Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/470

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այլ եւ այլ պատճառներով երկրորդ մասնաժողովին անդամներէն միայն մէկը եկած ըլլալով Նորին Վսեմութեան խորհուրդին դիմեցի, եւ արդէն քանի մը անգամներ նպաստի եւ օգնութեան համար Դաշնակիցներոլ Գերագոյն ժողովին ներկայացուցիչներուն մօտ գացած ըլլալով, նամակներ գրեցի այդ ժողովին թէ անգլիական եւ թէ ամերիկեան հատուածներուն: Նոյն ատեն իրենց ղրկեցի յուշագիր մը, զոր Պ. Պ. Փաստրմաճեանի եւ Բիրալեանի տուած մանրամասնութեանց վրայ պատրաստած էի: Ասի եղաւ Փետրուար 13-ին:

Այս թուականէն առաջ, իրաւամբ աս տպատրութիւններն ունէինք, թէ ամերիկահայերու Սուրիական Նպաստի Հիմնադրամին եղած հանգանակութիւնը շատ աւելի մեծ էր, քան յետոյ Երեւան եկածը եւ թէ D. Barton-ի նպաստի պատուիրակութիւնը շատ աւելի խոշոր դրամական միջոցներ ունէր իր ձեռքը:

Այսուամենայնիւ, Փետր. 21-ին գրաւոր պատասխան մը առի իմ Փետր. 13-ի նամակիս, որով իմ յուշագիրին մէջ գտնուած քանի մը կէտերուն վրայ աւելի որոշ տեղեկագիր մը կը պահանջէին: Իսկոյն հաղորդակցութեան մտայ Պ. Փաստրմաճեամի եւ Պ. Բիրալեանի հետ: Պ. Փաստրմաճեան քիչ վերջը պարտաւորուեցաւ մեկնիլ: Մարտ 5-ին /12 օր յետոյ/ կրկնակի Պ. Բիրալեանի ուղղակի ու անուղղակի դիմումներ ընելէ վերջ Պ. Ահարոնեանի ստորագրութեամբ տեղեկութիւններ առի, որոնք զգալի տարբերութիւն մը չունէին յուշագրին մէջ գտնուածներէն:

Այս նոր տեղեկութիւններէն յետոյ, նամակներն անձնապէս տարի անգլիական եւ ամերիկեան ներկայացուցիչներուն եւ վերստին նպաստի համար խնդիրք ներկայացուցի, երբ բերանացի խոստումներ ընդունեցայ նպաստաւոր նկատառման:

Երկու օր յետոյ, Մարտ 7-ին, ձեռքով ինծի բերուեցաւ նամակ մը տեղեկացնելով, թէ M. Hoover հատուածին գլխաւորը, հեռագրով հրահանգ ղրկեր էր ամիսը 5000 poco ալիւր ուտեստ ղրկելու Արեւելեան Հայաստանի, ու կարգադրութիւններ ընելու սերմնացուի համար, վերջինը Dr. Barton-ի մասնաժողովին հետ ընկերովի:

Մարտ 13-ին, Հինգշաբթի օրը, պաշտօնական յատուկ պատոփրակութիւն մը, որուն գլուխն էին Captain Tulin եւ Lieutenant Horchow մեկնեցան ղէպի Հայաստան: Իրենց մեկնումէն առաջ տեսակցութիւն մը կարգադրեցի իրենց ու Պ. Ահարոնեանի միջեւ, որ ինչպէս Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշա եւ Նորին Սրբ. Դուրեան հարկ եղած յանձնարարական նամակները տոփն իրենց:

Նպաստի համար ծախսուած դրամի վճարումէն յետոյ պիտի որոշուի եւ կատարուի ապագայ Հայ կառավարութեան, եթէ սակայն Ամերիկա նպաստի հիմնադրամին նոր հանգանակութիւններով չդիմաւորէ այն: Հոն հասած տեղեկութիւնները ասոր նկատմամբ շատ աւելի քաջալերական են:

Սուրիա, Միջագետք, Կիլիկիա ու շրջակաները եւ ուրիշ կողմեր ալ նպաստի գործին համար գոհացուցիչ տեղեկութիւններ կան: Բայց ամէնէն սուր հանգամանքը սովը կը տիրէ Հայ Հանրապետութեան երկիրներում մէջ ինչպէս կ՚երեւայ յետագայ հեռագրին պատճէնէն, զոր ընդունեցայ միջ-դաշնակցային Գերագոյն ժողովէն, Շաբաթ գիշեր, Մարտ 15-ին եւ որ արդէն կարդացուած է Համագումարին առաջ:

«Հաց չկայ ոչ մէկ տեղ: Երեւանի մէջ 45000 հոգի առանց հացի են: Կառավարութիւնը մէկ վտղ մը չունի: Որբանոցներն ու զինոտրները բոլոր Երեւանի մէջ զարհուրելի վիճակի մէջ են: Ոչ մէկ շուն, կատու, ձի, ջորի կամ ուրիշ կենդանի կը գտնուի Իգդիրի շրջանին մէջ: Տեսանք տարագիր կիներ, որոնք իրենց մերկ ձեռքերով սատկած ձիէ մը միս կը փրցնէին ուտելու: Լուր կը տրոփ, թէ օրը 30 հոգի կը մեռնի Աշտարակ, 25 հոգի էջմիածին եւ, անտարակոյս, շատ աւելի Իգդիր ու Սարդարապատ: Երբ շաբաթ մը անցնի 10000 մահ պիտի հաշոտւի: Աստծու սիրուն ւիութացէք: Պաքու ու Պաթում տեղւոյն վրայ բաւական ուտեստ կայ հիմա սովատանջ ժողովուրդին քիչ մը ժամանակ ողջ պահելու: Երկաթուղիները իրենց կրցածը կ՛ընեն