Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/450

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պէտք պիտի ըլլար, ուրեմն, որ յայտարարէի իրեն պէս, թէ Կովկասի Հայկական Հանրապետութիւնը, մեզի հետ միանալ չուզելէ զատ, կը փափաքէր մաս կազմել Ռուսիոյ Ազգերու Դաշնակցութեան:

Ուրախ եմ այսպէս ըրած չընելուս, որովհետեւ հաճութեամբ տեղեկացանք Տիար Ահարոնեանէն, երբ Կովկասի Հայկական Պատուիրակութիւնը Փարիզ հասաւ, թէ իրենց ծրագիրը ամբողջովին համաձայն էր մերինին եւ մեզի պէս իրենց ալ կէտ նպատակին էր իրագործուած տեսնել Ամբողջական Հայաստան մը, Ազգերու Դաշնակցութեան երաշխաւորութեան ներքոյ, աջակցող պետութեան մը, ինչպէս անխոհեմաբար յայտարարած էր Տ. Վարանդեան:

Հաճեցէք ընդունիլ, մեծայարգ Տիար Ատենապետ, խորին յարգանացս հաւաստիքը:

Պօղոս Նուպար

Պ. Վարանդեան այս մասին իւր պատասխանը գրաւոր կը յանձնէ Դիւանին, որ հետեւեալն է.[1]

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 28, թթ.15-23: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 30-րդ

31Մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեամբ, 32 անդամներու ներկայութեան, ժամը 5 1/2-ին:


Օրակարգ

Ա. Տիրէքթիւներու վերջին մասի քննութիւնն ու վաւերացումը

Տոքթ. Սայեան մէկ-երկու օրէն մեկնելու ստիպուած ըլլալուն համար, իր ընտրողներուն կողմէ իր վրայ պարտք դրուած հետեւեալ առաջարկը կը ներկայացնէ.

«Համագումարի Պ. Նախագահին.

Պուլկարահայ պատգամաւորական ժողովի որոշման համաձայն, պարտք կը համարեմ յայտնել, որ հրամայական մանտա ունինք ներկայ ժողովին առաջարկելու հետեւեալը.

«Համագումարը կը ճանչնայ եւ կ՛ընդունի Հայկական Հանրապետութիւնը իբրեւ պետութիւն ամբողջ հայութեան եւ անոր կառավարութիւնը իբրեւ ժամանակաւոր համահայկական կառավարութիւն»:

Պատիւ ունեմ ներկայացնելու այս բանաձեւը, խնդրելով որ քուէարկէք զայն:

Պուլկարահայոց պատգամաւոր
Տոքթ. Սայեան
31 Մարտ 1919, Փարիզ»

Պ. Հինդլեան Տոքթ. Սայեանի գրաւոր այն առաջարկին նկատմամբ, որով կը յայտարարէ, թէ պուլկարահայոց պատգ. ժողովոյ որոշմամբ imperatif mandat ունինք ճանչնալու Երեւանի Հայ Հանրապետութեան կառավարութիւնը որպէս հայկական ընդհանուր կառավարութիւն, ինծի համար պուլկարահայոց պատուիրակութեան Համագումարին մէջ պատասխանատու կը նկատեմ զիս յայտարարելու, թէ ծանօթ չէ նման որոշում մը եւ ո չ իսկ imperatif mandat մը:

Պ. Սայեան յանձն կառնու վաղը գրաւոր ապացոյց բերել ժողովին:

Պ. Չօպանեան, իբրեւ Յանձնախումբին զեկուցանոզը, կը կարդայ տիրէքթիւներու վերջին մասը: Խօսք կը դառնայ նոր Պատուիրակութեան մէջ

  1. Փաստաթուղթը չի հայտնաբերվել: Ծանոթ, կազմ.: