Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/461

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վարելու: Կը գտնայ, որ Տրապիզոնը մեր կողմէ կառավարելու ձգտիլը եութոբի է, որովհետեւ ան առաւելապէս օտար ցեղերով բնակուած երկիր մըն է եւ պէտք չէ այդ քրիստոնեայ տարրը մեր դէմ հանել, այլ օգտագործելու է իրենց թիւրքերուն հանդէպ ունեցած ատելութիւնը: Ռիզէն եւ Աթենան մերն են, եւ այս խնդիրը բանակցութեան նիւթ չի կրնար ըլլալ:

Պ. Փափազեան կառաջարկէ Պատուիրակութեան տալ մտքեր, որոնցմով ան ազատութիւնը ունենայ բանակցութիւնները վարելու այնպէս մը, որ ապահովէ Սեւ Ծովն անոնց ուզած ատենը մեր առջեւ չգոցելու պայմանը: Ել Պատոփրակութիւնը պետութեանց մօտ մտքերը մշակէ յունական պահանջներու առթիւ, մանաւանդ որ Պ. Փափազեան մը կարծէ, թէ Ամերիկան ընդառաջ պիտի երթայ յունական այս պահանջներուն:

Պ. Միքայէլեան համակարծիք չէ այդ կապերը քակելու Պատուիրակութեան վրայէն, եւ կը պահանջէ, որ տրուած տիրէքթիւներով մեմուարին պահանջները հետապնդէ, որովհետեւ մէկ տեղ դուռ բանալը կրնայ հետը բերել ուրիշ խնդրի առթիւ ալ դուռ բանալու հարցը:

Պ. Տէր-Ստեփանեան կ՚ըսէ, որ մեմուարին մէջ այս խնդիրը ներկւսյացուած ձեւով մենք կը ճանչնանք յոյներուն իրաւունքը Տրապիզոնի վրայ եւ ասիկա օգտակար ալ է Կիլիկիոյ խնդիրը չթուլացնելու տեսակէտէն, այնպէս որ համոզել այդ մարդիկը, որ հայկական էմբերիալիզմ գոյութիւն չունի, ձգել որ աշխատին իրենց անկախութեանը եւ եթէ չյաջողին ըսել. «Ընտրեցէք մեզ կամ թիւրքերը»: Պ. Տէր- Ստեփանեան օթոնոմի եւ այլն բառերուն ալ հակառակ է, որովհետեւ եթէ մէկ ցեղին տրոփ միւսներուն ալ պէտք է տրոփ:

Պ. Մաթիկեան ինչպէս ամբողջ ժողովը, կ՚առաջարկէ, որ Համագումարը չզբաղի այս խնդրով, այլ ձգել Պատուիրակութեան, որ Վէնիզէլոսին հետ բանակցութիւններ վարէ: Պ. Մաթիկեան կ՚ըսէ նաեւ, որ Տրապիզոնը սերտօրէն, տնտեսապէս կախուած է մնացեալ ցամաքային մասէն, եւ եթէ անկախ պետութիւն մը հոն յաջողին ստեղծել, իրենց տնտեսական վիճակը չեն կրնար բարգաւաճել, եթէ Հայաստան չնպաստէ անոնց:

ժողովը կորոշէ, որ քաղաքավարութեան համար, նոյն կողմը անգամ մը Եւս տեսնուի, առաջարկելով վերցնել այդ մեր դէմի պայքարը եւ մնալով միշտ մեմուարի հողին վրայ, յայտնելով նաեւ, որ Պատուիրակութեան հետ կրնան բանակցութիւններ վարել:

ժողովը վերջացաւ ժամը 8-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 30, թթ. 9-13: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 34-րդ

4 Ապրիլ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ, 28 անդամներու ներկայութեան, ժամը 5 ու կէսին:


Օրակարգ

Ա. Միացեալ կառավւսրութիւն մը ստեղծելու համար կազմուած յանձնաժողովին պատրաստած բանաձեւին ընթերցումը /բանաձեւը տե ս ստորեւ/

Կը կարդացուի Պ. Տամատեանի Մարսիլիայէն տուած մէկ հեռագիրը, որով ցաւ կը յայտնէր յանկարծական մեկնումին պատճառով հրաժեշտ տալ չկրնալուն համար: