Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/462

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Դիւանին կողմէ կը հարցուի, թէ նիստերուն արձանագրութիւնները պէ՞տք է անմիջապէս տպագրել տալ: ժողովը յարմար չի տեսներ քաղաքական եւ ներքին ազգ. տեսակէտով, այժմ հրապարակել տեղի ունեցած վիճաբանութիւնները:

Պ. Հինդլեան բոտն կերպով հակառակ է անոր եւ կը պահանջէ, որ ժողովուրղը մանրամասնօրէն տեղեակ ըլլար հոս արտայայտուած բոլոր միտքերուն եւ անցած դարձածին: Թէեւ խնդիրը օրակարգի նիւթ եղած չըլլար, բայց ժողովը հակառակ Պ. Հինդլեանի երկրորդ եւ այս պնգամ ըստ կարգի բողոքին քուէարկութեան յանձնեց, եւ նկատի ունենալով կարգ մը անպատեհութիւնները, 18 ձայնով ընդդէմ 5-ի կ՚որոշէ առայժմ շարունակել նիստերուն արձանագրութիւնները եւ ժողովուրդին հաշիւ տալ միայն Դիւանին ընելիք յայտարարութիւններուն սահմաններուն մէջ: Առ այս Պ. Ատենադպիրը ատենագրութիւններէն քաղուած մը պիտի պատրաստէ, որ նստաշրջանի փակման օրը ժողովոյ մէջ կարդացուելով հրատարակութեան պիտի տրուի:

Յետոյ կը կարղացուի Հալէպէն եկած հետեւեալ գիրը.

«Վսեմաւիայլ Պօղոս Նուպար Փաշա,

Նախագահ Հայկական Պատուիրակութեան ի Փարիզ,

Վսեմաշուք Փաշա,

Եգիպտական «էլ-Մագաթթամ» թերթին մէջ կը հրատարակուէր Ձեր Վսեմութեան մէկ յայտարարութիւնը, որուն մէջ Կիլիկիոյ իբրեւ արեւելեան սահման կը յիշուէին Ամանոս լեռները: Այս թէթէւութեամբ Մարաշի եւ Այնթապի սանճագները եւ Քիլիս դուրս կը ձգուէին Կիլիկիայէն:

1. Նկատելով, որ վերոյիշեալ տեղերը պատմականօրէն եւ ազգագրականօրէն կը պատկանին բուն իսկ Հայկական Կիլիկիային,

2. Նկատելով, որ այս տեղերը ռազմագիտական, առեւտրական, ուսումնական եւ երկրագործական տեսակէտներով առաջնակարգ դիրք մը կը գրաւեն Կիլիկիոյ մէջ,

3. Նկատելով, որ այս վայրերու հայութիւնը վերջին քառորդ դարու ընթացքին իր հարիւր քսան հազար զոհերու արիւնովը նուիրագործած է իր սեփականութեան իրաւունքը,

4. Նկատելով, որ հակառակ թիւրքի սիստեմաթիկ հալածանքներուն ու ջարդերուն, սոյն տեղերը այսօր իսկ կը պարունակեն մօտ վաթսուն հազար վերապրող հայութիւն մը,

Հետեւաբար, վերոյիշեալ վայրերուն Կիլիկիայէն անջատումը պիտի ըլլայ պատմական ամէնամեծ զրկում մը եւ անդարմանելի կորուստ մը Կիլիկիային:

Ըւստի, խուսափելու համար պատմական ամէնամեծ անիրաւութենէ մը եւ անոր աղիտալի հետեւանքներին, եւ խնայելու համար այսքան ստուարաթիւ հայութիւն մը նորանոր տեղափոխութիւններէն, կը խնդրենք, որ անմիջական դիմումներ ընէիք առ որ անկ է, որպէսզի Այնթապի եւ Մարաշի սանճագները եւ Քիլիս եւս մաս կազմէին նորակազմ Կիլիկիային:

Հաճեցէք ընդունիլ խորին յարգանաց հաւաստին Ձեր խոնարհ ծառաներուն:

Ի դիմաց Քիլիսի մասնախմբին, ի դիմաց Մարաշի մասնախմբին, ի դիմաց Այնթապի մասնախմբին:

Ի դիմաց Քիլիսի մասնախմբին
Ատենադպիր Ատենապետ
3. Սալեզեան Սղիկ[1] Եէնի Գոմշեան

Ի դիմաց Մարաշի մասնախմբին
Ատենադպիր Ատենապետ

  1. Տեքստում այդպես է: Ծանոթ.կազմ.: