

Տիգրանեան
Նախարար Արտաքին Գործերու

Պ. Ահարոնեան բացատրութիւններ տալէ յետոյ այս հեռագրի մասին, կ՚անդրադառնայ նոր Պատուիրակութեան երկու կողմերուն ամէնասերտ եւ միածոյլ գործակցութեան անհրաժեշւոութեան մասին, քանի որ մեզմէ անկախ եւ դժբախտ պարագաներու բերմամբ դեռ չենք կրցած ունենալ այդ Միացեալ Հայաստանի միացեալ կառավարութիւնը եւ ստիպուած ենք տանիլ Պատուիրակութեան այս երկու կողմերուն գոյութիւնը: Հետեւաբար, կ՚առաջարկէ ընտրել նոր Պատգամաւորութեան իբրեւ անդամ այնպիսի մարդիկ, որոնցմով կարելի ըլլայ իսկապէս յտռաջ բերել այդ սերտ եւ միաձոյլ գործակցութիւնը, եւ կը թելադրէ նաեւ, որ այս ժողովին ընտրուելիք պատոփրակներուն թիլը /31 երեք ըլլայ, հաստատելու եւ կարելի դարձնելու համար իսկ միութեան գաղափարը: Ըսելով, որ այդ Պատուիրակութիւնը կրնայ միշտ օգտուիլ ամէնալայն չափով խորհրդականներէ եւ մասնագէտներէ, կը հերքէ այն կարծիքը, թէ քոմբէթանսներ զետեղելու համար հարկաւոր է հինգ թիլը: Կը շեշտէ, որ քիչ հոգիով աշխատանքը աւելի շատ եւ դիւրին կը կատարուի, ինչպէս նաեւ համաձայնութխն գոյացնել: Պ. Ահարոնեան կառաջարկէ նաեւ բոլորովին վերցնել թրքահայ-ռուսահայ խնդիրներու մէջ տեղի ունենալիք բրեբօնդէրանսի մասը, որովհետեւ այդ դժբախտ բառն արդէն անջատումը կը շեշտէ եւ բոլորովին անհեթեթ է, քանի որ բնականօրէն արդէն իւրաքանչիւր պատգամաւորի կարծիքը գերակշիռ պիտի ըլլայ այն խնդիրներու մէջ, որոնց ան աւելի ծանօթ է. յետոյ ո՞ր հարցը ռուսահայ է եւ ո՞րը թրքահայ, երբ Հայկական Դատը մէկ է միայն: Իրեն իսկ Կովկասեան Հանրապետութեան կողմէ հոս ղրկուելուն գլխաւոր պատճառը եղած է առաւելապէս այն հանգամանքի, որ ինք եղած է թրքահայ դատի գերագոյն պաշտպանը: Պ. Ահարոնեան կը վերջացնէ իր խօսքը,