Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/451

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ստեղծուելիք դիւանական մարմինի մը եւ «գործավար»-ի պաշտօնին շուրջ: Պ. Պ. Հինդլեանի, Բրօֆ. Թումայեանի, Բրօֆ. Խաչատուրեանի եւ այլոց կողմէ այդ մասին այն կարծիքները կը յայտնուին, թէ գործավար Դիւանը եւ Պատուիրակութեան ներքին կազմը պարզապէս Պատուիրակութեան պատկանող խնդիրներ են, որով Համագումարը զբաղելու պէտք չունի, թէ գործավար պաշտօնը կրնայ աւելի բարդացնել եւ ծանրացնել խնդիրը, թէ դուրս ձգել պէտք է այդ մասը բոլորովին, թողնելով կարգադրութիւնը նոր Պատուիրակութեան:

Պ. Փափազեան հեղինակը այդ առաջարկին, կը բացատրէ, թէ ինչ կը հասնայ գործավար ըսելով: Դիտուած է, որ Պոլիս, Կովկաս եւ այլուր այս գործերը տնավարի կերպով կ՛ըլլան, դանդաղօրէն ձգձգուելով եւ այլն: Իսկ այն պարագային մանաւանդ, երբ նոր Պատուիրակութեան մէջ երկու կողմ պիտի ըլլայ, այսպիսի մարմինի մը համար գործավարի գոյութիւնը անխուսափելի կը դառնայ գործերը կանոնաւոր եւ արագ ընթանալու համար: Գործավարը պիտի ունենայ իր յատուկ սենեակը, որուն միջոցաւ մշտական հաղորդակցութիւն պիտի մշակեն Պատուիրակութեան երկու կողմերը նպաստելով միացման: Ապա՝ 16 ձայնով այդ մասին դուրս հանուիլը կը քուէարկուի, իսկ Պ. Փափագեանի առաջարկը 7 քուէ կը ստանայ միայն:

Կարճ ժամանակ վիճսյբանութեանց ըլլայ յետոյ Կովկասի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն համար նշանակուած 3 թիլին մասին: Քուէարկոլթեամբ կորոշուի վերցնել 3 թիւը:

Յետոյ ժողովը երկար ատեն կանգ կ՚առնէ տիրէքթիւներու այն պարբերութեան վրայ, որ կը վերաբերի թրքահայ խնդիրներոլ համար Թրքահայ Պատուիրակութեան, իսկ ռուսահայ խնդիրներոլ համար Կովկասի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն ունենալիք գերակշռութեան վրայ:

Երկու գլխաւոր հոսանք կը տեսնուին անոնք որոնք այդ մասին վերնալը կ՛ուզեն եւ անոնք, որոնք՝ պահպանուիլը:

Առաջին կարծիքին կարտայայտուին Պ. Պ. Մաթիկեան, Միքայէլեան, Լետն Շանթ, Վարանդեան, Սայեան Տոքթ. Օհանջանեան, պահանջելով այդ բրէթոնւոէրանսի մասին ամբողջական ջնջումը, պատճառաբանելով, որ այդ յօդուածը կը շեշտէ արդէն իսկ դժբախտ իրականութեան բերմամբ նոր Պատուիրակութեան ստեղծուած մէջի երկու կողմերը եւ բաժանումը, որ դէմ է այն ոգիին միութեան, որ այնքան աշխատանքով Երեւան բերել կը փափաքար որ ավելորդ իսկ է. որովհետեւ ոչինչ ըսւել է եւ ոչինչ կաւելցնէ եղածին վրայ, քանի որ կարելի չէ արդէն որոշել, թէ որ հարցը թրքահայ է, որ հարցը ռուսահայ եւ այլն:

Պ. Օհանջանեան այն միտքը կը յայտնէ, թէ նոր Պատուիրակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող երկու մասերէն առաջինը՝ Կովկասի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ պետական շահերը պաշտպանող մարմինը, եւ պետական սկզբունքը, իսկ երկրորդը՜ այս Համագումարի ընտրած աւելի ազգային եւ բարոյական շահերը պաշտպանող մարմինը:

Իսկ Պ. Միքայէլեան շատ կը պնդէ, որ այս Համագումարը այսպիսի տխուր տօքիւման չձգէ, հակառակ ամբողջ հայկական միութեան ձգտելու ոգիին, եւ հետեւեալ բանաձեւը կառաջարկէ.

«Ես կը պահանջեմ բոլորովին ջնջել Միացեալ Պատուիրակութիւններու խնդրոյն շուրջ եղած այն մասը, որու մէջ ըսուած էր, թէ Արեւմտահայ Պատուիրակութիւնը գերակշռող ձայն ունի արեւմտահայ խնդիրներոլ վերաբերեալ եւ ընդհակառակը: Այս կէտն իր մէջ կը պարունակէ երկու հատուածներու տարբեր գոյութեան իրաւունքը, եւ այդպիսով կը թողնէ պատմական տօքիւման մը, որ իր էութեամբ հակառակ է մեր հիմնական սկզբունքին միացեալ Հայաստանի քաղաքական: Այդ կէտն առաւել եւս անտեղի է, մանաւանդ որ Պատուիրակութիւնները փոխադարձ համաձայնութեամբ պիտի գործեն եւ իբրեւ միացեալ կը հանդիսանան»: