Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/458

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 32-րդ

2 Ապրիլ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ, 33 անդամներու ներկայութեան, ժամը 8-ին:


Օրակարգ

Ընտրութիւն նոր Պատուիրակութեան

ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց վեց հոգի ընտրել իբրեւ պատուիրակ:

Ապա կատարուեցաւ գաղտնի քուէարկութիւն, 33 քուէարկուներուն կողմէ:

Հետեւեալ անձինք ստացան հետեւեալ քուէներու թիւը.

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար քուէ 32
Բրօֆ. Աբր. Տէր-Յակոբեան 32
Պ. Գ. Փաստրմաճեան 29
" Նեւրուզ 26
" Ա. Չօպանեան 24
" Վ. Թէքէեան 24
" Թէրզիպաշեան 7
" Մալքոլմ 9
" Վ. Փափազեան 3
" Մասեհեան Խան 3
" Հ. Մոստիչեան 3
" Ամեն. Դուրեան Սրբազան 1
Բրօֆ. Խաչատուրեան 1

Պ. Պ. Գրիգոր Յակոբեան, Տոքթ. Սայեան, Քէլէկեան Խան, Թորոսեան Հայր եւ Տէրվիշեան արդէն իսկ Փարիզէն մեկնելու ստիպուած ըլլալով, իրենց քուէները, ամէնն ալ, Դուրեան Սրբազանին քով թողած էին պահարաններու մէջ, որոնք ժողովին մէջ բացուեցան:

Հետեւաբար, Հայ Ազգ, նոր Պատուիրակութեան անդամ ընտրուեցան Ա. Պօղոս Նուպար Փաշա, Բ. Բրօֆ. Ա. Տէր-Յակոբեան, Գ. Տիար Փաստրմաճեան, Դ. Տոքթ. Նեւրուգ, Ե. Պ. Ա. Չօպանեան, Զ. Պ. Վ. Թէքէեան: ժողովականները ծափահարեցին նոր ընտրուած պատուիրակները:

Նախագահը թարգման կ՚ըլլայ ժողովին արտայայտելով իր խնդակցութիւնը եւ շնորհաւորութիւնը նոր ընտրուած Պատուիրակութեան անդամներում: Այսպիսի ընտրութիւն մը, որ գրեթէ միաձայնութեամբ կատարուած է, կ՚ապացուցէ, թէ համաձայնութիւն, համերաշխութիւն եւ սէր, բարեբախտաբար կը շարունակեն տիրել մեր մէջ եւ այսու ապահովապէս պիտի փոխանցեն նաեւ համօրէն ազգերնուս մէջ եւ յուստնք, որ ազգային Դատը նոր Պատուիրակութեան անխոնջ ջանիւք մեր յաջողութեամբ կը պսակուի ըստ կարելւոյն շուտով եւ անվթար: /ծափահարութիւններ/

Պ. Ֆնտգլեան խօսք կ՚առնէ եւ կ՚ըսէ, թէ ըստ սովորութեան, երբ նոր մարմին մը կ՚ընտրուի, նախորդին շնորհակալութիւն կը յայտնուի եւ կառաջարկէ այդ պարտքը կատարել հին Պատուիրակութեան հանդէպ: Բոլոր ժողովականները կը ձայնակցին Պ. Ֆնտգլեանին եւ ծափահարութիւններով իրենց շնորհակալութիւնները կը յայտնեն հին Պատուիրակութեան, յանձին Պօղոս Նուպար Փաշայի:

Պօղոս Նուպար Փաշա կը յայտնէ, որ զգացուած է այդ համակրական ցոյցէն, թէ ինք իր պատուական ընկերակիցներուն հետ, շատ ծանր րոպէներու մէջ, միայն պարտականութիւնն է, որ կատարած է եւ պիտի շարունակէ դարձեալ իր բոլոր կարելին ընել առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալու համար Հայրենիքին: ժողովը