Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/463

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հ. Քէշիշեան Սահակ Քահանայ

Ի դիմաց Այնթապի մասնախմբին
Ատենադպիր Ատենապետ
Սապչեան Քէնտիրճեան

Հալէպ, 2 Յունուար 1919»:

Պ. Չօպանեան կը կարդայ նոյն ուղղութեամբ ուրիշ գիր մը /տես ստորեւ գիրը/ եւ կ՚առաջարկէ Յիշատակագրին յաւելուածական նօթով մը պատմականապէս մեզի պատկանող հայկական այս շրջանները պահանջել: Առ այս պէտք եղածն արդէն Յիշատակագրին մէջ անցած է:

Պ. Փափազեան խօսք կառնէ հետեւեալ յայտարարութեան համար:

Ապրիլ 1-ին նամակ մը ստացանք մեզ ընտրող մարմնէն «Արեւմտահայ Խորհուրդ»-էն, զոր ստորագրած են անոր 5 անդամները. 1 անդամի կարծիքը առնուած է եւ 2 փոխանդամներէ: Գրուած է Յունուար 28-ին, այսինքն մեր գալէն 19 օր վերջ: Մեր մանտան, որ ներկայացուցած ենք Յանձնաժողովին, կը կրէ Արեւմտեան Բիւրոյի անդամի մը ստորագիրը, որ ստորագրած է եւ այս թուղթը, ինչ որ զարմանք կը պատճառէ մեզ:

Այս նամակով անոնք կը յայտնեն մեգ, որ մենք չենք կրնար իրենց ներկայացուցիչը ըլլալ Եւրոպայի մէջ, այսինքն իրենց մանտան ետ կ՛առնեն: Թողնելով ասոր դրդապատճառներու մէջ մտնելը, որ մարդկային իսկ եւ հայկական բնոյթին մէկ գիծն է, կ՛ուզեմ յայտնել Ձեզ, թէ երբ մեր մանտան հոս կը քննուէր, հակառակ անոր, որ մանտան առարկութիւն չէր վերցներ, Մանտաներու Յանձնաժողովի նախագահին ես յայտնած էի մեր ինչ պարագաներու մէջ ընտրուիլը եւ այն պայքարը, որ կովկասեան թերթերու մէջ մղուեցաւ մեր գալուն դէմ: Մենք ընտրուած ենք անցեալ Յուլիսին Հիւս. Կովկասի մէջ Արեւմտեան Խորհուրդի 6 անդամներու ժողովի մը մէջ, որ ինքն իրեն օրինաւոր յայտարարեց ժամանակի աննորմալ պայմաններուն բերմամբ: Գալով Թիֆլիս, մենք ցանկացանք Արեւմտեան Խորհուրդի մեծամասնութեամբ նիստ մը գումարել նոր որոշում մը տալու այս մասին, որովհետեւ այս պարզ էր, որ թրքահայերէն պէտք էր, որ ներկայացուցիչներ երթային Եւրոպա: Չյաջողեցաւ դժբախտաբար, հայ-վրացական պատերազմի պատճառով, որ փակած էր թէ Երեւանի եւ թէ միւս Կովկասի ճամբաները, չկրցինք գումարել, առաւել եւս, համագումար մը, ինչպէս նաեւ գոնէ քաղաքական կուսակցական ներկայացուցիչներու ժողով մը, որովհետեւ բայց կուսակցական մէ, միւսները ներկայացուցիչ չէին կրնար տալ: Այս պայմաններու մէջ հարկադրուած Եղանք բաւականանալ նախորդ որոշումով եւ մեկնիլ:

Արդ, ժողովուրդին կը մնայ որոշում մը տալ այս մասին, քանի որ մեծ արեւմտ. կուս.-ի[1] անդամներ ըլլալով, այս վայրկեանիս անդամ ենք նաեւ այս Համագումարին, կատարելու համար անոնց որոշումը ներկայացուցիչ չը համարուելու մասին ձեր որոշումը նախ պէտք է: Ընկերս Պ. Թէրզիպաշեանը համամիտ չէր ինծի, այս նամակի մասին խօսք բանալ հոս, բայց ես ուզեցի քոնքրէթ ըլլալ եւ բանալ խնդիրը:

Պ. Թէրգիպաշեան. Ոչ մէկ օրինական նշանակութիւն չտալով այդ նամակին համակարծիք չէի զայն յայտարարելու ժողովին, որովհետեւ այդ փոխանդամ ըսուածները պարզապէս քանտիտաներ են փոխանակելու համար գործող անդամներուն, որոնց ստորագրութիւնը նշանակութիւն չունի, հետեւաբար այդ նամակը օրինական չէ:

  1. Տեքստում այդպես է: Ծանոթ.կազմ.: