Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/459

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 33-րդ

3 Ապրիլ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեամբ եւ 28 անդամներու ներկայութեան, ժամը 6-ը քառորդ անցած:


ՕՐԱԿԱՐԳ

Ա. Վնասուց հատուցման խնդրոյն յաւելուածական մասը

Բ. Տրապիզոնի խնդիրը

Պ. Նախագահը ժողովին կը հաղորդէ Վնասուց Հատուցման Յանձնաժողովոյ մէկ աշխատութիւնը, ուր փաստերն ու պատճառաբանութխնները գլխաւորաբար դասատրուած են մեր պահանջի հատուցման համար, ու անմիջական լուծման կը կարօտին:

Կը կարդացոփ նախ յաւելուածը:

Այդ մասին հետեւեալ կարծիքները կը յայտնուին:

Ա. Որ փաստերը բաւականաչափ խտացուած են, բայց խմբագրութիւնը դեռ կոկուելու պէտք ունի, որ թէեւ Գերմանիան պէտք է ուղղակի իբրեւ մեղսակից եւ պարտական բռնել մեր վնասներում եւ հատուցման համար, բայց այդ պէտք չէ, որ թուլացնէ թխրքերուն կատարած ոճիրներն ու պատասխանատոտւթիւնը: Արծարծուեցաւ նաեւ այն միտքը, թէ պէ՞տք է Գերմանիայէն ու զինակիցներէն ալ հատուցում պահանջել: Ոմանք յայտնեցին, որ Գերմանիայէն պէտք է պահանջել նախ անոր համար, որ ան իսկապէս մասնակցած է հայկական աւերներուն եւ յետոյ նաեւ անոր համար, որ Թուրքիա տնտեսապէս այնպիսի խեղճ դրութեան մը մէջ է, որ մեր հատուցումէն գոնէ որոշ մաս մը առնելու յոյս ունենալու համար պէտք է Գերմանիայէն ալ պահանջել, իսկ իր գինակիցներուն խօսքը ընելու չէ, որովհետեւ անոնք գրեթէ մաս չեն ունեցած մեր խնդրոյն մէջ:

ժողովը չափազանց կարեւոր եւ անմիջական լուծման կարօտ նկատելով խնդիրը, որոշեց յանծնել Պատոփրակութեան, որ անմիջապէս զբաղի անով, աշխատակցութեամբ՝ եթէ հարկ ըլլայ, դուրսէն կանչուած իրաւաբաններու, եւ ներկայացնէ ուր որ անկ է:

Պ. Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Յանձնախմբի անդամոց եւ մասնաւորաբար Պ. Թէրզիպաշեանի այս խղճի մտօք կապարուած աշխատութեան համար:

Պ. Չօպանեան տեղեկութիւն կու տայ այն տեսակցութեան վրայ, որ տեղի ունեցած էր Պոնտոսի խնդիրը պաշտպանող յոյներու ներկայացուցչության եւ Համագումարին մէկ քանի անդամներում միջեւ: Պ. Չօպանեան կ՚ըսէ, որ պոնտացիները շատ մը լուծումներ առաջարկած են, բայց իրենց իսկական նպատակը եւ միտքն է ամէն ինչ ընել բացարձակ անկախութիւն ունենալու համար: Յոյները խնդիրը կը ներկայացնեն չորս ձեւի տակ եւ կը քննեն.

Ա. Ամէնէն անփափաքելին, անշուշտ, որ Պոնտոսը դեռ մնայ թխրքերուն տիրապետութեան տակ: