Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/466

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Թէրզիպաշեան եա համաձայն չէ անմիջապէս ընտրութեանց սկսելու, որովհետեւ նոր ընտրուած Պատոփրակութեան դիրքը կը խախտի եւ, յետոյ, այսպիսի քայքայուած վիճակի մէջ արդեօք որքա՞ն յարմար է ընտրական պայքար ձգել ժողովուրդին մէջ:

Պ. Շանթ հետեւեալ գլխաւոր միտքը կը շեշտէ, որ ամէն բանէ առաջ, պէտք էր որ ճանչնայինք Կովկասի հայ խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը, յետոյ լրացնէինք, ամբողջացնէինք խորհրդարանը, ուրկէ բղխեր միացեալ կառավարութիւնը: Պ. Շանթ կը պաշտպանէ այն կարծիքը, որ գաղութներու հայութիւնն ալ պէտք է մասնակցի ընտրութեանց երկու պատճառներով, նախ անոր համար, որ Հայ. խորհրդարանը ընտրելու համար մասնակցած են ամբողջ Ռուսաստանի հայերը եւ, յետոյ, անոր համար, որ Հայաստան հայ չկայ եւ գաղութներու հայութեան մեծամասնութխնն է, որ պիտի երթայ գլխաւորաբար երկրի հայութիւնը կազմելու: Պ. Շանթ կը վերջացնէ ըսելով, որ իւրաքանչիւր համագումար պատմական դեր մը ունի կատարելիք: Այս ժողովը այդ դերը կատարած չըլլար եթէ միայն սահմանափակուի Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշայի նախագծած աշխատանքով, այլ ճանչնալ գոյութիւն ունեցող կառավարութիւնը, ամբողջացնել խորհրդարանը եւ ստեղծել միացեալ կառավարութիւնը, որով եւ ստեղծել մէկ ժողովուրդ, մէկ ազգ, մէկ պետութիւն, մէկ կառավարութիւն եւ մէկ խորհրդարան: Այս բոլորը կատարել կրնայինք, բայց չուզեցինք:

Պ. Հինդլեան. Համաձայն չեմ անոնց հետ, որոնք զանազան ձեւերու տակ միացման համար կ՚առաջարկեն նախարարներ նշանակել հոս Փարիզի մէջ ամբողջութեամբ եւ կամ անոնցմէ մէկ քանին Երեւան ղրկելով, այնտեղի կառավարութեան մաս կազմելու համար: Յանձնաժողովի առաջարկը նոր ընտրական կանոնագիր մը մշակելու հոս թուականը ճշդուելէ ետք այս ժողովին, անմիջապէս ընտրութեանց ձեռնարկելու գաղութներու եւ Թրակիոյ զանազան վայրոց մէջ գտնուած հայերու կողմէ Երեւանի բարլամենթին անդամներ տալու համար նոյնպէս բանաւոր չեմ նկատեր: Նոր ընտրութիւններ նշանակելով այս Համագումարը կը հակասէ իր նախորդ որոշման, քանի որ Ազգ. Պատուիրակութիւն ընտրելով այս Համագումարը կը մնայ համարառու անոր նկատմամբ մինչեւ Պատոփրակութեան գործունէութեան վերջը, իսկ նոր ընտրութիւններ նշանակելով մենք քանդած կ՛ըլլանք այս Համագումարը, անոր իրաւասութիւնն ու հեղինակութիւնը մերժած, ու ասով նորընտիր Պատոփրակութիւնը կը դառնայ անպատասխանատու մարմին մը, բան մը, որմէ ամէնքս ալ ուզեցինք խուսափիլ: Եթէ ընտրութիւններ ընելով կը հասկցոփ, թէ այս Համագումարն ալ կը պահէ իր գոյութիւնը, այն ատեն մենք կ՛ունենանք երկու ներկայացուցչական արեւմտահայ ժողով, մին որ Փարիզ է, իսկ մխսը որ Երեւան է եւ բարլամենթին մաս կը կազմէ: Ասով մենք ստեղծած կ՛ըլլանք բազմաիշխանութիւն մը, անիշխանութեան ամէնէն սոսկալին: Չեմ հասկնար նաեւ բարլամենթ մը, որուն մէկ մասը ընտրուած է Հայաստանի քաղաքացիներու կողմէ, ինչ որ է այժմեան Երեւանի բարլամենթը, իսկ միւս մասը գաղութներու կողմէ, որոնք թէեւ Հայ քաղաքացիներ չեն եւ որոնք իրենց ընտրեալներէն 1000 մղոններով հեռու կը մնան: Եթէ Պ. Փաստրմաճեան կը հարցնէր շատ իրաւամբ ասկէ Երեւան ղրկուելիք նախարարներու համար, թէ որո՞ւ պիտի կռթնին անոնք հոն, Ես ալ իմ կողմէս կը հարցնեմ հոս, թէ գաղութներու կողմէ ընտրեալ պատգամաւորները որո՞ւ պիտի կռթնին Երեւանի մէջ: Ասիկա բարլամենթի բարոտի պիտի ըլլայ, իրականութիւնները ֆիքսիոններով չի կարելի կառավարել, եւ ինչ որ ամէնէն վտանգաւորն է, ժողովուրդէն հեռու բոլորովին անջատուած այս բարլամենթը ժողովրդապետութեան արտաքին ձեւի տակ պիտի իրականացնէ ընտրեալներու սանձարձակ համայնական տիրապետբւթիւնը, պարզ oligarchie մը: Հայաստանի մէկ մասին բոլորովին բացառիկ վիճակը, երբ թրքահայութիւնը ցրուած է զանազան գաղութներու եւ Թիւրքիոյ ոչ-հայկական մասերուն մէջ, այնպիսի իրականութիւն մըն է, որ մեզի ցոյց կու տայ արդէն միակ