Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/452

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Իսկ Բ. կարծիքէն կարտայայտուին Պ. Պ. Չօպանեան, Տամատեան, Թէրզիպաշեան, Հինդլեան, որոնք իրենք ալ իրենց զգացումներուն համաձայն չեն գտնար այդ բաժանումը, բայց անհրաժեշտ հետեւանքը կը նկատեն ողբալի իրականութեան, այսինքն այն, որ մինչեւ հիմա դեռ կարելի չէ եղած ունենալ արդէն Միացեալ Հայաստանը, իր միացեալ կաոավարութեամբը եւ մէկ պատուիրակութեամբը, որ պարագային խնդրոյ մը շուրջ անհամաձայնութեան ատեն, խնդրին լուծումը մը տալու համար անհրաժեշտ կը դառնայ այսպիսի յօդուած մը: Պ. Տամատեան կը հակառակի Տոքթ. Օհանջանեանի արտայայտած մտքին, որովհետեւ, այդ պարագային, այս ընտրուած համագումարէն պատ. պարզ խրտուիլակի մը ձեւը կ՚առնէ եւ որպէսզի արտայայտման յօդուածին խստութիւնը ւիոխուի կ՚առաջարկէ աւելցնել «անհամաձայնութեան մը պարագային իբրեւ վերջին միջոց» մասը: Պ. Չօպանեան այն յոյսը կը յայտնէ, որ այս յօդուածը շատ կարճ ժամանակի համար պիտի ըլլայ, որովհետեւ բոլորս ալ պիտի աշխատինք ժամ առաջ իրականացնել միացեալ կառավարութիւնը, բայց որ մինչեւ այդ անհրաժեշտ է այդ: Եւ նկատել տալով, որ այս վիճաբանությամբ աւելի խրամատ կը բացոփ անջատման կառաջարկէ ամիջապէս փակել վիճաբանութիւնը:

Քուէարկութեան դրուելով 14 ձայն ստացաւ վերնալու կարծիքը, իսկ 9 ձայն պահելու այդ պարբերութիւնը, որով խնդիրը մնաց անհետեւանք:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 28, թթ. 24-28: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 31-րդ

1 Ապրիլ 1919թ.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ, 30 անդամներու ներկայութեան, ժամը 7-ին:


Օրակարգ

Ա. Տիրէքթիւներու վերջին մասին քննութիւնն ու վաւերացումը

Պ. Թէքէեան թէ իբրեւ յանձնախումբի անդամ եւ թէ իբրեւ ժողովական կառաջարկէ պահել յօդուածը, միայն dccision-ը avis-ի փոխելով:

Տիրէքթիւներու այդ մասը, avis բառովը քուէարկութեան կը դրոփ եւ միայն 16 ձայն կը շահի: Իսկ բոլորովին այդ մասը վերցնելու կարծիքը 11 ձայն կը ստանայ, որով անհետեւանք կը մնայ:

Պ. Հինդլեան կը տեսնայ որ ոչ մէկը, ոչ միաը ունեցաւ 19 քուէ, ըստ Ներքին Կանոնագրի, հետեւաբար միջոց մը կառաջարկէ, այն է արմատապէս բաժանման ջնջումը, այսինքն ալ նկատի չառնել կողմերու բաժանումը եւ Պատուիրակութեան ունենալիք ոեւէ հարց անցընել տալ խառն քուէարկութեամբ:

Պ. Ահարոնեան դիտել կու տայ, որ այս այնպիսի հարց մըն է, որ կը պատկանի Պատուիրակութեան երկու մասերուն ալ, իր անցեալ անգամ այս մասին ըրած ճառէն յետոյ, քանի որ դեռ կուզուի քուէարկութեամբ լուծել: Պ. Ահարոնեան կը յայտարարէ, որ այդ յօդուածը ընդունելի եւ պարտտդրիչ չէ իրեն համար, յօդուած, որ դէմ է Հանրապետութեան իրեն տուած հրահանգներուն, իր սրտին, իր գլխին եւայլն: Խնդրի բաժանում չկայ եւ միայն մէկ դուռ կայ:

Պ. Չօպանեան ցոյց կու տայ, որ ոչ անջատում, ոչ ալ խտրութիւն դնելու խնդիր կայ, այլ դժբախտ իրականութիւնն է, որ մեզ հարկադրած է այդ երկու կողմերն ունենալու, եւ այդ բաժանումը հոս չէ որ եղած է, այլ Կովկաս իսկ, ուր, բնականաբար, կառավարութիւնը առանց թրքահայերու եւ Արեւմտահայ Խորհուրդը առանց ռուսահայերու առանձին նիստեր կը գումարեն եւ նոյնիսկ Կովկասի