Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/468

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շահագործենք Կովկասի կռուած ըլլալը, իսկ այժմ ոչ իսկ կուզենք ճանչնալ անոր կառավարութիւնը. իբր թէ վեց դար մեր կրած թրքական կառավարութենէն ալ գէշ ըլլար:

Բրօֆ. Թումայեան դիտել տալով, որ խնդիրը արդէն առաջուց շատ ծեծուած է Յանձնաժողովին մէջ եւ թէ գրեթէ անհնարին եղած է համաձայնութեան գալ, կառաջարկէ վիճաբանութեան փակում:

Պ. Միքայէլեան. Պ. Մաթիկեանի կարծիքները կը պաշտպանէ, որ պէտք է, կըսէ, անմիջապէս ճանչնալ Կովկասի կառավարութիւնը եւ ամէն ոյժով օգնել փարիլ անոր: Արտասահմանի մարմինները շատ մեծ սխալ գործած են առաջին օրէն զայն չճանչնալով եւ ճանչցնելու համար ամէն ինչ չընելով: Եւ ահա առաջ եկած է տուալիզմ, տուալիզմ, որ միշտ գոյութիւն ունեցած է հայկական իրականութեան մէջ եւ որմէ թշնամիներ միշտ օգտուած են: Բայց ա լ ժամանակն է, որ վերացնենք այդ, ճանչնանք Կովկասեան Հանրապետութիւնը իբրեւ կորիզը ապագայ միացեալ կառավարութեան եւ ամէն կերպով նպաստենք անոր: Գալով առաջացուած առարկութխններուն զանոնք կը գտնէ չափազանց երկրորդական եւ լոկ ձեւի խնդիր: Ապագային այս ժողովն ալ պատասխանատու է եւ ան ճանչնալով, ամբողջացնելով, ստեղծելով միացեալ կառավարութիւնը, պատմական մեծ գործ կատարած կըլլայ:

Բրօֆ. Խաչատուրեան կը յայտնէ, որ այն բոլոր հայերը, որոնց իր ճամփորդութեան ընթացքին հանդիպած է, միմիայն կը փափաքին տեսնել Միացեալ Հայաստանի միացեալ կառավարութիւն: Պ. Խաչատուրեան իր տեսակէտները բանաձեւով մը Դիւանին կը յանձնէ:

Պ. Օհանջանեան ցույց կու տայ, որ հայկական գաղութներու մեծամասնութեան համար Միացեալ Հայաստանի միացեալ կառավարութեան խնդիրը էական դարձած է եւ ամէնէն փափաքելին: Այդ խնդիրը երկու գործի կրնայ վերածուիլ: Ա. Գոյութիւն ունեցող Կովկասեան կառավարութիւնը իբր հիմք ընդունիլ: Բ. Այն լրացնելու, ամբողջացնելու աշխատիլ: Ի՞նչ են այս մեծ գործի կատարումին դէմ բերուած փաստերը: Այստեղի ըսուածներուն մասին ես պիտի չխօսիմ, որովհետեւ անոնց մէջ ոչ մէկ լուրջ առարկութիւն տեսայ, բոլորն ալ ձեւական խնդիրներ են: Ես պիտի խօսիմ այն քանի մը փաստերու մասին, որոնք Յանձնաժողովին մէջ արտայայտուեցան: Անոնցմէ առաջինն Պ. Աճէմօֆէ ներշնչուած է եւ որուն համաձայն թրքահայ հարցը ամբողջովին կցելով Ռուսաստանի, վտանգ կը ստեղծուի, որ երբ վաղը այդ հսկայ էմբերալիսթ Ռուսաստանը ինքզինքը վերագտնէ, պիտի ուզէ իր իրատւնքները վերահաստատել Կովկասի վրայ եւ եթէ թրքահայ դատը ռուսահայ դատին կցուած ըլլայ կրնայ վտանգի ենթարկուիլ:

Արդ, իմ կարծիքով, Ռուսաստանը գլխովին քայքայուած է, ան փոշիացած է եւ երբեփցէ ապագայի Ռուսաստանը չի կրնար անցեալի Ռուսաստանն ըլլալ:

Հետեւաբար, ռուսական էմբերիալիզմի այդ վտանգը չկայ: Իսկ եթէ նկատի առնենք նոյնիսկ Ռուսաստանի ամբողջական վերակազմումի անկարելի պարագան, երբ եւրոպական պետութիւններուն շահերը իրեն արգելք չհանդիսանալով Ռուսաստան սկսի գրաւել Կովկասը, այն ատեն ի՞նչ կարետրութխն ունի, թէ թրքահայ հարցը միացած է կամ ոչ Կովկասինին: Ռուսիա կրնայ երթալ եւ ամբողջ Թրքահայաստանն ալ գրաւել: Այնպէս որ միացումը իրաւաբանօրէն վտանգ չի ներկայացներ: Ռուսաստանը, ուրեմն, եթէ վերականգնի պօլշեւիկներու ոյժով անգամ, պոլշեւիկ Ռուսաստանը այդպիսի ոչ մեկ ձգտում ունի: Իսկ գալով ռուսական միւս գլխաւոր հոսանքներուն, անոնք արդէն յայտարարած են, որ զանազան ազգերը պիտի կարենան ինքնավար կառավարութիւններ ստեղծել: Եւ յետոյ, նկատի պէտք է առնել այժմ ազգութիւններու համար գրուած սկզբունքները, Ռփլսոնի վարդապետութիւնը եւ այլն: Հին հասկացողութիւններով չէ, որ հիմա նոր աշխարհ պիտի' կազմոփ, նոր հասկացողութիւններով է, որ հին աշխարհը պիտի վերակազմուի: