Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/467

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ճանապարհը, միջոցը եւ եղանակը միացեալ Հայաստանի միացեալ կառավարութեան մը ստեղծման համար: Պէտք են, հետեւաբար, արդիւնաւոր միջոցներ եւ մէթոտներ: Մինչեւ ներգաղթ կատարոփլը, մենք պէտք է առժամանակեայ կառավարութիւն մը ստեղծենք այս Համագումարին եւ Երեւանի բարլամենթին համաձայնութեամբ, հաւասար մասնակցութեամբ, որմէ ետք կը ցրուին թէ այս համագումարը եւ թէ Երեւանի բարլամենթը, ու մինչեւ Constituante-ի հաւաքումը, այս կառավարութիւնը, պատասխանատու ըլլալով Սահմանադիր ժողովին, կը գործէ եւ կը վարէ երկիրը վեհապետական բոլոր իրաւունքներով եւ ամբողջ ազգին վստահութեանը աջակցած ու անոր ամբողջութեանը պատասխանատու: Ասիկա, եթէ կուզէք Directoire մըն է, որ Ֆրանսայի յեղափոխական շրջանին ծագում առած է եւ բոլոր նորակազմ երկիրները այս ճամփով ընթացեր են: Մենք մեր վիճակովը աւելի պէտք ունինք անոր, քան ոեւէ ազգ անցեալին մէջ եւ ներկայի մէջ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 81/շ-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 30, թթ. 14-26: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 35-րդ

5 Ապրիլ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ, 26 անդամներու ներկայութեան, ժամը 5-ին:


ՕՐԱԿԱՐԳ

Միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու հարցի լուրջ վիճաբանութեան շարունակութիւնը Տոքթ. Բարսեղեան կը շեշւոէ, որ բոլորն ալ ընդունին միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու սկզբունքը: Միջոցներուն մէջ է, որ կը տարբերինք եւ երկուք են այդ միջոցները.

Ա. Նախ ընել խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ ապա կազմել միացեալ կառավարութիւն. Բ. Այստեղէն նախարարներ ղրկել Երեւան որպէսզի հոն կազմեն միացեալ կառավարութիւն:

Պ. Բարսեղեան բոլորովին հակառակ է Բ. ձեւին, որովհետեւ չի գիտեր, թէ նախ այստեղէն ղրկուած անձերը պիտի կրնա՞ն գործակցիլ Երեւանի կառավարութեան, քանի որ այնտեղի նախարարները պատասխանատու են Երեւանի խորհրդարանին, մինչդեռ այստեղէն ղրկուածները պատասխանատու պիտի չըլլան: Հոն կայ Երեւանեան կառավարութիւնը եւ մենք այստեղէն չենք կրնար անոր ցրոփլը որոշել եւ պարտաւոր ենք մեր կարգադրութիւնները համաձայնեցնել այնտեղիններուն հետ: Պ. Բարսեղեան կ՚եզրակացնէ, որ անհրաժեշտ է միակ խորհրդարան եւ կառավարութիւն ստեղծել եւ ատոր համար մենք այժմէն պէտք է Երեւանի կառավարութիւնը ճանչնանք իբրեւ ընդհանուր կառավարութիւն, մշակենք ընտրական կանոնագիր եւ սկսինք, եթէ նիւթական կարելիութիւն կայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Պ. Մաթիկեան նախ ցաւով կը մեղադրէ արտասահմանի կարգ մը ղեկավար մարմիններ, որոնք ոչ միայն չճանչցան, այլեւ նախատեցին Կովկասի Հանրապետութիւնը, անոր խորհրդարանը սովետի նմանցնելով: Ապա կառաջարկէ անմիջապէս ընդունիլ այդ կառավարութիւնը իբրեւ համահայկական կառավարութիւն, ձեռնարկել նաեւ խորհրդարանի ամբողջացմանը, որմէ պիտի բխի միացեաւ կառավարութիւնը, այլապէս այսինքն եթէ այս ժողովը չընէ այդ, կըսէ Պ. Մաթիկեան, ժողովուրդը ինքը պիտի երթայ իր ձեռքովը ընելու: Պ. Մաթիկեան կը վերջացնէ իր խօսքը ըսելով, որ իբր պատերազմիկ ճանչցուելու համար մենք ամէն կերպով կը