Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/464

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Թէքէեան կըսէ, որ Կովկաս ապաստանած թրքահայ փախստականներու պատգամաւորներուն կը մնայ դատել, թէ օրինակա՞ն է այդ նամակը, թէ՞ ոչ, որովհետեւ ժողովը ոչ մէկ դրական տեղեկութիւն ունի խնդիրը քննելու համար:

Պ. Տէր-Ստեփանեան կ՚ըսէ, որ նկատի չենք կրնար առնել այդպիսի գիր մը, քանի որ Մանտաներու Յանձնաժողովը անգամ մը անոնց անդամութիւնը ժողովին վաւերացման առաջարկած է, եւ ժողովն ալ վաւերացուցած է:

Պ. Ֆնտգլեան յիշելով անգլիական բարլամենթին նման պարագաներու մէջ դիտած աւանդական ուղղութիւնը, կ՚եզրակացնէ, թէ ընտրութիւնները վաւերանալէ ետք այս ժողովին մէջ, ոչ մէկ առաջարկութիւն ընտրողներու կողմէ չի կրնար լսուիլ:

Պ. Չօպանեան կառաջարկէ կարեւորութիւն չտալ այս նամակին, մանաւանդ որ Պ. Պ. Փափազեան եւ Թէրզիպաշեան օգտակար գործակցոլթիւն մը ունեցած են Համագումարի աշխատութեանց մէջ:

ժողովը կորոշէ, թէ Պ. Պ. Թէրզիպաշեանի եւ Փաւիազեանի անդամակցութեան խնդիր չկայ եւ անոնք կը մնան միշտ անդամներ:

ժողովը կ՛անցնի օրակարգին:

Պ. Չօպանեան կը կարդայ միացեալ կսաավարութիւն ստեղծելու խնդրոյն մասին պատրաստուած հետեւեալ բանաձեւը.

«Մեծարգոյ Պ. Նախագահ Ազգային Համագումարի,

Միացեալ Հայաստանի միակ կառավարութեան շուտաւիոյթ իրականացման ցանկալի գործին Համագումարի մէկ արարքով նպաստելու մասին խորհրդակցելու համար, կը բերենք հետեւեալ առաջարկը.

Յանձնաժողովը նկատելով, որ ներկայ րոպէին մեծ դժուարութիւններ կան այդ իրականացնելու համար, որոշեց այդ խնդրոյն ուսումնասիրութեան շարունակումը ձգել Համագումարին կազմելիք յանձնաժողովին, որ պիտի զբաղի Հայաստանի ապագայ կազմութեան ուսումնասիրութեամբ: Որոշեց նաեւ առ այժմ շատանալ ուղղելով կոչ մը հայ ժողովրդին միացման անհրաժեշտութիւնը անգամ մը եւս հռչակող, եւ այդ միացումը նախապատրաստող քայլ մ՚առնելով այն եւ հրաւիրել արեւմտահայ բոլոր հատուածները, որ ընտրեն պատգամաւորներ ապագայ համահայկական խորհրդարանին արեւմտահայ մասը կազմելու համար:

Տեղեկաբեր Ա. Չօպանեան
Փարիզ, 3 Ապրիլ 1919»:

Պ. Հինդլեան հարց կու տայ, թէ Յանձնաժողովը գործնական ի՞նչ մոտալիթէ կրնայ ցոյց տալ միացումը յայտարարելու եւ գործադրելու համար:

Պ. Փափազեան կը թուէ այն զանազան եղանակները, որոնք բերուեցան Յանձնաժողովին միացեալ կառավարութիւն մը ստեղծելու համար եւ այն դժուարութիւնները, որոնք առայժմ կը դժուարացնեն անոր իրագործումը: Անշուշտ լաւագոյնն էր, որ թրքահայերը հոն իրենք ալ ունենային իրենց խորհրդարանը եւ ընտրէին նախարարներ իրենց մէջէն, բայց հաղորդակցութեանց այդ դժուարին կացութեան մէջ, ամիսներու խնդիր կը դառնայ եւ միացեալ կառավարութիւնը կը ձգձգուի երկար ատեն, որուն համար Յանձնաժողովը ստիպուեցաւ բերել Պ. Չօպանեանի կարդացած այդ բանաձեւ ը: Ել քանի որ առայժմ չկրցանք իրականացնել միացեալ կառավարությունը լաւագոյնն է հիմակուընէ պատրաստել ընտրութեանց օրինագիծը միւսց. խորհրդարան ստեղծելու, ատկէ յառաջ պիտի գայ նաեւ միացեալ կառավարութիւնը:

Պ. Թէրզիպաշեան կ՚աւելցնէ, թէ միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու դժուարութիւններէն մէկն ալ Հանրապետութեան ներկայացուցիչները այդ մասին մանտա չունենալու մեզի ըրած յայտարարութենէն առաջ եկաւ:

Պ. Օհանջանեան Սխալ է, մենք մանտա ունինք միացեալ Հայաստան ստեղծելու աշխատելու, բայց մենք հոս կառավարութիւն կազմելու դէմ ենք: