Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/469

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ուրիշ առարկութիւն մըն ալ այն է, որ միացումի պարագային թրքահայութիւնը կը հեռացոլի ոուսահայութենէն: Պ. Օհանջանեան բոլորովին անհեթեթ կը գտնէ այս առարկութիւնը եւ կ՚առաջարկէ, որ ամէն հայ իր միտքէն հանէ այդ: Կը մնայ ուրեմն, կը շարունակէ Պ. Օհանջանեան, գործնականապէս եւ անմիջականօրէն միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու դժուարութիւնը: Արդ, եթէ ճանչնանք անմիջապէս Երեւանի կառավարութիւնը ինչպէս որ է, բարոյական մեծ շահ մը ըրած կ՛ըլլանք: Այդ կառավարութիւնը կրնայ, այդ պարագային, բոլոր հայութեան անունով խօսիլ: ՄիութիւՕը Երեւան պիտի գայ, իսկ գործնական ոչ մէկ անյարմարութիւն ծնունդ պիտի չառնէ, մինչեւ որ ընտրական օրինագիծը կազմոփ, միացեալ խորհրդարանը կազմուի գաղութներուն ալ ընտրութեանց մասնակցութեամբ եւ ստեդծուի միացեալ կառավարութիւն: Այն ժամանակ մանտաթէր պետութիւնն ալ երբ գայ չպիտի կարողանայ նախատեսուած շահագործումները իր ուզած չափով իրականացնել:

Պ. Չօպանեան ուժգնօրէն կը շեշտէ այն միտքը, թէ ոչ ոք կրնայ կասկածիլ միացեալ կառավարութիւն մը տեսնելու համար բոլորիս ալ ունեցած ամէնաջերմ փափաքին վրայ: Տարակարծութիւնը պարզապէս քաղաքական համոզումներէ յառաջ կու գայ: Յանձնաժողովին մէջ կատարուած այդ երկար վիճաբանութիւններն ու աշխատանքները ցոյց տոլիէյ, որ անկարելի էր այս մեր բերած բանաձեւէն զատ ուրիշ ելքի մը յանգիլ, ուստի կառաջարկեմ, քանի որ դեռ քննել կ՚ուզուի այս խնդիրը, վաղը ամբողջ կազմով զբաղիլ այս խնդրով:

Պ. Չօպանեան Պոնտոսի խնդրոյն մասին Պոնտոսի յունաց ներկայացուցիչնեիուն հետ միասին խմբագրուած զեկոյց մը կարդաց:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 32, թթ. 1-5: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 36-րդ

7 Ապրիլ 1919.

ժողովը բացուեցաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ, 5 1/2-ին, 26 անդամներու ներկայութեան:


ՕՐԱԿԱՐԳ

Ա. Միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու խնդիրը

Օրակարգի անցնելէ առաջ, կարդացուեցաւ Պոսթոնէն Դաշնակցական Կեդրոնական Կոմիտէէն հասած հեռագիր մը ամերիկահայ պատուիրակներու ընտրութեան վերաբերմամբ, որուն, իբրեւ կարգադրուած խնդիր ժողովը չզբաղեցաւ:

Կը կարդացոփ նաեւ Պ. Մալքոլմի տուած հետեւեալ զեկուցումը Կովկասի սովեալ դրութեան վերաբերմամբ իր կաժւարած դիմումներուն մասին:

Փարիզ, 31 Մարտ 1919.
/Պ. Մալքոլմի անգլերէն զեկոյցի թարգմանութխնը/

«Երկուք ու կէս ամսոյ չափ առաջ տեղեկութիւն տրուեցաւ մեգի, թէ Հայաստան եւ մասնաւորապէս Հայ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ կացութիւնը խռովիչ էր: 1400000 մեր հայրենակիցներէն սովալլուկ վիճակի մէջ էին:

Երկու անպաշտօն մասնաժողովներ յաջորդաբար կարգուեցան մեր Համագումարէն, որոնց անդամ էի, հոգ տանելու այս վիճակին, սակայն Համագումարը այն կարծիքին էր, թէ մասնաժողովը Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշայէն պէտք է ընդունի իր հրահանգները: