Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/465

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Թէրզիպաշեան. Երբ դուք սկզբունքով իրաւասոլթիւն ունէիք միացեալ Հայաստան ստեղծելու ուրեմն միջոցին աոջե՞ւ է. որ կանգ կ՚առնէք, մանտա չունիք յայտարարելով:

Պ. Օհանջանեան. Պէտք չունինք ուսում առնելու Պ. Թէրզիպաշեանէն: Մենք այդպէս ենք հասկցած մեզի տրուած մանտան:

Պ. Հինդլեան կը հարցնէ, թէ Յանձնաժողովին մէջ ի՞նչ եղած է փոքրամասնութեան կարծիքը:

Պ. Փաստրմաճեան. Յանձնաժողովին մէջ երկու գլխատր կարծիք կար. առաջին անմիջապէս գոյացնել կեդրոնական կառավարութիւն, երկրորդ նախ խառն խորհրդարան ստեղծել, ապա կազմել միացեալ կառավարութիւնը: Բայց որպէսզի ժամանակ չկորսաի եւ երբ վաղը միա օր մեր հարցը լուծուի մենք պատրաստ ըլլանք առաջարկ բերուեցաւ հիմակուընէ պատրաստել ընտրական օրինագիծը, ցրուել ամէն տեղ եւ սկսիլ ընտրութեանց: Ասիկա է Յանձնաժողովի 5 անդամներու ընդդէմ 9-ի մեծամասնութեան առաջարկը:

Պ. Չօպանեան. Արդէն այս բանաձեւն իսկ ցոյց կոլ տայ, որ Յանձնաժողովը չէ կրցած գործնական արդիւնքի հասնիլ. այնպէս որ օգտակար չէ վէճը վերսկսիլ: Յանձնաժողովին մէջ աոաջւորկուեցաւ նաեւ այստեղէն քանի մը մարդ ղրկել այնտեղի կառավարութեան մասնակցելու համար եւ որով միացեալ կառավարութիւն կազմուի: Բայց Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն այս մասին մանտա չունենալնուն յայտարարութեան առջեւ խոնարհեցանք: Ասկէ յետոյ էր, որ ընտրական ծրագիր մշակելու կարծիքը եկաւ, փոքրամասնութիւնը նկատեց, որ այժմ ատենը չէ այդպիսի ընտրութեանց սկսելու: Արդ, ձգենք խնդիրը Պատոփրակութեան, որ ան կատարէ այն, ինչ որ Յանձնաժողովը չկրցաւ ընել:

Պ. Թէքէեան. Հայ ժողովուրդին ներկայ թափառական ցանուցիր ու թշուառ վիճակը, գաղութներում ընտրութեան մասնակցելու խնդրին անորոշութիւնը դժուարութիւններ կը նկատէ անմիջապէս միացեալ խորհրդարան մը ստեղծելու համար: Միացեալ Հայաստան ունենալու եւ միացեալ կառավարութիւն մը ստեղծելու համար, միացեալ խորհրդարան կազմելը պայման չէ: Առժամանակեայ կառավարութիւն մը, որուն մէջ արեւմտահայ եւ արեւելահայ մասերը հաւասար մասնակցութիւն մը ունենան պէտք է ստեղծուի եւ կրնայ ստեղծոփլ. պատասխանատու ըլլալով ապագայ խորհրդարանին: Հիմա խորհրդարան ստեղծելու օգուտը կասկածելի է ինծի համար, բայց կառավարութեան մէջ արեւմտահայ հաւասար անդամներու ներկայութիւնը անհրաժեշտ կը նկատեմ առնուազն միութեան գաղափարին իրականացման համար: Ներկայ օրերուն մէջ, երբ ամէն հայու գործակցութիւնը եւ համերաշխութիւնը այնքան անհրաժեշտ է, ընտրութիւնները անտեղի պայքար մը պիտի յառաջ բերեն եւ կրնան բաժնել հայութիւնը: Ասկէ զատ, երբ արեւմտահայոց մէջ նոր ընտրութիւններ պիտի ըլլան, արեւելահայերը իրենց ներկայ բարլամէնթով պիտի մնան, հետեւաբար միատեսակ ընտրութեամբ չէ, որ ընտրուած պիտի ըլլան: Իմ համոզումս այն է, որ այս պայմաններուն մէջ խորհրդարան չենք կրնար ունենալ:

Պ. Համբարձումեան նկատել կու տայ, որ ամէն ոք համաձայն է միացեալ Հայաստան, միացեալ խորհրդարան, միացեալ կառավարութիւն ստեղծելուն եւ ոչ մէկ գլխատր արգելք կը տեսնէ ցոյց տրուածներուն մէջ, իրականացնելու համար այդ մեծ գործը: ժողովուրդին ցիրուցան ըլլալը, Կովկասի խորհրդարանին եւ նոր կազմուելիքին ընտրութեանց տարբերութիւնները եւ այլնը շատ փոքր, ոչինչ արգելքներ են բաղդատմամբ այդ պատմական մեծ աքթին, որ պիտի կատարենք: Ասիկա միեւնոյն ժամանակ շատ պատասխանատու գործ մըն է, որ պէտք է Համաժողովը կատարէ, փոխանակ Պատոփրակութեան ձգելու եւ յետոյ զայն քննադատելու: