Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/471

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ուտեստ հասցնելու ժողովուրդին: Կը յոաանք այս փոթորիկը անցընել, բայց յոյնը մեր թշնամին է այս պահոա: Մօտ ամէնին մեզի պէտք են պաշտօնեաներ: Հաճեցէք որքան պաշտօնեայ որքան շուտ կրնաք հասցնել: Նաեւ հաճեցէք յիշել, թէ ներկայ ուտեստի ամբարնիս շատ շուտով կը հատնի, ուստի նոր վարկենական ու ստիպողական է»:

Այս հեռագիրը ստանալէս ի վեր երկու դիմումներ ըրի եւ տեսակցեցայ պաշտօնական անձերու հետ, որոնք ըսին, թէ իրենց կրցածը կ՛ընեն ու մեզի պիտի տեղեկացնեն:

Մարտի 24-ին հետեւեալ նամակը ստացայ.

«Սիրելի Պ. Մալքոլմ,

Կը յիշէք, թէ Մարտ 20-ին Պոլիս Պ. Հայնցին հեռագրեցինք առաջարկելով Մօտաւոր Արեւելքի Նպաստի Մասնաժողովին միանալ Քուպանի շրջանէն հագուստ եւ ուտեստ ղրկելու փոխարէն սերմնացու ստանալու պայմանով: Կը ցաւինք ձեզի տեղեկացնելու, թէ Պ. Հայնցէն պատասխան առինք, որով կիմացնէ, թէ իրենց հասած լաւագոյն տեղեկութեանց համեմատ հիմա այլեւս չափազանց ուշ է այս առաջարկուածը գործադրելու, որովհետեւ հաւանօրէն այս եղանակին ցանքին համար ժամանակին չպիտի կրնայ հասնիլ ցորենը: Խորապէս ցաւելով, որ այս նպաստի միջոցին օգնելու մեր անկեղծ ջանքերը ի դերեւ եղան,

Մնամք

Ձերդ ճշմատապէս

Ամերիկեան Նպաստի Վարչութիւն

/ստորագրուած/ E. A. Geden

Մարտ 25-ին վերագրեալ խնդրոյն համար Mr. N. Geden-ը տեսայ եւ զիս վստահեցուց, թէ որեւէ պարագայի ամիսը 5000 poco ուտեստ պիտի ղրկոլի Արեւելեան Հայաստան: Տոյս յայտնեց, թէ սերմնացու եւս պիտի ղրկուի աշնան ցանքին համար, թէպէտ կը ցաւէր, թէ անկարելի գտնուեցաւ գարնանացանքին համար ղրկել:

Գլխաւորելով պարտիմ ըսել, թէ իմ բոլոր դիմումներուն եւ ջանքերուն ընթացքին, երբ պէտք եղաւ կատարեալ օժանդակութիւնը եւ գործակցութիւնը վայելեցի Mr. Arthur Curtes James-ին, Dr. Barton-ին Ամերիկեան Նպաստի Մասնաժողովին Փարիզի ներկայացուցիչէն եւ անկեղծ համալրուած Mr. Geden-Է, Captain Tulin-Է, Mr. Louis Arauss-Է, Փարիզի Ամերիկեան Պատուիրակութեան ուրիշ անդամներէ:

Բոլոր նամակներն ու վաւերաթուղթերը Համագումարի ուզած ատեն կրնանք ներկայացնել:

James Malcolm.

Ծանօթութիւն. Երկու ամիս առաջ հասած Հայ. Ազգ. Պատուիրակութեան ձեռքը գտնուած տեղեկութեան համեմատ պէտք եղած ամբողջ ցորենը կրնայ ստացուիլ Քուպանի շրջանէն, եւ մաս մը արջառ Վրաստանէն ու Հարաւային Ռուսաստանէ կրնայ գնուիլ: Պատրաստ գնուած ցորենը, թեպէտ փոքր է ատոր քանակը, մօտակայ ներքնաշխարհէն կրնայ ղիւրաւ բերուիլ ծովեզերք /Նովոռոսիյսք/ հոնկէ բեռցուելու Պաթում տառապեալ շրջաններուն ամէնէն մօտիկ նաւահանգիստը: Բայց հարկ պիտի ըլլայ ապահովութիւններ տալ Ձօրավար Տէնիքինի, թէ արտահանուած ցորենը չպիտի ղրկուի Վրաստան:

Վերջերս իմացուած գինը ցորենի, որ տառապեալ շրջաններու մէջ կրնայ ձեռք բերուիլ փուտը 150-էն 220 ռուպլի է:

Քուպանի շրջանին մէջ ցորենի գինն է փուտը 25-էն 30 ռուպլի: Մէկ փուտը 36 լիպրա է:

Բաշխումը ամիսը 1 1/2 փուտ կը հաշոտւի մարդ գլուխ:

Այդ շրջաններուն մէջ ցորենի հունձքն է 7-9 պատիկ:

Հայ. Ազգ. Պատոփրակութիւնը պատրաստակամ է ղրկել վստահելի ու ձեռնհաս անձեր, որ օգնեն պարենի գնումին ու բաշխումիս մէջ: