Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/460

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բ. Ամէնէն փափաքելին իրենց կողմէ, որ Պոնտոսը ըլլայ բոլորովին անկախ, ոչ մէկ կապ եւ կախում ունենալով Հայաստանի հետ:

գ. Որ Հայաստանի մաս կազմէ, իբրեւ ներքին ամէնալայն ինքնավարութիւն վայելող երկրամաս:

Դ. Իրենք միշտ կը ծանրանան իրենց բացարձակ անկախութեան ձեւին վրայ, որուն շուրջ կ՛ուզեն համաձայնութեան գալ եւ որուն համար կ՚առաջարկեն շատ մը գոյութիւն ունեցող ձեւեր. օրինակ ունենալ այն յարաբերութիւնը, ինչ որ կայ Անգլիոյ եւ Իրլանտայի միջեւ, կամ Միացեալ Նահանգներու, կամ Զուիցերիայի գանթոններուն եւ այլն:

Պ. Չօպանեան եւ իր ընկերները միշտ կը յայտնեն, որ իրենք չեն կրնար այս խնդրոյն մասին մեմուարին մէջ արտահայտուած կարծքւքներու սահմանէն դուքս ելնել: Ցոյց կու տան անոնց, որ իրենց դատը շատ նոր դատ մըն է, որ կրնայ նկատի չառնուիլ, մինչդեռ հայկականին հետ միանալով կրնայ լաւագոյն լուծում մը ունենալ: Կը մեղադրեն այն պայքարը, որ հայերուն դէմ Ամերիկա եւ այլուր կ՛ընեն, իբր թէ հայերը էմբերիալիսթ ձգտումներ ունին: Կ՛ըսեն, որ բարեկամութեամբ կարգադրուի այս խնդիրը, եւ վերջ տրուի այն անախորժ դիրքին, որ հայերուն դէմ բռնուած է, քանի որ Վէնիզէլոսին իսկ Տրապիզոնը հայերուն տրուելու համար ըրած առաջարկէն յետոյ, հայերն ալ ւիոխարէնը նպաստած են յոյներուն, իբրեւ ազգաբնակչութիւն յայտնելով, որ Թրակիան, Պոլիսը, Պրովասն եւ այլնը իրենց տրուի: Ի վերջոյ, կը յայտնեն, որ այս տեսակցութեան մասին պիտի հաղորդեն այս Համագումարին:

Պ. Չօպանեան իր կողմէ կը յայտնէ, որ տեսակցութիւն մը եւս բալ պիտի ըլլայ մեր դէմ բացուած պայքարին վերջ տալու համար:

Պ. Թէրզիպաշեան կաւելցնէ, որ վերջին պահուն երկու առաջարկ կար. մեր առաջարկը ներքին կուլտուրական օթոնոմի, իսկ իրենցը անկախութխն քանթոնային դրութեամբ:

Մենք ժամանակ առինք այս երկու առաջարկները միացնել աշխատելու համար:

Բրօֆ. Խաչատուրեան ալ կ՚աւելցնէ այն տեղեկութիւնը, որ ըսած են, թէ երբ առանձին էթա մը ըլլան այն ժամանակ ՌիզԷին վրայով անցք մը պիտի տան մեզի Սեւ Շովու վրայ:

Իրենց միտքն է ամէն ինչ ընել անկախ ըլլալու համար, իսկ եթէ չյաջողին միւս կողմէ արդէն պատրաստ ունենան Զուիցերիոյ ձեւովքանթոն մը:

Պ. Հինդլեան կառաջարկէ, որ ժողովը չզբաղի այս խնդրով, որովհետեւ փոլիթիք է այս, եւ այս ժողովը այլեւս անով զբաղելու չէ, քանի որ գրուած է Յիշատակագրին մէջ:

Պ. Մաթիկեան. Հապա կրօնակա՞ն ժողով է այս:

Պ. Հինդլեան. Մեզի համար նշանակութիւն ունեցող խնդիրն էր գիտնալ, թէ իրենք իբրեւ Պոնտոսի ազգաբնակչութիւն բողոքական ի՞նչ բաղձանք ունին: Բայց քանի որ մենք արդէն նախագահ Ուիլսոնի առաջարկած սկզբունքը չենք ընդունիր երկրի մը քաղաքական վիճակը որոշել տեդտյն ազգաբնակչութեան մեծամասնութեանը արտայայտած բաղձանքին համաձայն, եւ քանի որ օթոնոմի բոլոր ցեղերուն ալ պիտի տրուի, Համագումարը ալ ղադրի բանակցութիւնները վարելէ եւ Պատուիրակութիւնը զբաղի անով:

ժողովականներէն շատեր կը մեղադրեն տեսակցութիւն ունեցող անդամները անոր կիսապաշտօնական գոյն մը տուած ըլլալնուն համար, հակառակ ժողովին տուած հրահանգին, որ ան բոլորովին անպաշտօն պիտի ըլլար, եւ «Տրապիզոնը Վէնիզէլոսը մեզի տուաւ» ըսելու սխալը դրրծած ըլլալնուն համար:

Պ. Թէրզիպաշեան շատ կարեւր կը համարէ հարցը եւ կ՚առաջարկէ Պատուիրակութեան վրայ տիրէքթիւններով. տրուած կաշկանդումները այս մասին թակել քիչ մը, որ ան կարելիութիւնը ունենաք գործելու եւ բանակցութիւնները