Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/449

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ըսելով, որ ինք համաձայն է պատրաստուած նախագծին, բայց միայն մատնանշելի ըրաւ այն կէտերը, որ իր արդէն տպած էին:

Պ. Չօպանեան ինքն ալ կը ձայնակցի, որ այս առաջարկը համապատասխան չէ նաեւ իր Յանձնաժողովի անդամներու զգացումներուն: Բայց տօքխման մըն է, զոր դժբախտ իրականութիւնը հարկադրուած է քոմբրոմիսներով ընդունիլ: Պ. Չօպանեան կաւելցնէ նաեւ, որ սա ընդունուած է այն յոյսով, որ շատ կարճ ժամանակի մը համար է եւ թէ կը յուսայ, որ Միացեալ Հայաստանի եւ միացեալ կառավարութեան ստեղծումով պիտի ջնջոփն այս անբաղձալի եւ անբնական դրութիւնը:

Պօղոս Նուպար Փաշա չի ժխտեր, որ ընդունած է տիրէքթիւներու այդ վերջին մասը, յայտարարելով հանդերձ, որ "Mauvais arrangement" (անբաւարար կարգադրութիւն) մըն է եւ զոր ընդունուած է իբրեւ քոմբրոմիս:

Նախագիծին վաւերացումը յաջորդ նիստին յետաձգելով նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/4-ին:

Վսեմ. Պողոս Նուպար Փաշա խոսք կ՚առնէ անձնական մի 24-ի նիստին մէջ Պ. Վարանդեանի ըսած խօսքերուն Կովկասական Հանրապետութեան մասին:

Առ այս Նորին Վսեմութիւնը Դիւանին կը ներկայացնէ հետեւեալ նամակը, որպէսզի իւր դիտողութիւննեիը ատենագրութեանց մէջ անզնին: Ահաւասիկ նամակին թարգմանբւթիւնը, որ ֆրանսերէն գրուած էր:

Փարիզ, 27 Մարտ 1919.

Վսեմափայլ Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեան

Ատենապետ Ազգային համագումարի

Փարիզ

Մեծայարգ Տիար Ատենապետ,

Կրնայ ըլլալ, որ ներկայ չկարենամ գտնուիլ այն նիստին, որուն մէջ պիտի կարդացուի 24 Մարտի նիստին ատենագրութիւնը, հետեւաբար գրաւոր կեպով կը ղրկեմ քեզի այս քանի մը տողերը որոշակի կերպով սահմանելու եւ լրացնելու համար Տ. Վարանդեանի հաւաստումին դէմ իմ տուած պատասխանս:

Ինչպէս որ արդէն յայտնեցի, միշտ զգուշացայ, երբ Կովկասի հետ հաղորդակցիլ անկարելի էր, ըսել ոեւէ խօսք, որ կրնար պարւոատրել Կովկասի Հայկական Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը այն արդար պատճառով, որով կ՛անգիտանայի Հանրապետութեան տեսութիւնները: Եւ Պ. Վարանդեանը միշտ զայս կը մեղադրէր զիս, հաստատելով, թէ մեր Կովկասի հայրենակիցներուն տեսութիւնները ամբողջովին համաձայն էին մերիններուն: Իրեն միշտ պատասխանած էի, թէ այդ էր իմ անկեղծ իղձս ալ, բայց անկարելի էր ինծի համար հաստատել զայն իմ յայտարարութիւններոա եւ պաշտօնական յիշատագիրներուս մէջ մինչեւ որ Հայկական Հանրապետութիւնը ինծի չի հաստատեր զայն: Ես միշտ որոշակի կերպով ըսած եմ իմ յիշատակագիրներուս մէջ, թէ չկրնալով հաղորդակցիլ Կովկասի Հայ. Հանրապետութեան հետ, չէի կրնար անոր անուամբ խօսիլ, թէպէտ մեր սիրիլի իղձն էր իրագործուած տեսնել Կովկասեան հայ գաւառներուն միութիւնը Տաճկահայաստանի գաւառներուն հետ եւ թէ ես ապահով էի թէ մեր Կովկասի եղբայրներն ալ նոյնը կը բաղձային:

Եթէ Տ. Վարանդեանի թելադրութիւններուն տեղի տուած ըլլայի, որ իր Կովկասի հայրենակիցներուն թարգմանը կը հանդիսանար, պէտք էի առաջնորդուիլ այն հրապարակային յայտարարութիւնով, որ ըրած էր անցեալ Օգոստոսին, զինադադարէն շատ քիչ առաջ, Լոնտոն, հացկերոյթի մը մէջ արտասանած ճառին մէջ, զոր թերթերը արտատպեցին եւ որուն մէջ ըսած էր. «Հայերը միշտ անկեղծ կուսակից եղած են ամբողջական Ռուսիոյ եւ միշտ ալ պիտի աշխատին կազմաթեան Ռուսիոյ Ազգերու մեծ Դաշնակցութեան՝ որուն մաս պիտի կազմեն իր զանազան ժողովուրդները, իբր անջատ եւ ինքնավար ազգութիւններ»: